ՀԱՐԱՒԱՓՐԻԿԵՑԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԻԿ՝
ՆԵԼՍԸՆ ՄԱՆՏԵԼԼԱ (1918-2013)
Հարաւափրիկեցի քաղաքական գործիչ, ցեղապաշտական շարժումին դէմ պայքարող մարտիկ: Ան բանտարկուեցաւ ու բանտէն շարժեց ամբողջ ժողովուրդ մը, փաստելով այն վարկածը, թէ երբ ժողովուրդը կը հաւատայ յեղափոխականի մը ու անկեղծ գործիչի մը ինչպէս որ Մանտելլան էր, կ’առաջնորդուի անոր խօսքերով նոյնիսկ բանտէն արձակուած: «Ափարթհէյտ»ի կամ ցեղապաշտական իշխանութեան հեռանալէն ետք ան դարձաւ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան առաջին սեւամորթ նախագահը: Ափրիկէի Ազգային Քոնկրէս կուսակցութիւնը, որուն նշանաւոր անդամներէն էր Մանտելլա, դարձաւ այն կուսակցութիւնը, որ հեզասահ ձեւով կատարեց անցումը ցեղապաշտական համակարգէն իրաւ դեմոկրատական համակարգ:
Մանտելլա ծնաւ «Թեմպու» արքայական ընտանիքի անդամներէն մէկուն յարկին տակ: Հետեւեցաւ փաստաբանութեան ճիւղին «Ֆորթ Հէյր» եւ «Վիթվաթըրսրանտ» համալսարաններուն մէջ ու աւարտելէ ետք սկսաւ աշխատիլ Ճոհաննեսպուրկ քաղաքին մէջ: 1943 թուականին միացաւ Ափրիկէի Ազգային Քոնկրէս կուսակցութեան ու անոր շարքերուն մէջ սկսաւ պայքարը գաղութատիրութեան ու ցեղապաշտական կառավարութեան դէմ: 1944-ին հիմնեց Երիտասարդական լիկան, որ հակացեղապաշտական երիտասարդական շարժում մըն էր ու ապագային տարաւ մեծ պայքար: Քանի-քանի անգամ ձերբակալուեցաւ կառավարութեան կողմէ իր տարած հակացեղապաշտական շարժումին համար: 1956-ին միացաւ Հարաւային Ափրիկէի մէջ արգիլուած Համայնավար կուսակցութեան: 1963 տարին յատկանշական էր Նելսըն Մանտելլայի կեանքին մէջ: Այդ տարի ան ամբաստանուեցաւ պետական հարուած կազմակերպելու ամբաստանութեամբ ու դատապարտուեցաւ ցմահ բանտարկութեան: Կառավարութիւնը կը զգար թէ անզօր է Մանտելլայի մարդասիրական փիլիսոփայութեան դէմ: Միակ ձեւը զայն բանտարկելն էր:
«Ռոպըն Այլընտ», «Փոլիսմուր Փրիզըն» եւ «Վիքթոր Վերսթըր Փրիզըն» այն բանտերն էին, ուր մնաց Մանտելլա: Բանտին պատը չկրցաւ արգիլել Նելսըն Մանտելլային խօսքը հասցնել ժողովուրդին: Պայքարը այնքան սաստկացաւ ու միջազգային ընտանիքը վախնալով քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն, պատժամիջոցներ պարտադրեց կառավարութեան վրայ: Վերջապէս, 1990 թուականին, նախագահ Տէ Քլերք ազատ արձակեց Մանտելլան: Տէ Քլերք եւ Մանտելլա բանակցեցան աւարտելու համար ցեղապաշտական համակարգը եւ կայացնելու դեմոկրատական ընտրութիւններ: 1994 թուականին տեղի ունեցան առաջին դեմոկրատական ընտրութիւնները ու Նելսըն Մանտելլա նախագահ ընտրուեցաւ:
ԵՐԿՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՍԻՊԵՐԻՈՅ ԽԱՌՆԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ
Ռուսական Դաշնութեան Սիպերիա շրջանին մէջ տասնեակ տարիներ առաջ գտնուած խառնարաններու (craters) գոյութեան պատճառը մնաց անյայտ երկար ժամանակ: Խումբ մը երկրաբաններ պատրաստած են գիտական թուղթ մը, որուն մէջ կը բացատրեն այս առեղծուածին պատճառները:
Ութ հսկայ խառնարանները, որոնց միջին խորութիւնը 50 մեթր է, կը գտնուին «Եամալ» եւ «Կիտան» բարձրաւանդակներուն վրայ: Երկնաքարերու հարուածներու եւ բնական կազի բացուածքի վարկածները մերժուելէ ետք, ներկայիս կայ լուրջ վարկած մը, որուն հիմն է, թէ այս խառնարանները հազարաւոր տարիներ առաջ լիճեր էին, որոնք կը պարունակէին բնական տաք կազեր:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԻՍԼԱՄԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այս թիւով պիտի շարունակենք սերտողութիւնը ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Ան-Քլեմանթին Լարոքի երկին, որուն մէջ մասնագէտը կը ներկայացնէ իսլամը որպէս կրօնք եւ քաղաքական իշխանութեան հասնելու ձեւ: Պիտի սերտենք նաեւ թէ ինչպէս կարգ մը երկիրներ իսլամը կը շահագործեն որպէս քաղաքացիական պատերազմի զէնք ու իշխանութեան հասնելու ձեւ:
Իսլամները իրենք զիրենք կը կոչեն «ումմա» կամ համայնք: Այս համայնքը կը հետեւի Իսլամի օրէնքին ու «Քորան»ի գրութեան: Իսլամիսթներու նպատակն է Իսլամի օրէնքը վերածել քաղաքականութեան ու Իսլամը փոխադրել կրօնքէն քաղաքական դաշտ, այսինքն կառավարել Իսլամի օրէնքով եւ ըստ «Քորան»ի ցուցմունքին:
Իսլամ կրօնքը երեք ձեւ կ’որդեգրէ կրօնքի վարդապետութիւնը տարածելու եւ քաղաքական որոշումի մակարդակին հասցնելու համար: Առաջին ձեւն է՝ «ալ հարաքա ալ սիյասիյյա» կամ քաղաքական կուսակցութիւններուն մէջ որդեգրել Իսլամը որպէս կենսաձեւ եւ ընտրութեամբ հասնիլ իշխանութեան: Երկրորդ ձեւն է՝ «ալ տահուա» կամ կրօնքին միանալու հրաւէր: Այսինքն բարեսիրական միութիւններու աշխատանքին միջոցով եւ դասախօսութիւններով տարածել Իսլամի վարդապետութիւնը: Երրորդ ձեւն է՝ «ալ ժիհատ» կամ կրօնքը տարածել գործածելով բռնութիւն ու կատարել ահաբեկչութիւն դէմ դնողներուն դէմ:
Այս ձեւերէն ամէն մէկը ունի իր հետեւորդները եւ աշխատանքի ձեւը: Այս պիտի ըլլայ մեր սերտողութեան նիւթը աւելի լաւ ճանչնալու համար Իսլամ կրօնքը:
«Իսլամականութիւն» կամ «islamisme» բառը առաջին ամգամ օգտագործուեցաւ ֆրանսերէնին մէջ ԺԸ. դարուն, ֆրանսացի փիլիսոփայ եւ գրող Վոլթէրի կողմէ: Նոյն բառը օգտագործուեցաւ 1970-ական թուականներուն, երբ երեւցան առաջին քաղաքական իսլամի շարժումները: 1979 թուականին Իրանի մէջ շահին դէմ կազմակերպուած յեղափոխութիւնը առիթ էր որ ամերիկացիներ օգտագործեն «քաղաքական իսլամ» եզրը:
«Geopolitique Des Islamismes», Anne-Clementine Larroque, Point Delta 2014
ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ
19-րդ դարուն սկսաւ հոգեբանութեան օգտագործումը արուեստի մէջ: Այսինքն նկարիչներ, գրողներ, քանդակագործներ եւ արուեստի մարզի մէջ արտադրողներ սկսան օգտագործել հոգեբանութիւնը որպէս կերպարի ստեղծումի, զարգացումի միջոց: Ֆրանսացիներ Մարքիզ Տը Սատ, Ֆլոպէր, ռուս Տոսթոյեվսքի եւ շատ ուրիշ գրողներ այն արուեստի գործիչներն էին, որոնք օգտագործեցին մարդուն հոգեբանական աշխարհը իրենց կերպարները ստեղծելու համար:
Ռուս մեծ գրող Լէօ Թոլսթոյ իր «Աստուած կը տեսնէ ճշմարտութիւնը, սակայն կը սպասէ» պատմուածքին մէջ կը ներկայացնէ բարի վաճառական Իվան Աքսիոնովի ոդիսական կեանքի պատմութիւնը: Վաճառականը, երբ սայլակով կը ճամբորդէր դէպի ուրիշ քաղաք մը, իրիկուն մը կը ստիպուի մնալ իջեւանատան մը մէջ: Յաջորդ առտու, երբ ճամբայ կ’ելլէ, քիչ ետք ոստիկաններ կը պաշարեն իր սայլակը եւ կը յայտնեն, թէ պիտի ձերբակալուի: Պատճառը այն էր, որ այդ մարդը, որուն հետ մնացած է իջեւանատան նոյն սենեակին մէջ սպաննուած գտնուած էր: Արիւնոտ դանակը գտնուեցաւ Աքսիոնովի ապրանքներուն մէջէն: Ծուղակը լաւապէս լարուած էր խեղճ մարդուն շուրջ: Կինը երազ տեսած էր եւ պատմած էր իրեն, որ զինք տեսած էր սպիտակ մազերով: Լաւ նշան մը չէր, սակայն վաճառականը չէր հաւատացած: Նոյնիսկ կինը հաւատացած էր, թէ ինքն էր ոճրագործը: Աքսիոնով կրեց անարդարութեան պատիժը քսանվեց երկար տարի: Երբ բանտէն արձակուեցաւ իրականութիւնը բացայայտուելէ ետք, կինը մահացած էր, զաւակները զինք չէին ճանչնար: Կեանքը իր իմաստը կորսնցուցած էր: Այստեղ Թոլսթոյ կ’օգտագործէ Աքսիոնովի յուսախաբութիւնը որպէս հոգեբանական գործօն իր պատմութեան մէջ:
Աղբիւր՝ The Encyclopedia of Psychology
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Լիբանանի մէջ հայերու գոյութեան մասին: Շատ հին ժամանակներէ հայ ժողովուրդի զաւակներ կայք հաստատած են Միջերկրական ծովու արեւելեան ծովափի շրջանին, Անտիոքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:
937-992-ին հաւաքական երրորդ գաղթականութիւն մը տեղի ունեցած է Խաչիկ կաթողիկոսի ժամանակ: «Իսկ յաւուրս Տեառն Խաչկայ՝ Հայրապետին Հայոց, սփռեալ տարածեցաւ ազգս հայոց զկողմամբքն արեւմտից, մինչեւ ձեռնադրեալ նմա եպիսկոպոսունս յԱնտիոք Ասորւոց եւ ի Տարսոն Կիլիկեցւոց… եւ յամենայն գաւառսն յայնոսիկ»,- կը գրէ Ստեփանոս Վրդ.Տարօնեցի:
Երբ Բագրատունեաց հարստութիւնը կործանեցաւ, հայ իշխաններ եւ կրօնաւորներ Կիլիկիոյ սահմանները գաղթեցին: Անոնցմէ շատեր ալ ապաստանեցան Սուրիոյ սահմանները, ուր հիմնեցին կրօնական հաստատութիւններ, որոնցմէ նշանաւոր հանդիսացաւ Շուղրի Կարմիր վանքը: Այս վանքին մէջ դաստիարակուեցան բազմաթիւ եկեղեցականներ, ինչպէս՝ Ներսէս, Իգնատիոս, Սարգիս եւ Բարսեղ Շնորհալիներ, մեծ համբաւի տիրանալով եւ «շնորհալի» տիտղոսին արժանանալով:
Աղբիւր՝ «Հայերը Լիբանանի Մէջ», Ս. Վարժապետեան , 1951
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ԱՌԱՋԻՆ ԾԻՆԱՅԻՆ ԲՈՒԺՈՒՄ
Միացեալ Թագաւորութեան Դեղերու եւ բուժումի արտօնագիր տուող կազմակերպութիւնը արտօնեց առաջին ծինային բուժումը: Այս բուժումը կը վերաբերի արեան հիւանդութեան երկու տեսակի, որոնք կը կոչուին «Sickle cell anemia» եւ «transfusion-dependent beta-thalassemia»: «Sickle cell anemia» ծինային ախտէն տառապողներու մօտ արեան գնդիկները կ’առնեն «C» ձեւը ու կը փակին, արեան երակներուն պատճառելով անոնց խցանումը ու սիրտի կաթուած այս պատճառով:
Նոր բուժումը տեղի պիտի ունենայ CRISPR բուժումի ձեւով ու պիտի կոչուի Casgevy: CRISPR համակարգը DNA-էն կը կտրէ ծիները՝ օգտագործելով Cas9 կոչուող ֆերմենթը (enzyme): Այս «մոլեքիւլային մկրատները» RNA-ի մոլեքիւլով կ’ուղղուին դէպի թիրախ DNA: Այն ծինը որ կ’արտադրէ ախտաւոր բջիջներ կը փոխարինուի առողջ բջիջներ արտադրող համակարգով մը: Այս ձեւով հիւանդը կը փրկուի այս ժառանգական ծանր հիւանդութենէն:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ – Թ. ՄԱՍ
Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը։ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը։
Հայկական պարը կրնանք դասաւորել ըստ կատարումի ձեւի, ձեռքերը բռնելու ձեւի եւ բովանդակութեան:
Կարինէ Հայրապետեան գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ հայկական պարին ծիսական էութիւնը: Արեւապաշտ մեր նախնիներէն մեզի մնացած ամենաուժեղ կապը հայկական առասպելական պարն է, որովհետեւ ան կը կրէ ծիսական պաշտամունքի ոգին ու ձեւը:
Սերտելէ ետք Ուզուն դարա պարին առասպելական իմաստը, ան կ’անցնի Գորանի պարի ծիսական բացատրութեան:
Գորանի
Գորանի պարատեսակը կը պատկանի ծիսական այն պարերու շարքին, ուր հազարամեակներու պատմութիւն, հաւատք ու մշակոյթ ունեցող հայ ժողովուրդը բնութեան երեւոյթները, տարեփոխումները, կեանքի ու կենցաղի շատ խորհուրդներ, կենսադրոյթներ կը ներկայացնէ հաւատալիքներուն ու պատկերացումներուն համապատասխան: Հայ ժողովուրդի ընկալումներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հին Արեւելքի մէջ վիշապը պաշտուած է իբրեւ ջրային տարերքի, պտղաբերութեան ու հարստութեան հովանի, իսկ աւելի ուշ դարձած է ահեղութեան, իշխանութեան խորհրդանիշ։
Վիշապաքաղ Վահագնը իր մէջ կը կրէ երկու հզօր կենարար տարերքներ՝ Ջուրը եւ Արեգակը: Վիշապ-Քաղ-Այծեղջիւրը Արեգակի, Լոյսի խորհուրդը կրող, Ծիրանի ծով երկնային ջուրերու Տիրակալն է, Վիշապ-ա-Քաղը եղջիւրներու մէջ Արեգակը պատսպարող Աստուածն է, որ Արեգակը կ’ասպարէ Սեւ ստորերկրեայ ջուրերէն կամ Չար Վիշապէն:
Վահագն Վիշապաքաղը եւ Վիշապասանձը Արեւածագի լոյսը կը բերէ իր եղջիւրներուն մէջ եւ միաժամանակ կը սանձահարէ Չար Վիշապը, որ կը փորձէ եւ Բարի վիշապներու կռիւի որպէս արդիւնք ամպրոպային հսկան կը յաղթէ Չար Վիշապին, մարդոց կ’ուղարկէ բարեբեր անձրեւ եւ ապա արեգակնային լոյս: «Սասնայ ծռերու» Վիշապամարտիկ Սանասարը մութ ու սակաւաջուր Պղնինձէ քաղաքի Արեւափայլ Արքայադստերը տիրանալու համար ծովուն մէջ կը կռուի վիշապին հետ՝ ձեռք բերելով Ոսկի Խնձորն ու Չար Վիշապի գլուխի Թանկագին Քարը: Չար Վիշապը պարտուելով՝ քաղաքին վրայ ջուր կը թափէ. «Ինչըխ անձրեւ գա, ընցկուն զքաղաք էթաց»:
Բարի եւ Չար վիշապներու հաւատալիքներուն, գարնան, արեւին, բնութեան զարթօնքին, հողի բերրիութեան նուիրուած առասպելներ, երգեր, պարեր: Բնութեան տարբեր երեւոյթներուն նուիրուած են «եղանակը շրջելու» ծէսերը, որոնք կը ներկայացուին ծիսական պարերու միջոցով: Հայ պարարուեստի մէջ յայտնի է ծիսական «Գորանի» պարատեսակը: Ծիսական «Գորանի» պարատեսակը նուիրուած է արտերու բերրիութեան դից Գորին, որ յաւերժական պայքարի մէջ է Չար Վիշապին հետ, որ կը սպառնայ ոչնչացնել արտերը:
(Շարունակելի)
Աղբիւր՝ «Ուիքիփետիա»
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԵԼ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ
Համացանցը լաւ ձեւով օգտագործելու համար մարդիկ կ’ուզեն արագ համակարգ մը: Այդ պահանջքին գոհացում տալու համար կան քանի մը համակարգեր, որ պիտի սերտենք այս թիւով:
Առաջին համակարգն է WiFi 5-ը, որուն արագութիւնը կը հասնի 1300 մեկապիթ մէկ երկվայրկեանի մէջ: WiFi 6-ը, որուն արագութիւնը կը հասնի 10-12 հազար մեկապիթի մէկ երկվայրկեանի մէջ: Իսկ 2021-ին հաստատուած WiFi 6E համակարգին արագութիւնը կը հասնի 10-12 հազար մեկապիթի մէկ երկվայրկեանի մէջ 2.4 կիկահըրձ եւ 5 կիկահըրձ յաճախականութեան աւելցնելով 6 կիկահըրձ յաճախականութիւնը: 2024 թուականին հաստատուեցաւ WiFi 7 համակարգը, որուն արագութիւնը կը հասնի 40 հազար մեկապիթի մէկ երկվայրկեանի մէջ:
Աղբիւր՝ «www.makeuseof.com»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ