Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԿՐԱԿԸ ՀԱՍԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱ

May 9, 2024
in Միջազգային
0
ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ԿՐԱԿԸ ՀԱՍԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱ

 

Փարիզի 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն կրակը արդէն Ֆրանսայի մէջ է:

12-օրեայ ծովային ճամբորդութենէ յետոյ յունական Օլիմփիա աւանին մէջ վառած Ողիմպիական խաղերուն կրակը արդէն Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքին մէջ է:

Հայաստանը 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերուն ունի 11 մասնակից` հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեանը, ըմբիշներ Արթուր Ալեքսանեանը, Մալխաս Ամոյեանը, Սլաւիկ Գալստեանը, Վազգէն Թեւանեանը, Արսէն Յարութիւնեանը, մարմնամարզիկ Արթուր Դաւթեանը, ծանրորդներ Անդրանիկ Կարապետեանը, Գարիկ Կարապետեանը եւ Վարազդատ Լալայեանը:

Փարիզի 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերը պիտի կայանան 2024 թուականի 26 Յուլիսէն 11 Օգոստոս: Խաղերու բացման արարողութիւնը պիտի ըլլայ բացառիկ, քանի որ առաջին անգամն է, որ այն պիտի կայացուի ոչ թէ մարզադաշտի մէջ, այլ Ֆրանսայի սրտին` Սեն գետի երկայնքով: Փարիզը Լոնտոնէն յետոյ երկրորդ քաղաքն է, որ երրորդ անգամն է կը հիւրընկալէ Ողիմպիական խաղերը (1900, 1924, 2024): 33-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութիւնը խորհրդանշական օր է, քանի որ 1924 թուականին խաղերու փակման արարողութիւնը կայացած է այդ օրը:

Մասնակից հաւաքականները բացման արարողութեան պիտի մասնակցին նաւակներով: Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն 32 մարզաձեւի մէջ պիտի խաղարկուի 329 մետալ, իսկ մասնակիցներուն թիւը պիտի գերազանցէ 10 հազարը: Այս Խաղերուն մէջ նոր մարզաձեւ պիտի ըլլայ «պրէյք տանս»ը: Փարիզի Ողիմպիական խաղերու քանի մը մարզաձեւերու մրցումներ տեղի պիտի ունենան Թաիթիի, Նանթի, Լիոնի, Մարսէյի, Սենթ-Էթիենի մէջ եւ այլն: Այս Խաղերուն մէջ պիտի աշխատի մօտ 45 հազար կամաւոր աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Փարիզի Խաղերու կազմակերպող կոմիտէն ներկայացուցած է նաեւ Ողիմպիական խաղերու թալիսմանը` մասքոթը: Թալիսմանը, որ ստացել է Ֆրիկ (Phryges) անուանումը, նման է ֆրանսական գլխարկներու եւ ունի կարմիր գոյն: Ֆրիկիական գլխարկը կը համարուի ֆրանսական յեղափոխութեան եւ ազատութեան խորհրդանիշ:

Share61Tweet38
Previous Post

«ԵԱՏՄ-Ն Կ՛ԱՊԱՀՈՎԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՄԻՒՍ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ԱՐԱԳ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ»  Կ՛ԸՍԷ ՏՄԻԹՐԻ ՓԵՍՔՈՎ

Next Post

ՀՀ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՀՀ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՀ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.