Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ԿԳՄՄ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱԳԷՏԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԻ ԲԱՆԱՀԻՒՍԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ

May 11, 2024
in Հայաստան
0
ՀՀ ԿԳՄՄ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ի ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՓՈՐՁԱԳԷՏԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶԻ ԲԱՆԱՀԻՒՍԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՐՑԻՆ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը ընդունած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջազգային փորձագէտ, Թեհրանի Շահիտ Պեհեշթի համալսարանի իրաւագիտութեան փրոֆէսոր Ժանեթ Պլէյքը: Հանդիպումը նուիրուած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աջակցութեամբ իրականացուած «ՀՀ Սիւնիքի մարզի բանահիւսական ժառանգութեան համայնքահեն գոյքագրումը, փաստաթղթաւորումը եւ պահպանումը» վերնագրով յայտի ամփոփման:

Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ԿԳՄՄ նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան վարչութեան մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ զարգացման բաժնի պետ Գառնիկ Մոմճեանը, նոյն բաժնի գլխաւոր մասնագէտ Նաիրա Կիլիչեանը, ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Արսէն Բոբոխեանը, հիմնարկի բանահիւսութեան բաժնի վարիչ Թամար Հայրապետեանը, նոյն բաժնի գիտաշխատող Գոհար Մելիքեանը:

ԿԳՄՄ նախարարի տեղակալ Ալֆրետ Քոչարեանը ողջունած է հիւրը եւ շնորհակալութիւն յայտնած ծրագրի շրջանակին մէջ համատեղ աշխատանքներու իրականացման համար: Նախարարի տեղակալը անդրադարձած է ծրագրի իրականացման կարեւորութեան եւ կառոյցին հետ համագործակցութեան:

«ԿԳՄՄ նախարարութիւնը անչափ կը կարեւորէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ համատեղ աշխատանքներն ու  համագործակցութիւնը: Այս առումով պէտք է նշեմ, որ բազմաթիւ համատեղ նախագիծեր կ՛իրականացնենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հովանիին ներքոյ եւ յոյսով ենք, որ այս ծրագրին ամփոփումը նոր նախագիծերու իրականացման եւ փոխգործակցութեան շարունակականութեան հիմք պիտի հանդիսանայ»,- նշած է նախարարի տեղակալը՝ ընդգծելով նաեւ Իրանի գործընկերներուն հետ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:

Կողմերը հանգամանօրէն անդրադարձած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի աջակցութեամբ իրականացուած «ՀՀ Սիւնիքի մարզի բանահիւսական ժառանգութեան համայնքահեն գոյքագրումը, փաստաթղթաւորումը եւ պահպանումը» ծրագրին, յայտի շրջանակին մէջ իրականացուած դաշտային հետազօտական աշխատանքներուն, Սիւնիքի մարզի համայնքներուն մէջ բանահիւսական նիւթերու գրանցման, մարզի կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ հանդիպումներու եւ տեղեկատուական աշխատաժողովներու կազմակերպմանն առնչուող հարցերուն:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջազգային փորձագէտ, Թեհրանի Շահիտ Պեհեշթի համալսարանի իրաւագիտութեան փրոֆեսոր Ժանեթ Պլէյքը բարձր գնահատած է ծրագրին իրականացումը եւ այն ցուցանիշերը, որոնք կ՛արտացոլեն ծրագրին արդիւնաւէտութիւնը՝ ներառելով ՀՀ Սիւնիքի մարզի համայնքներու, կրթական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան կրողներու ներգրաւուածութիւնն ու մասնակցութիւնը:

2022թ. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի «Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» պայմանագրի հիմնադրամէն միջազգային աջակցութիւն անուանակարգով Հայաստանի Հանրապետութեան տրամադրուած է դրամաշնորհ (US$ 74,855.00) «ՀՀ Սիւնիքի մարզի բանահիւսական ժառանգութեան համայնքահեն գոյքագրումը, փաստաթղթաւորումը եւ պահպանումը» վերնագրով դիմումի շրջանակին մէջ երկու տարի ժամկէտով ծրագիր իրականացնելու համար: Յայտը պատրաստուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան խորհրդատուական աջակցութեամբ:

Դիմումին նպատակն էր գոյքագրել, պահպանել եւ խթանել ՀՀ Սիւնիքի մարզի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութիւնը՝ որպէս տարածաշրջանի տեղական առանձնայատկութիւններու եւ ինքնութեան դրսեւորում, քանի դեռ այն կենսունակ է եւ կը շրջանառուի ժողովրդական հեքիաթներու, առասպելներու, աւանդոյթներու, ասացուածքներու, ծիսական երգերու եւ այլն ձեւերով: Ներկայիս անհրաժեշտութիւն է այս բոլորին գրանցումը՝ կապուած սերնդափոխութեան եւ ժառանգութեան փոխանցման ապահովման հետ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՌԱՖԱՀԻ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿՈՒՄ

Next Post

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԳԱՐԷՆ ՊԱՍՍԻ ՀԵՏ

Next Post
ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԳԱՐԷՆ ՊԱՍՍԻ ՀԵՏ

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԱՆԴԻՊԱԾ Է ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ ԳԱՐԷՆ ՊԱՍՍԻ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.