Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ Է «ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ» ԾՐԱԳՐԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂ ԵՐԿԻՐ

May 13, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ Է «ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ» ԾՐԱԳՐԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՂ ԵՐԿԻՐ

 

ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը եւ նախարարի տեղակալ Նարեկ Յովակիմեանը ԱՄՆ Միչիկըն նահանգի Տիթրոյթ քաղաքին մէջ մասնակցած են «Ամերիկեան երկիրներու մրցունակութեան փոխանակում» (ACE) ծրագրին։

Միջոցառման եզրափակիչ մասով Հայաստանը պաշտօնապէս յայտարարուած է որպէս ծրագրի յաջորդ հիւրընկալող երկիր։ Նշենք, որ Հայաստանը, որպէս դիտորդ, երրորդ երկիրն է ԱՄՆ ցամաքամասէն դուրս, ուր պիտի իրականացուի այս ծրագիրը։

Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, ողջունելով միջոցառման մասնակիցները, մեծապէս կարեւորած է Միացեալ Նահանգներու, ինչպէս նաեւ ամերիկեան տարածաշրջանի այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն ամրապնդումն ու համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւններու բացայայտումը ինչպէս պետական, այնպէս ալ մասնաւոր եւ կրթական ոլորտներուն համար։ Նախարարը նաեւ ընդգծած է Հայաստանի տնտեսութեան բազմազանեցման կարեւորութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքները։

«Ամերիկեան պետութիւններու մրցունակութեան փոխանակում» ծրագիրը Ամերիկայի տնտեսական զարգացման, նորարարությեան եւ ձեռնարկատիրական կարեւորագոյն միջոցառումներէն մէկն է, որուն կը մասնակցին Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան անդամ եւ դիտորդ բոլոր երկիրները: Ծրագիրը կը համախմբէ անդամ եւ դիտորդ երկիրներու մինչեւ 50 բարձրաստիճան պաշտօնեայի, առեւտրական, քաղաքացիական հասարակութեան եւ գիտակրթական շրջանակներու ներկայացուցիչները։

Ծրագիրը Հայաստանի մէջ կայացնելու բերումով պիտի ստեղծուին նոր գործարար կապեր եւ լուրջ նախադրեալներ՝ Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան մշտական դիտորդ հանդիսացող պետութիւններուն հետ տնտեսական եւ առեւտրային փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու հաստատման համար, ինչ որ, իր հերթին, պիտի նպաստէ հանրային եւ մասնաւոր հատուածներու փոխգործակցութեան, դրամագլուխային ներդրումներու ներգրաւման ու կրթական հաստատութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հաստատման։

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.