Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ՝ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱՒԷՐԸ

May 15, 2024
in Հայաստան, Միջազգային
0
ԴԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ՝ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱՒԷՐԸ

Աշխատանքային այցով Դանիոյ Թագաւորութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսենի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Դանիա բազմոլորտ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Մեթթէ Ֆրետերիքսընը ողջունած է Հայաստանի վարչապետին այցը Քոփընհակըն եւ ընդգծած է իր գլխաւորած կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ զարգացնելու եւ ընդլայնելու փոխգործակցութիւնը Հայաստանի հետ:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ կարեւորած է կապերու զարգացման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Միտքեր փոխանակուած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ։ Կարեւորուած է նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ շարունակական համագործակցութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան զրուցակցին ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը: Տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման առումով վարչապետը անդրադարձած է Հայաստանի կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան շուրջ:

Նիկոլ Փաշինեան Դանիոյ վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսընը պաշտօնական այցով հրաւիրած է Հայաստան: Տիկին Ֆրետերիքսընը հրաւէրը սիրով ընդունած է:

Share61Tweet38
Previous Post

ՌԱՍՄՈՒՍԵՆԸ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ»  Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.