Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

May 15, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ»  Կ՛ԸՍԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ՛ընդգծէ, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ-բռնի, թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ ժողովրդավարութիւնը Հայաստանի մէջ իսկապէս իրականութիւն դարձած է։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս մասին ըսած է՝ ելոյթ ունենալով «Քոփընհակընի ժողովրդավարութեան գագաթաժողովին» եւ մասնակցելով  «Առաջնագիծէն. Հայաստանի ժողովրդավարութեան պաշտպանութիւնը» («From the frontline: Armenia’s defence of democracy») թեմայով քննարկման:

Վարչապետը իր ելոյթին մէջ լաւ նորութիւն համարեց այն, որ ժողովրդավարութիւնը իսկապէս իրականութիւն դարձած է Հայաստանի մէջ:

«Բայց ի՞նչ փոխուած է Հայաստանի քաղաքացիներուն համար իրական ժողովրդավարութեամբ։ Մինչեւ 2018 թուականի Թաւշեայ յեղափոխութիւնը մեր երկրին մէջ զանգուածային ընտրակեղծիքներն էին ընտրութիւններու սովորական ուղեկիցը։

Քաղաքացիներու շրջանակին մէջ վստահութիւն չկար, որ անոնց համար խորհրդարան եւ կառավարութիւն ընտրելու եւ ձեւաւորելու իրական հնարաւորութիւն կայ։ Այժմ իրավիճակը բոլորովին այլ է: Քաղաքացիները գիտեն, որ իրենք բաւականաչափ հզօր են որոշելու համար»,- ըսաւ վարչապետը՝ յաւելելով, որ 2018 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութենէն յետոյ Հայաստանի մէջ կայացուած երկու համընդհանուր ընտրութիւնները թէ՛ հայ հասարակութեան, թէ՛ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած են ժողովրդավարական, ազատ եւ մրցակցային։

Ան նշեց, որ Հայաստանը հսկայական յառաջընթաց արձանագրած է ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման գործին մէջ, ինչ որ շատ լաւ արտացոլուած է տարբեր հեղինակաւոր միջազգային կառոյցներու ժողովրդավարութեան ցուցանիշերուն մէջ:

«Այժմ մենք 43-րդն ենք «Լրագրողներ առանց սահմաններու» խօսքի ազատութեան ցուցակին մէջ՝ 2017 թուականի 79-րդ տեղին համեմատ:

Freedom House-ի կողմէ 2017 թուականին դասակարգուած ըլլալով որպէս մասամբ ազատ համացանց ունեցող երկիր՝ այժմ մենք կը վայելենք ազատ համացանց ունեցող երկրի կարգավիճակը: «Թրանսփարէնսի Ինթըրնեշընլ» փտածութեան ընկալման ցուցակին մէջ Հայաստանը այժմ 62-րդ տեղն է՝ 2017 թուականի 107-րդին փոխարէն: Economist Intelligence Unit Democracy Index-ին մէջ այժմ մենք 84-րդն ենք՝ 2017-ի 111-ին համեմատ»,- ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան։

Share61Tweet38
Previous Post

ԴԱՆԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ՝ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱՒԷՐԸ

Next Post

ՊԵԼՃԻՔԱՆ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ՝ ԱԼՄԱԹԻԻ ՄԷՋՄ ԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Next Post
ՊԵԼՃԻՔԱՆ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ՝ ԱԼՄԱԹԻԻ ՄԷՋՄ ԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՊԵԼՃԻՔԱՆ ՈՂՋՈՒՆԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ՝ ԱԼՄԱԹԻԻ ՄԷՋՄ ԿԱՅԱՑՈՒԱԾ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.