Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՌԱՖԱՀԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

May 14, 2024
in Միջազգային
0
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՌԱՖԱՀԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

 

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Անթոնի Պլինքըն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ընդգծեց Ռաֆահի մէջ իսրայէլեան գործողութիւն իրականացնելու ամերիկեան ընդդիմութիւնը, միաժամանակ յանձնառութիւն յայտնելով Համասը պարտութեան մատնելու մտադրութեան: Պլինքըն շեշտեց պաղեստինցի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը, պահանջելով երաշխաւորել մարդասիրական օգնութեան փոխանցումը Կազայի մէջ պաշարուած ժողովուրդին:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու միւս կողմէ շեշտեց Համասը պարտութեան մատնելու անհրաժեշտութիւնը, խոստանալով պաղեստինեան նշեալ շարժումը շարունակաբար ուժգին հարուածել: «Ջանք պիտի չխնայենք տուն վերադարձնելու մեր գերիները», ըսաւ վարչապետը՝ պատասխանելով գերիներուն տունդարձը պահանջող իսրայէլացի ցուցարարներու հարցադրումներուն: «Պէտք է նախ կործանենք Համասը, ապա սկսինք խօսիլ պատերազմին յաջորդող օրերու դրութեան մասին: Մենք այսօր կը դիմագրաւենք այնպիսի մարտահրաւէրներ, որ երբեք չեն դիմագրաւած արդի բանակները: Պէտք է մենք մեզ պաշտպանենք, առանց ամերիկացիներէն եւ ուրիշներէ օգնութիւն հայցելու», ըսաւ Նեթանիահու:

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ

Next Post

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԻՒՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.