Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ  (ԲԱՆՈՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ) 

May 1, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Խմբագրական
0

 

 

 

Բանուոր դասակարգին տօնն է այսօր:

Բանուորութեան արդար քրտինքը, ի վերջոյ, արժանիօրէն գնահատուելու համար, պատմութիւնը իր էջերուն մէջ արձանագրած է երկարաշունչ պայքարի մը տարեգրութիւնը: Դարերու ընթացքին, վաշխառուի եւ իրաւազուրկի գօտեմարտը եղած է առանցքներէն մէկը պատմութեան հոլովոյթին: Դասակարգերու գոյառումը դիպուածի մը հետեւանքը չէր բնաւ, այլեւ՝ շահերու սուր բախումի մը դրսեւորումը՝ չարաշահողի եւ չարաշահուողի միջեւ:

Այն պահուն, երբ մարդը սկսաւ ձգտիլ սեփականութեան, իւրացնել այլոց կալուածները, յափշտակել հարեւանին իրաւունքը, փորձել տիրանալ առաւելագոյնին, ինքնըստինքեան հիմքերը դրուեցան ընկերային անարդարութեան, հակոտնեայ խաւերու ատելութեան եւ մարդոց միջեւ շահերու հակասութեան: Մեծամասնութիւն կազմող ճնշեալ տարրը, ինքնաբերաբար, կը դառնար շահագործման մնայուն նշաւակ:

Երկնատուր բարիքներու անհաւասար բաժանումը, որ մարդկային անկշտութեան վառ օրինակ է, տուն տուած է մեծ թիւով չքաւորներու, թշուառներու, աղքատներու գոյութեան, որ հակառակ իրենց քրտնաթոր աշխատանքին, չեն վաստկած իրենց արդար քրտինքին բարի պտուղները: Փոքրաթիւ շահագործողներու սանձարձակ եւ անյագուրդ նկրտումները, աստիճանաբար փոթորկած են ճնշեալներուն զայրոյթը, դրդած են հացազուրկներուն կուտակուած բարկութիւնը: Կրօնքներ, անուանի քարոզիչներ, բարեմոյն առաջնորդներ, մարդկային տառապանքներով տագնապող մտածողներ դիրքորոշուելով ի նպաստ թշուառներու՝ սերմանած են արդարութեան, հաւասարութեան եւ իրաւացի պայքարին գաղափարները, ուզած են տեսնել իտէալական միջավայր մը՝ ուր արդար քրտինքի ու բազուկի տէր մարդիկ, հաւասարապէս կը վայելեն բնութեան պարգեւած շնորհները: Արդարասիրութեան խիղճն ու մարդկային խղճմտանքը ընդվզած են վրդովեցուցիչ այս անջրպետին ի տես: Բանուորութիւնն ու աշխատանքը վերջապէս արդարօրէն պիտի գնահատուէ՞ր օր մը: Բազմավաստակ խաւը հասարակութեան, օր մը պիտի դառնա՞ր իր իրաւունքներուն տէրը: Եւ… ի՞նչպէս:

19-րդ դարուն, երբ ճարտարարուեստն ու արդիւնաբերական միջոցները արագօրէն կը յառաջդիմէին, երբ գործարաններն ու աշխատանոցները լայնօրէն կը տարածուէին, բանուոր դասակարգը առաւել եւս կը կեղեքուէր դրամատէրերու անգութ կրունկներուն տակ: Ինչպիսի՜ դաժան օրէնքներով, քմահաճ որոշումներով եւ կամայական վճիռներով բանուորներ կապանքուած էին խոնարհօրէն: Անոնք միայն ժանտ շղթաներ ունէին, հազիւ կտոր մը հաց, քուն մը թեթեւ, անապահով ընտանիքներ, քայքայման ենթակայ առողջական պայմաններ: Գոյութեան հեւիհեւ կռիւ էր աշխատաւորութեան առօրեան: Ան դագաղի մը ճնշող ստուերին տակ կ՛ապրէր ամէն օր: Մահուան ուրուականը տեւաբար պլլուած էր անոր վիզին: Բանուորներու դժոխային կեանքը արդէն դարձած էր սովորական երեւոյթ:

Բայց, յանուն ընկերային արդարութեան սկսած պայքարը, գլխիվայր շրջեց դրամատիրութեան այս խաղի կանոնը: Ընկերվարութիւնը իր գաղափարախօսութեամբ եւ ընկերվարական շարժումները իրենց գործօն դերակատարութեամբ, եկան սասանելու վայրագ դրամատիրութեան հանգստաւէտ բազկաթոռները: Բանուորութիւնը հետզհետէ սկսաւ մտածել, գիտակցիլ եւ մարտնչիլ իր իրաւունքներուն մասին: Մոլեգնած փաղանգները աշխատաւորութեան, իւղոտ ու մրոտ բանուորական շարքերը մարտունակ, ուս-ուսի նետուեցան պայքարի դաշտ՝ տէր դառնալու մարդկային իրենց տարրական եւ բնական իրաւունքներուն՝ աշխատանքային տանելի ժամեր, համոզիչ վարձատրութիւն, հանգստեան օրեր, առողջապահական իրաւունքներ, վնասուց փոխհատուցման օրէնքներ, ծերութեան թոշակ եւ այլն: Երկար պայքար կ՛ենթադրէր այս, սակայն՝ անհրաժեշտ եւ նուիրական պայքար: Եւ իրօք, այս ծաւալող ոգին ու շարժումը, կամաց-կամաց կրցաւ հասնիլ իր նպատակներուն: Դրամատէրերու եւ վաշխառուներու անզիջող ցանցը սկսաւ տեղի տալ բանուորութեան մկանուտ բազուկին դիմաց. զգաց, տեսաւ եւ զգուշացաւ ահագնացող բանուորութենէն եւ ի վերջոյ բարեփոխեց իր նախկին վարքագիծը: Բանուորութիւնը պատրաստ բանակ էր, որ վախ չունէր: Բանուորութիւնը միայն իր շղթաները ունէր, որ վերջապէս փշրեց քաջօրէն:

Հայ կեանքէն ներս, անվիճելիօրէն, այս նուիրական պայքարին ռահվիրաները հանդիսացան Հնչակեան Կուսակցութեան մտաւորական, յեղափոխական եւ ուսեալ գործիչները, կուսակցութեան կարկառուն տեսաբանները: Անոնք ազգային ազատագրական պայքարին զուգընթաց՝ ընկերային արդարութեան մարտիկներ էին միաժամանակ: Արդարութեան նուիրական պայքարը, գաղափարական ելակէտ ունէր ընկերվարութիւնը, որուն ջերմագոյն պաշտպաններն էին Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադիրներն ու առաջին այրերը, անոր միտքի ու գրչի մշակները: Ընկերվարութեամբ ներշնչուած եւ կոփուած հնչակեան շարքերը ամէն տեղ եղան ընկերային պայքարին անձնդիր ընկերները: Այս ուղին էր որդեգրուած 1887-ին եւ այդպէս ալ մնաց առ այսօր:

Բանուորութեան տօնին առթիւ, նախ խոնարհինք յիշատակներուն առջեւ բոլոր նահատակներուն՝ որոնք ինկան բանուորութեան իրաւունքներուն համար:

Ապա՝ լայնսրտօրէն ողջունենք բանուորութիւնն ու աշխատանքը:

Եւ հուսկ՝ հաստատենք մեր երդումը՝ ընկերվարութեան եւ ընկերային արդարութեան դրօշին վրայ:

Այս պայքարը նուիրակա՛ն էր եւ կը մնա՛յ նուիրական:

 

Share103Tweet64
Previous Post

ԵՐԿԱՐԱՇՈՒՆՉ ՍՊԱՍՈՒՄԷ  ԵՏՔ`  ԿԻԼԻԿԵԱՆ  ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԸ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՇԵՄԻՆ

Next Post

ԱՅՍ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՁԵԶ ԿԸ ՁԳԵՆ ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒՂԱԿԸ. ԱՀԱ ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ

Next Post
ԱՅՍ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՁԵԶ ԿԸ ՁԳԵՆ ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒՂԱԿԸ. ԱՀԱ ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ

ԱՅՍ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՁԵԶ ԿԸ ՁԳԵՆ ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԾՈՒՂԱԿԸ. ԱՀԱ ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.