Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ԱՄՆ Գալիֆորնիա նահանգ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ հանդիպած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Գարէն Պասսի հետ:
Տիկին Պասս ըսած է. «Մենք պատիւ ունինք այսօր Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանին մէջ ողջունելու Հայաստանի նախագահ, Նորին Գերազանցութիւն Վահագն Խաչատուրեանը: Որպէս Երեւանի քոյր քաղաք՝ Լոս Անճելըսը կանգնած է Հայաստանի կողքին եւ պիտի շարունակէ ապահովել Լոս Անճելըսի մէջ ապրող հայերուն բարեկեցութիւնը՝ տրամադրելով անոնց բարգաւաճման համար անհրաժեշտ աջակցութիւնը։ Միացեալ Նահանգները եւ Հայաստանը ամուր յարաբերութիւններ ունին՝ հիմնուած ընդհանուր արժէքներու եւ ժողովրդավարական գործընթացին նուիրուածութեան վրայ, եւ մենք կ՛ակնկալենք շարունակական եւ ամուր համագործակցութիւն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ խօսքերուն համար՝ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան նշած է.
«Մենք շատ բարձր կը գնահատենք Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տասնամեակներ շարունակ յարաշարժօրէն զարգացող համագործակցութիւնը: Հայաստանի մէջ առանձնայատուկ վերաբերմունք կայ Գալիֆորնիոյ եւ Լոս Անճելըսի նկատմամբ նախ այն պարզ պատճառով, որ Ձեր նահանգին եւ մասնաւորապէս Լոս Անճելըսի մէջ կը գտնուի ԱՄՆ ամենախոշոր հայկական համայնքներէն մէկը, ապա նաեւ պայմանաւորուած շարք մը տնտեսական իրողութիւններով: Նկատի ունիմ այն, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի տնտեսութեան մէջ էական դերակատարութիւն ստացած է տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը եւ այս առումով մեր առաջնահերթութիւններու շարքին է Գալիֆորնիոյ «Սիլիքոնային Հովիտ»ին մէջ գտնուող այս ոլորտի խոշոր ներկայացուցիչներու հետ փոխգործակցութեան ընդլայնումը եւ Հայաստանի մէջ անոնց ներկայացուածութեան խթանումը: Օգտուելով առիթէն, ես կը փափաքիմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի եւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու բարձր ղեկավարութեան այն աջակցութեան համար, որ կը ցուցաբերէ ամերիկեան կողմը վերջին շրջանին Հայաստանին, մեր պետութեան համար դժուարին այս ժամանակաշրջանին։ Վստահ եմ նաեւ, որ մեր հանդիպումը յաւելեալ խթան պիտի հանդիսանայ մեր երկիրներու արդիւնաւէտ գործակցութեան հետագայ զարգացման համար»։
Հայաստանի նախագահը շեշտած է, որ ուժանիւթակիր աղբիւրներու սակաւութեան պայմաններուն մէջ, Հայաստանը հիմնական շեշտադրում կը կատարէ մարդկային մտաւոր դրամագլուխի զարգացման վրայ։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն եւ համայնքային ենթակառուցուածքներուն մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն մէջամերիկեան լաւագոյն փորձառութիւնը Հայաստանի մէջ կիրառելու հնարաւորութիւններուն եւ ուղիներուն։ Այս առնչութեամբ Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի նախագահ Փօլ Գրեգորեանը նշած է Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի քաղաքապետարաններու աշխատակիցներուն համար փորձի փոխանակման եւ վերապատրաստման համատեղ ծրագրերու իրականացման նպատակայարմարութիւնը եւ այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու մեկնարկի խթանման կարեւորութիւնը։
Զրոյցի ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ուղիղ թռիչքներու իրականացման եւ մասնաւորապէս Լոս Անճելըս-Երեւան ուղղութեամբ նման հնարաւորութեան կեանքի կոչման հեռանկարներու եւ անհրաժեշտ քայլերու իրականացման վերաբերեալ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ տարածաշրջանային իրողութիւններուն եւ զարգացումներուն, ինչին առնչութեամբ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան վերահաստատած է Հայաստանի հաստատակամ դիրքորոշումը՝ հասնիլ հարեւաններուն հետ հիմնախնդիրները խաղաղ բանակցային ճանապարհով, միջազգային հիմնարար իրաւունքներու եւ կանոններու, ինչպէս նաեւ խաղաղ համակեցութեան սկզբունքներու շրջանակին մէջ լուծելու վերաբերեալ։
«Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան իրականացման հիմքին դրուած է խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտ քաղաքական կամքը»,- նշած է նախագահը։
Հանդիպման աւարտին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հնարաւորինս աջակցիլ երկու երկիրներուն միջեւ փոխգործակցութեան ընդլայնման գործընթացին։