Սարդարապատէն մինչեւ Արմաւիր
Երեւանէն 48 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Հայաստանի համեմատաբար երիտասարդ քաղաքներէն մէկը՝ Արմավիրը: Հոկտեմբերեանի շրջանի նախկին կեդրոնը 1995-ին ստացած է քաղաքի կարգավիճակ ու դարձած է Արմաւիրի մարզային կեդրոնը:
Քաղաքը նախապէս ունեցած է Սարդարաբատ, Սարդարապատ, Հոկտեմբերեան անուանումները։ Սարդարապատը Հոկտեմբերեան վերանուանուած է 1935-ին ի պատիւ Հոկտեմբերեան Մեծ Յեղափոխութեան, իսկ 1990 թուականէն վերանուանուած է Արմաւիր։
Երեւանի խաներուն կողմէ այստեղ կառուցուած է Սարդարապատ բերդը, որ հանդիսացած է Երեւանի խանութեան Սարդարապատի մահալի գլխաւոր ամրոց-կեդրոնը՝ Երեւանէն յետոյ ըլլալով երկրորդ ամուր բերդը։ Արեւելեան Հայաստանը պարսկական լուծէն ազատագրուելէ յետոյ՝ 1827 թուականին, ռուսական զօրքերը գրաւած են զայն, որմէ յետոյ բերդը վերացուած է։
Մինչեւ Արեւելեան Հայաստանի՝ Պարսկական տիրապետութենէն դուրս գալը, մարզի տարածքին մէջ բնակած են մեծ քանակութեամբ թուրքեր եւ պարսիկներ, որոնք 1827 թուականին հեռացած են այստեղէն։ 1828-1829 թուականներուն տարածքը վերաբնակեցուած է Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Պարսկահայաստանէն գաղթած բնակիչներով։
Քաղաքին արդիւնաբերութիւնը
Արմավիրը ունի զարգացած արդիւնաբերութիւն, որուն մէջ մեծ տեսակարար կշիռ ունին գիղատնտեսական արդիւնաբերական համալիրի ձեռնարկութիւնները։ Քաղաքին մէջ կայ խորդենիի վերամշակման գործարան, որ միակն է Հայաստանի մէջ։ Այստեղ կան նաեւ պահածոներու, գինիի եւ քոնեակի գործարաններ։ Կ՛ըսեն, որ իւրայատուկ է յատկապէս Արմաւիրի մէջ արտադրուող վերմուտ տեսակի գինին:
Ո՞ւր երթալ Արմաւիրի մէջ
Արմաւիրի այցելուներուն համար նորութիւն չէ Սարդարապատ յուշահամալիրը իր թանգարանով՝ նուիրուած 1918 թուականի 22-28 Մայիսին Սարդարապատի մէջ թուրք զաւթիչներու դէմ մղուած պատմական հերոսամարտին:
Արմաւիրցիները, սակայն, կը վստահեցնեն, որ քաղաքին մէջ այլ հետաքրքրրական վայրեր եւս կան: Զբօսաշրջիկներուն այստեղ խորհուրդ կու տան ըլլալ քաղաքի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ, ուր, ինչպէս տեղաբնակները կ՛ըսեն, թթուածինի մեծ պաշար կը ստանան: Այգիին մօտ կը գտնուի 2014-ին բացուած Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցին: Յարակից տարածքին մէջ շատ են սրճարանները: Քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ կը գտնուի Մշակոյթի տունը, ուր ժամանակ առ ժամանակ ներկայացումներ ու համերգներ կը կազմակերպուին:
Սակայն, ամենահետաքրքրական վայրերէն մէկուն մասին չեն գիտեր նոյնիսկ շատ տեղաբնակներ: Արմաւիրի կեդրրոնին՝ նախկին մարզադաշտին մօտ կը գտնուի կենդանաբուսաբանական այգին:
Այգիի այցելուներուն «կը դիմաւորեն» սիրամարգերը, փասիանները, տարբեր տեսակի ու գոյներու թռչունները, կապիկները, արջերը, առիւծները: Կենդանիներուն հետ շփուելէ բացի՝ այցելուները կրնան վայելել իրենց հանգիստը քանի մը հարիւր հեկտար կանաչ տարածքին մէջ՝ հազուագիւտ տեսակի բոյսերու եւ ծառերու կողքին:
Տարածքը ոչ միայն որպէս կենդանաբանական այգի կը ծառայէ, այլեւ կենդանիներու պաշտպանութեան կեդրոն. հիմնադիրը այստեղ կը բերէ վիրաւոր թռչուններու եւ կենդանիներու, կը խնամէ ու կը բուժէ զանոնք:
Ո՞ւր եւ ի՞նչ ուտել Արմաւիրի մէջ
Քաղաքի մուտքին մօտ՝ Կարմիր կամուրջի հարեւանութեամբ զբօսաշրջիկները կրնան կանգ առնել ու հանգստանալ «Կարմիր կամուրջ» համալիրին մէջ:
Բացօթեայ տաղաւարներուն եւ առանձնացուած սենեակներու մէջ այցելուները կրնան վայելել հայկական խոհանոցի տարբեր ճաշատեսակներ:
Քաղաքին մէջ շատ են նաեւ արագ սնունդի կէտերը, սրճարաններն ու պանդոկ-ճաշարանները: Յատկապէս խաշի սիրահարները այստեղ չեն ձանձրանար. ճիշդ քաղաքի կեդրոնին անոնք կրնան գտնել քանի մը պանդոկ, ուր այցելուներուն կ՛առաջարկեն աւանդական հայկական խաշ՝ Արմաւիրի տնական օղիով ու թթուով:
Արմաւիրցիները կը դժուարանան խօսիլ իրենց բնորոշ խոհանոցային իւրայատկութիւններուն մասին, ճաշատեսակներէն կյառանձնացնեն «գիւղական ապուրները»՝ լոբախաշուն, աւելուկով ու ոսպով ապուրները, որոնց պատրաստման ու ճաշակելու ընթացքը, կ՛ըսեն, շատ գերդաստաններու մէջ յատուկ ծէսի կը վերածուի: Լուբիայով ու աւելուկով ապուրի մատուցումը, օրինակ, նման է խաշի մատուցման՝ լաւաշով, սխտորով ու օղիով, որմէ յետոյ ալ մսային որեւէ ճաշատեսակ կը «պահանջուի»:
Արմաւիրցիները իրար հերթ չտալով կը խօսին օղիի ու գինիի տեսակներու մասին, յետոյ կը նկատեն, որ իւրաքանչիւրի մառանին մէջ անփոխարինելի տեղ կը զբաղեցնէ ծիրանի օղին, որուն համն ու հոտը անհնար է մոռնալ:
Հիւրերը «համեղ» դիմաւորելու ու ճանապարհելու աւանդոյթի մասին
Ըստ արմաւիրցիներու, քաղաքը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր հանգստութեամբ, բարի ու խաղաղ բնակիչներով, որոնք զբաղուած են իրենց առօրեայ հոգերով ու աշխատանքով:
Խօսելով աւանդոյթներուն մասին՝ անոնք կը նշեն, որ արմաւիրցիները հիւրասէր մարդիկ են ու կը սիրեն իրենց հիւրերը «համեղ» դիմաւորել ու ճանապարհել:
Շատեր կը խօսին իր հարազատ քաղաքին կոկիկ ըլլալուն մասին: Խօսելով ժամանցի վայրերու բացակայութեան մասին՝ անոնք կը նկատեն, որ երիտասարդներուն համար ատիկա մեծ խնդիր չէ, քանի որ շատերը օրուան մեծ մասը կ՛անցընեն Երեւանի մէջ՝ այնտեղ յաճախելով շարժասրահ, թատրոն ու մշակութային այլ վայրեր:
«Mediamax»
(2015)