Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան Ընկերային Դիւան

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ՝ ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԴԷՊԻ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐԿԸ

May 11, 2024
in Գաղութային
0
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան  Ընկերային Դիւան

Հայ եկեղեցին Յիսուս Քրիստոսի համբարձման օրը կը նշէ Քրիստոսի յարութեան՝ Զատիկին 40-րդ օրը: Յարութենէն ետք, ըստ Աւետարաններուն, Քրիստոս 40 օր մնացած է երկրի վրայ, իրական եւ հոգեղէն մարմնով երեւցած է Իր աշակերտներուն, ուսուցանած, օրհնած ու պատգամներ տուած է անոնց: 40-րդ օրը Ան առաքեալներու աչքին առջեւ, Իր նիւթեղէն մարմնով համբարձած է երկինք:

Քրիստոսի Համբարձման տօնը հայերը աւանդաբար նշած են ժողովրդական հանդիսութիւններով: Նախապէս կը կատարուէր ծաղկահաւաք, բազմագոյն ծաղիկներ կը դրուէին աղբիւրի ջուրով լեցուած ամանի մէջ, ուր աղջիկները կը դնէին «վիճակի առարկաներ»՝ իրենց պատկանող փոքրիկ իրեր: Հարսերն ու աղջիկները միասին կ’երթային բնութեան գիրկը՝ դաշտին կամ այգիին մէջ զբօսնելու-ուրախանալու: Կ’ուտէին, կը խմէին ու կ’երգէին, իսկ յետոյ կը սկսէր վիճակահանութիւնը: Երեսը քօղով ծածկուած փոքրիկ աղջիկ մը կը նստեցնէին մէջտեղը, վիճակի ամանին մօտ, կ’երգէին աւանդական քառեակներ, իսկ աղջնակը ամէն քառեակէն յետոյ իր մը կը հանէր ծաղիկներով ու ջուրով լեցուն ամանէն: Որուն որ կը պատկանէր առարկան, կը համարուէր, որ անոր մասին էր երգուած քառեակը:

Արդարեւ, Համբարձման տօնին առիթով եւ առ ի պահպանումն նշեալ աւանդութեան, Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ին, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան Ընկերային դիւանը կազմակերպած էր գեղեցիկ շրջապտոյտ մը՝ հաւաքելով Միութեան շուրջ համախմբուած բարեկամներն ու մօտիկ շրջանակը: Պտոյտին ուղղութիւնն էր Լիբանանի գեղատեսիլ վայրերէն՝ Պրումմանան:

Խումբը նախ այցելեց Մար Շաայա վանքը, որ հիմնուած է 1700-ական թուականներուն: Հոն մեզ ընդունեց ընդհանուր պատասխանատու վանական հայրը եւ վանքին պատմականը ներկայացուց: Այցելցինք եկեղեցին, ուր Հայր Սուրբը իր պատգամը տուաւ Համբարձման տօնին առիթով եւ ներկաները շարականներ երգեցին:

Պտոյտին մասնակիցները շրջագայեցան վանքին մէջ եւ ծանօթացան անոր հետաքրքրական բաժիններուն: Ներկաները մեծ գոհունակութիւն ստացան այս այցով, ի մասնաւորի նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ Համբարձման տօնին խորհուրդը ապրեցան վանք այցելութեան ընդմէջէն:

Ապա մասնակիցները հանդիպեցան նաեւ վանքին պատկանող հողաշերտ մը, ուր կար ագարակ եւ հոն խնամուող կենդանիներ: Այցելութիւն կատարուեցաւ նաեւ վանքին շտեմարանը:

Այնուհետեւ ուղղութիւնը դէպի Ժուրթ Էլ Պալլութ էր, ուր գեղեցիկ եւ դաշտային պտոյտի յարմար բնութեան մէջ ճաշեցին լիբանանեան համադամ աղանդերներ: Տեղի ունեցաւ Համբարձման վիճակաձգութիւն, բոլորը ստացան քառեակներ, ուրախ երգով ու պարով մթնոլորտի մէջ:

Այս առիթով ներկաներուն բաժնուեցաւ յատուկ յուշանուէրներ՝ Հայաստանէն բերուած:

Շատ ուրախ եւ հաճելի օր մը անցընելէ ետք բոլոր բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները, վառ պահելով Համբարձման տօնին համախմբուելու եւ բնութեան գիրկը այցելելու աւանդոյթը:

 

Ներկայ Մը

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԳԱՐԷՆ ՊԱՍՍԻ ՀԵՏ

Next Post

ԳԻՏԱԿԱՆ

Next Post
ԳԻՏԱԿԱՆ

ԳԻՏԱԿԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.