ԼԻԲԱՆԱՆ
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԱՊԱՀՈՎԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
Լիբանանի աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մոսթաֆա Պայրամ յայտարարեց, թէ Ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամը պիտի վերադառնայ իր տնտեսական տագնապէն առաջուան վիճակին աստիճանական քայլերով: Առաջին քայլը պիտի ըլլայ դեղերու օժանդակութեան վերադարձը, իսկ անոր պիտի յաջորդէ ընդհանուր դարմանումի վճարումի վերադարձը միջին ապագային:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ
ԱՐՑԱԽ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ
Թէեւ ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը որոշում կայացուց Արցախի ժողովուրդին իրաւունք տալու վերադառնալու իր հայրենիքը, ապրելու արժանապատուութեամբ, սակայն անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ Ատրպէյճանի նման ցեղային զտում կատարող պետութեան մը մէջ իրենք պիտի չունենան արժանապատիւ քաղաքացիի իրաւունքը: Այդ է պատճառը որ առժամաբար անոնք մնան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Միայն ընտանիքներ որոնք ազգականներ ունէին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կրցան ապահովել իրենց ապրուստը: Մնացեալ ընտանիքները կը դիմագրաւեն դժուարութիւն: Այս է մարտահրաւէրը, որ պէտք է ազգովին դիմագրաւենք ու արցախցին պահենք Հայաստանի հողին վրայ, յոյսը պահելով վերադարձին:
Վրաստանի Ուղղափառ եկեղեցին յանդուգն քայլով մը իր նեցուկը յայտնեց իշխող կուսակցութեան քայլին, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւնները որոնց պիւտճէի 20 առ հարիւրէն աւելին կը տրամադրուի օտար երկիրներու կողմէ համարել օտար կազմակերպութիւններ: Այս քայլին դէմ են ընդդիմադիր կուսակցութիւնը եւ նախագահ Զուրապիշվիլին: Անոնք կը պաշտպանեն Եւրոպային միանալու թեզը իր բոլոր պայմաններով:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷ
Կազայի մէջ սկսած պատերազմը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքին վրայ քաղաքապետական ընտրութիւններու ընթացքին: Նոր կազմուած իսլամական թեքումով կուսակցութիւն մը սիրաշահեցաւ Իսրայէլի հանդէպ աւելի կարծր քաղաքականութիւն պահանջող իսլամական զանգուածը Թուրքիոյ մէջ: Էրտողանի քաղաքականութիւնը մեղմ համարուեցաւ այս զանգուածին կողմէ: Տնտեսական տագնապն ալ բարձր սղաճին պատճառով իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ նախագահի կուսակցութեան արձանագրած արդիւնքին վրայ:
Երեսուն տարի առաջ Հարաւային Ափրիկէ դարձուց ցեղային խտրութեան համակարգի էջը ու դարձաւ հաւասարութեան երկիր մը իր բոլոր քաղաքացիներուն համար: 1600-ական թուականներէն սկսեալ սեւամորթ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ կեղեքումի: Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը դարձաւ անարդարութեան զոհ ժողովուրդներու պաշտպան: Ան պաշտպանեց անարդարութեան զոհ պաղեստինցի ժողովուրդը՝ դատ բանալով Իսրայէլի ցեղապաշտ պետութեան դէմ:
ԵՒՐՈՊԱ
ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐ
Ուքրանիոյ մէջ սկսած պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ուքրանիոյ պարտամուրհակներ ունեցող պարտատէրեր յետաձգեցին իրենց պահանջը ստանալու իրենց իրաւունքը: Սակայն, ներկայիս անոնք սկսած են պահանջել իրենց իրաւունքը որպէս պարտատէր: 2025 տարուան սկիզբը ճշդած են առաջին վճարումի պայմանաժամ: Հակառակ պարագային, Ուքրանիա պիտի ճանչցուի որպէս սնանկացած պետութիւն իր բոլոր ժխտական հետեւանքներով: 500 միլիոն ԱՄՆ տոլար այդ պարտքին տարեկան տոկոսն է: Այս գումարը պիտի յոգնեցնէ արդէն ծանր վիճակի մէջ գտնուող երկրին տնտեսութիւնը:
Բնական կազ արտադրող ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը արձանագրեց իր առաջին վնասը 1990-ական թուականներէն ի վեր: Արեւմտեան պատժամիջոցները հիմնական պատճառն են այդ վնասին: 2023 թուականին ընկերութեան վնասը 629 միլիառ ռուպլի էր կամ 6,7 միլիառ ԱՄՆ տոլար: Այս պատճառով, ընկերութեան բաժնետոմսերու գինը նուազեցաւ 4 առ հարիւր համեմատութեամբ:
Մօտ օրէն տեղի պիտի ունենան Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւնները: Ըստ նախնական տուեալներու, հետեւեալն է շահուելիք աթոռներուն թիւը գալիք խորհրդարանին մէջ: Ժողովրդային խմբաւորումը (EPP), որ աջ կեդրոն խմբաւորում է, պիտի շահի 173 աթոռ, Ընկերվարականները (S&D) պիտի շահին 146 աթոռ, Ծայրագոյն աջը (ID) պիտի շահի 84 աթոռ, Պահպանողականները (ECR) պիտի շահին 74 աթոռ, Անկախները (NI) պիտի շահին 46 աթոռ, Կանաչները (Greens) պիտի շահին 43 աթոռ, իսկ ծայրագոյն ձախերը (GUE) պիտի շահին 31 աթոռ:
ԱՄՆ
ՍՂԱՃ ԵՒ ԱՆԿՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳ
Ըստ տնտեսագէտներու, ԱՄՆ-ի տնտեսութիւնը յստակ քայլերով կ’ուղղուի դէպի սղաճի ու անկումի հոլվոյթ մը կամ stagflation (լճացում) կամ ցած աճ (stagnation) եւ սղաճ (inflation): Այս մէկը տնտեսական վիճակի ամենադժուարն է, որովհետեւ գինի աճ տեղի կ’ունենայ անկում կամ ցած աճ ունեցող տնտեսութեան մը մէջ: Այս տեսութեան առաջին նշանները արդէն սկսան երեւիլ: 2024 տարուան առաջին քառորդին, ԱՄՆ-ի տնտեսական աճը հասաւ 1,6 առ հարիւրի: 2023 տարուան երրորդ քառորդը արձանագրեց 4,9 առ հարիւր աճ, իսկ չորրորդ քառորդը՝ 3,4 առ հարիւր: Ցած տնտեսական աճ եւ սղաճ կը նշանակեն լճացում: ԱՄՆ-ի Առեւտուրի նախարարութեան վերջին տուեալներուն համաձայն, երկրին տնտեսութիւնը կ’ուղղուի դէպի սղաճային լճացում:
Հրեայ մեծահարուստ Ճորճ Սորոս գնած է բաժնետոմսերը ԱՄՆ-ի ռատիոկայաններու ցանցի երկրորդ ռատիոկայանը՝ «Audacy»-ն: Այսպիսով ան պիտի կարենայ կառավարել 220 ռատիոկայաններու ցանց մը ամբողջ ԱՄՆ-ի տարածքին, 45 նահանգներու մէջ իր ժխտական ծանուցումի հետեւանքներով:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷ ԽՈՒՍԱՓՈՒՄ
Չինաստանի նախագահ Շի Ժին Փինկ այցելեց եւրոպական երեք երկիրներ՝ Ֆրանսա, Հունգարիա եւ Սերպիա: Այս երեք երկիրներուն ընտրութիւնը կատարուած էր բծախնդրութեամբ: Երեք երկիրներն ալ ունին որոշ անկախութիւն ԱՄՆ-ի հակակշիռէն: Առաջին երկուքը անդամ են Եւրոպական միութեան, իսկ երրորդը Ռուսիոյ դաշնակից է: Ժին Փինկ նաեւ ժողով գումարեց Եւրոպական միութեան ընդհանուր յանձնակատար Ուրսուլա Վոն տեր Լեյընի հետ: Չինաստանի նախագահի այցելութեան հիմնական նպատակն էր հարթել բոլոր անհամաձայնութիւնները տնտեսական հարցերու մէջ: Ժին Փինկ կ’ուզէ խուսափիլ առեւտրական պատերազմէ Եւրոպական միութեան ու Չինաստանի միջեւ: Վոն տեր Լեյըն յայտարարեց, թէ չեն կրնար ընդունիլ իրենց շուկայի գրաւումը չինական աժան արտադրութեան կողմէ: Ան կոչ ուղղեց հաւասարակշռուած առեւտրական յարաբերութեան: Ուրեմն, այս այցելութեան նպատակն էր լուծում գտնել առեւտրական պատերազմի հարցին: Ներկայիս Եւրոպա կը տառապի սղաճէ ու ուժանիւթի գինի յաւելումի ազդեցութենէն արտադրութեան վրայ: Եւրոպա կը գանգատի պողպատի ու ելեկտրական ինքնաշարժներու չինական աժան արտադրութեան եւրոպական շուկայ մուտքէն:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ԱՇԽԱՏՈՒԺ (Labour)
Մարդը արտադրութեան հիմնական գործադրողն է: Առանց գործաւորին չկայ արտադրութիւն: Այս է պատճառը որ գործաւորին պէտք է տրուին ընկերային պայմաններ ու գործի յստակ համաձայնագիր: Սենտիքաները կամ արհեստակցական միութիւնները եւ կառավարութիւնը պէտք է պաշտպանեն գործաւորին իրաւունքը որեւէ անարդարութեան պարագային:
Երկրին տնտեսական աճ ապահովող ամենակարեւոր ազդակն է արտադրող գործաւորներու թիւը: Գործաւորը նաեւ պէտք է մարզուի որպէսզի աւելնայ իր արտադրողականութիւնը: Ներկայիս երկիրներ կան որոնց բնակչութիւնը սկսած է նուազիլ: Չինաստան եւ Ճափոն ամենամեծ օրինակներն են: Այս երկու երկիրներուն մէջ կը նկատուի բնակչութեան թիւի նուազում ու մօտ ապագային գործաւորներու թիւը պիտի նուազի ու տնտեսութիւնը յետքայլ պիտի արձանագրէ եթէ նոր արհեստագիտութիւն չօգտագործեն:
Աղբիւրներ՝ «Տը Էքոնոմիսթ», «Ռաշա Թուտէյ», «eurasianet.org» եւ «Ալ Տիյար»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ