Միջազգային արդարադատութեան դատարանը յայտարարեց, թէ Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն ժողով պիտի գումարէ եւ պիտի պահանջէ Իսրայէլէն դադրեցնել մարտական գործողութիւնները հարաւային Կազայի Ռաֆահ քաղաքին մէջ: Դատարանը Հինգշաբթի օր մտիկ պիտի ընէ Հարաւային Ափրիկէի փաստաբանին, իսկ Ուրբաթ օր՝ Իսրայէլի փաստաբանին: