Մեր առօրեայ կեանքին մէջ, բոլորս ենթակայ ենք ներքին կողմնակալութեան, յաճախ նոյնիսկ առանց գիտակցելու: «Ընտրովի ընկալումը» կամ «կողմնակալ մեկնաբանութիւնը» եւ սեւ-ճերմակ մտածողութիւնը կողմնակալութեան երկու երեւոյթներ են, որոնք յաճախ կը ստիպեն մեզ ընդունելու ապատեղեկատուութիւնը առանց քննական վերլուծումի ենթարկելու զայն: Կողմնակալ մեկնաբանութիւնը` տեղեկութիւնները մեր ներքին նախապաշարումներով կամ կաղապարուած համոզումներով ընդունելու եւ միաժամանակ անոնց հակասող փաստերը մերժելու միտումը, կրնայ դժուար յաղթահարելի ըլլալ: Նմանապէս, սեւ-ճերմակ մտածողութիւնը, որ աշխարհը կը դիտէ երկու ծայրայեղութիւններով` մերժելով մոխրագոյն երանգները, վստահաբար կը խեղաթիւրէ իրականութեան մեր ընկալումը: Սակայն, ճանչնալով այս կողմնակալութիւնները եւ քննական մտածողութեան ռազմավարութիւններ կիրարկելով, մենք կրնանք մեղմել անոնց ազդեցութիւնը եւ աւելի իրազեկուած որոշումներ կայացնել: Այս յօդուածը կþուսումնասիրէ կողմնակալութեան ազդեցութիւնը որոշումներու կայացման վրայ եւ գործնական խորհուրդներ կþառաջադրէ մեր առօրեային մէջ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարիլ կարենալու համար:
Ստորեւ` թարգմանաբար կու տանք ելեւմտագէտ Ալեքս Էտմընզի «Այս 2 ներքին կողմնակալութիւնները կþառաջնորդեն ապատեղեկատուութեան. ահա թէ ինչու» խորագրեալ յօդուածը, որ լոյս տեսած է «World Economic Forum»ի կայքէջին մէջ:
«Տարբերակ21 Խմբ.»
* «Ընտրովի ընկալումը» կամ «կողմնակալ մեկնաբանութիւնը» տուեալ մը առանց կասկածելու ընդունելու միտումն է, եթէ ան կը հաստատէ այն, ինչ որ պիտի ուզէիր ճշմարիտ ըլլար:
* Սեւ-ճերմակ մտածողութիւնը նաեւ կողմնակալութեան ձեւ մըն է, որ կþենթադրէ աշխարհը դիտել կրկնակ եզրերով:
* Մենք կրնանք յաղթահարել այս կողմնակալութիւնները` պարզ հարցումներ տալով եւ քննականօրէն մտածելով:
«Ստուգել տուեալները». «ուսումնասիրել փաստերը». «առնչակցութիւնը պատճառականութիւն չէ».
Մենք այնքա՛ն լսած ենք այս արտայայտութիւնները, որ անոնք մեր DNA-ին մէջ պէտք է մտած ըլլան: Եթէ ճիշդ են, ապա ուրեմն ապատեղեկատուութիւնը երբեք դուրս պիտի չգար իր սաղմային վիճակէն: Սակայն, առկայ են անհամար օրինակներ, որոնք ցոյց կու տան ապատեղեկատուութեան տարածումը անտառային հրդեհի մը պէս:
Այսպէս է, որովհետեւ մեր ներքին, յաճախ ենթագիտակցական կողմնակալութիւնը կը ստիպէ մեզ մակերեսայնօրէն ընդունելու անճիշդ տեղեկութիւններ, յայտարարութիւններ: Նոպելեան մրցանակակիր Տանիէլ Քահնըման (տնտեսագիտութիւն, 2002) ակնարկելով մեր բանական, դանդաղ մտածողութեան գործընթացին, որ կը տիրապետէ վերը նշուած երեք հաստատումներուն, զայն կը բնորոշէ իբրեւ «համակարգ 2», եւ մեր կամայական, արագ դատողութեան գործընթացը, որ աղաւաղուած է մեր կողմնակալութեամբ, իբրեւ «համակարգ 1»: Արեւու լոյսի պայծառութեամբ գիտենք, որ տեղեկութիւնները, յայտարարութիւնները մենք պէտք չէ ընդունինք մակերեսայնօրէն, բայց երբ մեր «Համակարգը 1»-ը գերլրուած է, զայրոյթի մշուշը կը պղտորէ մեր տեսողութիւնը:
Կողմնակալ մեկնաբանութիւն
Յանցաւորը կողմնակալ մեկնաբանութիւնն է` փասերը առանց քննութեան ընդունելու փորձութիւնը, երբ անոնք կը հաստատեն ա՛յն, ինչ որ մենք պիտի ուզէինք ճի՛շդ ըլլան, եւ առանց հիմնաւորումի մերժել զանոնք, երբ անոնք կը հակասեն մեր համոզումներուն: Յատկանշականօրէն, այս կողմնակալութիւնները միշտ չէ, որ բացայայտ կþըլլան եւ կրնան պարփակել տարբեր մարզեր կամ թեմաներ եւ ո՛չ միայն այն պարագաներուն, երբ զգացական նախատրամադրուածութիւնը շեշտուած է, օրինակ` գաղթը կամ զէնքի հարցերը (Միացեալ Նահանգներու մէջ): Տարածուած կարծիք է, թէ դիեցումը կը բարձրացնէ երեխային IQ-ն: Թէեւ հաւանական առնչութիւն կրնայ գոյութիւն ունենալ դիեցման եւ աւելի բարձր IQ-ի միջեւ, սակայն այդ չի նշանակեր, որ դիեցումը ուղղակիօրէն կը բարելաւէ IQ-ն, որովհետեւ ծնողական այլ գործօններ նաեւ կրնան դերակատար ըլլալ, այլ խօսքով` առնչակցութիւնը անպայմանօրէն պատճառականութիւն չþենթադրեր: Բայց որովհետեւ մեզմէ շատեր աւելի կը վստահին մօր կուրծքի բնական կաթին` արուեստական հռչակաւոր կաթերու փոխարէն, մենք այս պնդումը կþընդունինք առանց մեծ կասկածներու կամ թերահաւատութեան:
Կողմնակալ մեկնաբանութիւնը յաղթահարելը դժուար է: Հետազօտութեան մը ընթացքին, երեք նեարդաբաններ կը զատեն ազատական քաղաքական տեսակէտեր ունեցող ուսանողներ եւ զանոնք կը միացնեն fMRI-ի, յատկացուած` չափելու եւ քարտէսագրելու ուղեղին գործունէութիւնը: Հետազօտողները կը կարդան յայտարարութիւններ, որ մասնակիցները իբրեւ համոզում կատարած են նախապէս, ապա կու տան անոնց համոզումներուն հակասող փաստեր եւ կը չափեն անոնց ուղեղին հակազդեցութիւնը: Ոչ-քաղաքական հաստատումներու պարագային, ոչ մէկ հակազդեցութիւն, բայց անոնց քաղաքական համոզումներուն հակասող հարցերու արծարծումը կը շարժէ անոնց amygdala-ն (ուղեղին այն բաժինը, որ կապուած է մարդկային զգացումներուն, մասնաւորաբար` վախի եւ հաճոյքի), օրինակ` կþաշխուժանայ, երբ վագրը կը յարձակի մեր վրայ, յառաջացնելով «կռիւ կամ փախուստ» հակազդեցութիւնը: Amygdala-ն կը լարէ «համակարգ 1»ը եւ կը ճնշէ նախաճակատային կեղեւին վրայ, որ գործի կը լծէ մեր «համակարգ 2-ը»:
Կողմնակալ մեկնաբանութիւնը գերակշռող է այն պարագաներուն, երբ մենք նախատրամադրուած կարծիք ունինք: Բայց բազմաթիւ հարցերու շուրջ նախապէս գոյացած կարծիք կրնանք չունենալ: Եթէ հաստատելու վիճակ գոյութիւն չունի, կողմնակալ մեկնաբանութեան հարց չի ծագիր, ուստի այս հարցերուն կրնանք առողջ դատողութեամբ մօտենալ:
Սեւ-ճերմակ մտածողութիւն
Ցաւօք, կողմնակալութեան այլ երեւոյթ մը կրնայ դրսեւորուիլ սեւ-ճերմակ մտածողութեամբ: Այս կողմնակալութիւնը կը նշանակէ, որ մենք աշխարհը կը դիտենք կրկնակ եզրերով: Այսինքն` բան մը կա՛մ միշտ լաւ է, կա՛մ միշտ վատ` առանց մոխրագոյն երանգներու:
Սննդականոնի մասին պատմութեան մէջ ամէնէն աւելի վաճառուած գիրքը` Ռոպըրթ Աթքինզի «Dr. Atkinsþ New Diet Revolution», օգտուեցաւ այս կողմնակալութենէն: Աթքինզէն առաջ մարդիկ հաւանաբար շատ ալ կարծիք չունէին ածխաջուրերու (carbohydrates) լաւ կամ գէշ ըլլալուն մասին: Բայց այնքա՛ն ատեն, որ անոնք կը կարծեն, թէ պէտք է ըլլայ կա՛մ մէկը, կա՛մ միւսը, առանց միջին բնորոշումի, անոնք հակամէտ կþըլլան ընդունելու միակողմանի յանձնարարականը: Այդ մէկը իրագործեց Աթքինզի ներկայացուցած սննդականոնը: Այն ունէր մէկ թելադրանք` խուսափեցէ՛ք բոլոր ածխաջուրերէն: Ո՛չ միայն զտուած շաքարէն, ո՛չ միայն պարզ ածխաջուրերէն, այլ բոլոր ածխաջուրերէն: Դուք կրնաք ուտել որեւէ բան` նայելով անոր սննդային պիտակին եւ վստահ ըլլալով որ «ածխաջուր» չի պարունակեր: Այս պարզ կանոնը թափանցեց սեւ-ճերմակ մտածողութեան մէջ եւ դիւրացուց անոր հետեւիլը:
Bestseller գրելու համար, պայման չէր որ Աթքինզ ճիշդ ըլլար, այլ պարզապէս` ծայրայեղ:
Յաղթահարելով մեր կողմնակալութիւնը
Արդ, մենք ի՞նչ կրնանք ընել անոր դէմ: Առաջին քայլը մեր սեփական կողմնակալութիւններուն գիտակցումն է: Եթէ յայտարարութիւն մը, հաստատում մը կը գրգռէ մեր զգացումները, եւ կը մղուինք զայն կիսելու կամ աղբը նետելու, կամ եթէ միակողմանի յանձնարարութիւն կþընէ, մենք պէտք է զգո՛յշ ըլլանք:
Երկրորդ քայլը հարցադրելն է, մանաւանդ, եթէ տրամադիր ենք փոխանցուածը ընդունելու: «Հակառակն ալ պէտք է նկատի ունենալ»: Եթէ ուսումնասիրութիւն մը յանգի հակառակ եզրակացութեան, ի՞նչ թերութիւններ պիտի նկատէք անոր մէջ: Ապա հարց տուէք դուք ձեզի` արդեօ՞ք այս թերութիւնները տակաւին կիրարկելի են, նոյնիսկ եթէ անոնք կու տան ձեր ուզած արդիւնքները:
Առնենք ուսումնասիրութիւններ, որոնք կը հաստատեն, թէ յարատեւականութիւնը (sustainability) կը բարելաւէ ընկերութեան (corporation) մը արդիւնաւէտութիւնը: Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ ուսումնասիրութիւն մը բացայայտէր, որ յարատեւականութիւնը կը վատթարացնէ արդիւնաւէտութիւնը: Անոր կողմնակիցները հաւանաբար բազմաթիւ տարբերակներ, կարելիութիւններ ու առարկութիւններ ներկայացնեն: Նախ, հարցում մը. հետազօտողները խորքին մէջ ինչպէ՞ս չափած են յարատեւականութիւնը: Արդեօ՞ք զայն չափած են ընկերութեան ներկայացուցած տուեալերով, թէ՞ անոնց կիրարկման արդիւնքներով: Երկրորդ. քանի՞ նմուշ առած ու վերլուծած են: Եթէ ընդամէնը մէկ տարուան ընթացքին քանի մը ընկերութիւն միայն նկատի առնուած են, ապա թերակատարումը կրնայ պատահականութեան հետեւանք ըլլալ, այլ խօսքով` բաւարար տուեալներ գոյութիւն չունին ամուր եզրակացութիւններու յանգելու: Երրորդ. պատճառականութի՞ւն, թէ՞ պարզապէս առնչակցութիւն: Հաւանաբար շեշտուած յարատեւականութիւնը չի կրնար թոյլ կատարողականութեան յանգիլ, բայց պէտք է նկատի ունենալ, որ խիստ կանոնները կրնան երկուքն ալ յառաջ մղել: Հիմա, երբ ձեզի կը ներկայացուին հաւանական խնդիրներ, հարց տուէք դուք ձեզի, արդեօք անոնք կը վնասե՞ն այդ ուսումնասիրութեան, որ դուք այնքա՛ն կþուզէք շեփորահարել:
Կարեւոր է նաեւ «նկատի առնել հեղինակները»: Ուշադի՛ր ըլլալ, թէ ո՞վ գրած է ուսումնասիրութիւնը եւ ի՞նչ դրդապատճառներով: Բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կը պատրաստուին կազմակերպութիւններու պատուէրով, որոնց նպատակը իրենց շահերուն հետապնդումն է եւ ոչ թէ գիտական հետազօտութիւն մը կատարել: Անհրաժեշտ է հարց տալ. «արդեօք հեղինակները կը հրապարակէի՞ն այդ ուսումնասիրութիւնը, եթէ ան յանգէր հակառակ եզրակացութեան»: Եթէ պատասխանը ոչ է, ուրեմն շատ հաւանաբար, անոնք կողմնակալօրէն ընտրած են իրենց տուեալներն ու մեթոտաբանութիւնը:
Բացի կողմնակալութենէն, կարեւոր այլ յատկանիշ մըն է գիտական հետազօտութիւններ կատարելու հեղինակներուն փորձառութիւնը: Յաջողած գործադիր տնօրէնները եւ ներդրողները մեծ փորձառութիւն ունին, եւ ոչ ոք աւելի իրաւասու է գրելու անոնց ղեկավարած ընկերութիւններուն կամ անոնց կատարած ներդրումներուն մասին: Սակայն, ոմանք կը շրջանցեն սեփական փորձառութեան պատումը եւ կը պնդեն, որ յայտնաբերած են յաջողութեան տիեզերական կանոններ, բայց առանց գիտական հետազօտութիւններու, մենք չենք կրնար վճռել այդ կանոններուն վաւերականութիւնը: Պարզ հարցում մը. «եթէ նոյն ուսումնասիրութիւնը գրուած ըլլար նոյն հեղինակներուն կողմէ, նոյն օժտուածութեամբ, բայց հասնէր հակառակ եզրակացութեան, դուք դեռ կը հաւատայի՞ք անոր:
Այսօր ոեւէ մէկը կրնայ յայտարարութիւն մը կատարել, դաւադրական տեսութեան մը մասին խօսիլ կամ վիճակագրութիւն մը հրապարակել: Երբ մարդիկ տրամադիր են հաւատալու, ան կը դառնայ viral (ժահրի պէս կը տարածուի): Բայց մենք անոր դէմ պայքարելու միջոցներ ունինք: Մենք կրնանք առողջ դատողութեամբ վերաբերիլ, հարցադրումներ կատարել եւ հետաքննական ակնոցով դիտել հարցերը, երբ անոնց նկատմամբ կասկած արթննայ մեր մտքին մէջ: Կը մնայ միայն հակակշռի տակ պահել մեր կողմնակալութիւնը եւ պահել քննական նոյն մակարդակը, երբ կը հանդիպինք բանի մը, որ մենք կþուզենք ընդունիլ:
ԱԼԵՔՍ ԷՏՄԸՆԶ
Դասախօս «London Business School»-ի մէջ
Այս յօդուածը քաղուած է «May Contain Lies: How Stories, Statistics, and Studies Exploit Our Biases – and What We Can Do About I» գործէն: (Penguin Random House, 2024).
Թարգմանութիւն` Վ. ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
«Տարբերակ21»