Կիլիկեան կրթական հաստատութիւնը 2021 թուականին բոլորեց իր հիմնադրութեան յոբելենական պանծալի 100-ամեակը եւ կը շարունակէ իր երթը Սփիւռքի մէջ։
Հպարտութիւն եւ պատուական երեւոյթ է, որ մէկ դարը ամբողջացուցած այս դպրոցը կը գոյատեւէ ծառայել հայ սերունդներուն՝ հաւատալով Սփիւռքի մէջ հայապահպանման կարեւորութեան: Եղեռնէն ետք Հալէպ հասնելով, հայեր հիմնած են Կիլիկեան Ճեմարանը, որ Սփիւռքի մէջ եղած է առաջին կրթական հաստատութիւնը եւ բազմատեսակ խոչընդոտներ յաղթահարելով կանգուն եւ պատնէշի վրայ է 100-ամեայ իր ունեցած պատմութեամբ եւ առաքելութեամբ։
Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Կիլիկեան Ճեմարանը տուժեց՝ ունենալով մեծ վնասներ: Շնորհիւ Ամերիկայի Կիլիկեան բարեգործական միութեան եւ աշխարհասփիւռ մեր բարերարներու, եւ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինի հսկողութեամբ վերականգնեցաւ Կիլիկեանի երեք բաժինները։ Շինարարական աշխատանքները կը շարունակուին մինչեւ օրս:
Ճիշդ է, հալէպահայ գաղութի վերջին տասնամեակները նախկինին նման ծաղկուն ու փայլուն հմայք չունին, ինչ որ ունէր նախքան Սուրիոյ պատերազմը, սակայն իրատես ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ ազգային արժէքներու նկատմամբ ամենայն նախանձախնդրութեամբ, բարեկեցիկ ժողովուրդը կը պայքարի ամէն տեսակ դժուարութիւններու դէմ, եւ բոլոր մարզերէն ներս՝ տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ միութենական կեանքը կը շարունակէ նոր թափ տալ նոր սերունդին։
Սուրիոյ անողոք եւ անհիմն պատերազմը, կիրարկուած պատժամիջոցներն ու շրջափակումը, նաեւ ահռելի երկրաշարժը, եւ անոնց հետեւանքով մինչեւ օրս յառաջացած տնտեսական տագնապը, մանաւանդ սուրիական թղթոսկիի արժեզրկումն ու անկումը, օրըստօրէ կը շեշտուի:
Ժողովուրդը կը տառապի՝ զրկուելով ապրուստի նուազագոյն կարելիութիւններէն, իսկ ժողովուրդին մեծ մասը կենցաղային, ընկերային եւ առողջապահական դժուարութիւններու դէմ-յանդիման կը գտնուի։ Ահա՛ ճիշդ այդ պատճառով մարդիկ իրենք զիրենք պաշտպանելու համար սկսած են մեկուսանալ եւ ինքնամփոփ կեանք մը ապրիլ եւ կը ստիպուին գաղթել։ Սակայն մեր ազգային կառոյցներու եւ բարեսիրական միութիւններու ջանքերով կը շարունակենք շրջանցել տնտեսական այս ծանր իրավիճակը։
Կիլիկեան Ճեմարանը այսօր 103 տարեկան է եւ մեր բարերարներու հետեւողական եւ համախմբուած գործակցութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ, ապահովելով գաղութին կենսունակութիւնը եւ հայապահպանումը Սփիւռքի մէջ։ Մեր պատասխանատու մարմինները լուրջ քայլերու կը դիմեն՝ նոր սերունդին մատուցելու հայեցի դաստիարակութիւն:
Սփիւռքը յարատեւ պայքար կը մղէ հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու համար: Այս համոզումով ու հաւատքով պէտք է գործենք գիտակցութեամբ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ ու պատրաստակամութեամբ, որ մեր նպատակն Է ծառայել ազգին ու հայրենիքին, հասնիլ համայնքի հայորդիներու կարիքներուն:
Արդարեւ, հալէպահայութեան համար ընդհանրապէս եւ Կիլիկեան Ճեմարանի մեծ ընտանիքին համար մասնաւորապէս պատմական օր մըն էր Երկուշաբթի, 15 Ապրիլ 2024-ը: Հովանաւորութեամբ Դամասկոսի Հայոցի Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ . Արմաշ Ս. Եպս. Նալպանտեանին, եւ աջակցութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Մերձաւոր Արեւելքի գրասենեակին, եւ Հոլանտայի Միացիալ Եկեղեցիներու կազմակերպութեան, ներկայութեամբ Դամասկոսի Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Լիւսի Իսկէնեանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ ընկ. Տոքթ. Վազգէն Համալեանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Հարաւային Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Խորէն Չարըքեանի, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Հիւսիսային Շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ ընկ. Աւօ Խոշաֆեանի եւ անդամներուն, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներուն, հին Հալէպի քաղաքապետարանի տնօրէն երկրաչափ Ահմատ Շահապի, Հալէպի հնութիւններու փոխտնօրէն տիկին Ռաշա Մասրի, Հալէպի կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչին, բարեսիրական մարզական հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներուն, սուրիական լրատուական եւ արբանեակային կայաններուն, Կիլիկեան Ճեմարանի աշակերտութեան եւ ծնողներու, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Մ.-ի Սկաուտական շարքի փողերախումբին եւ ազգային հայրենասիրական կշռոյթին ներքոյ, Դամասկոսի բարեխնամ առաջնորդ՝ կիլիկեանցի Սրբազան Արմաշ եպիսկոպոսի ձեռամբ կատարուեցաւ Կիլիկեանի շինարարական աշխատանքներու հիմնաքարի բացումը։
Կիլիկեան Ճեմարանի նախակրթարանի բակի մուտքին Արմաշ Սրբազան կատարեց աւանդական աղի ու հացի օրհնութիւնը, Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի օրհներգները եւ սկիզբ առաւ պաշտօնական բաժինը:
Արդարեւ, Կիլիկեան ճեմարանի տնօրէնուհի տիկին Արփի Շէօհմէլեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց պատուական հիւրերուն: Ան իր ելոյթին մէջ ըսաւ.
$Այսօր Կիլիկեան Ճեմարանը ցնծութենէն կը դղրդայ եւ իր հնամեայ քարերը կեանքով կը ներշնչուին, հարիւրերեք ամեայ կրթական այս կառոյցին առաքելութեան ճամբով անգամ մը եւս պարծանք կը շողշողայ, փաստելով արար աշխարհին, որ Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանը կը մնայ եւ պիտի մնայ անառիկ ամրոց հալէպահայութեան ազգապահպանումի, փիւնիկի նման աւերակներու մէջէն վերակենդանացող, որովհետեւ ան ունի հաւատարիմ զաւակներ, որոնք Կիլիկեանի երդիքներուն ներքեւ ջամբած են ուսում եւ թրծուած են հաւատարմութեամբ ու հայրենասիրութեամբ#:
Տնօրէնուհին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բարերարներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց կարելին ըրին այս աշխատանքներուն յաջողութեան համար եւ այս մէկը պիտի դրոշմուի գերաշնորհ Արմաշ Սրբազան Հօր կողմէ, որ երախտագէտ Է Կիլիկեան Ճեմարանին, ուսանած ըլլալով այս յարկին տակ, եւ այսօր Արմաշ Սրբազանը կը դնէ հիմնաքարը նախակրթարանի բաժինի վերանորոգման աշխատանքներուն, ամրապնդելու Կիլիկեանի սրբազան առաքելութիւնը՝ դաստիարակելու մատղաշ սերունդները հայաշունչ ոգիով:
Ապա արաբերէնով խօսք առաւ պետական տնօրէն Զիատ Սալլում. ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամական կապին՝ ունենալով նոյն պահանջատիրական ոգին։
Եզրափակիչ խօսքին համար հրաւիրուեցաւ Արմաշ Սրբազանը, որ յուզումնախառն, սակայն հպարտութեամբ ունեցաւ իր ելոյթը: Սրբազան հայրը սկսաւ իր խօսքը՝ ըսելով. $Սիրելիներ, կ’ոջունեմ բոլոր պատասխանատուները, նուիրեալները, ծառայող-աշխատողները, փողերախումբի մեր պարման-պարմանուհիները եւ մեր սիրելի աշակերտները: Կրկին անգամ այստեղ կեցած եմ, այս բեմին վրայ, դողդոջուն շրթներով եւ սրտատրոփ, որովհետեւ ամէն անգամ երբ կ’անցնիմ եւ կը մտնեմ այս յարկէն ներս, իւրայատուկ զգացում մը կը պատէ սիրտս եւ մարմինս: Ես մեծ հպարտութեամբ կ’ըսեմ ու կ’արձանագրեմ՝ ես Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանի զաւակն եմ. իմ կեանքիս ընթացքը այնպէս եղաւ, որ առիթը ունեցայ ուսանելու Կիլիկեան Ճեմարանի յարկէն ներս, որմէ ետք Հայաստան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարան եւ ապա տարբեր համալսարաններ:
Եւ ամէն տեղ որ երթամ հպարտութեամբ Է որ կը յիշեմ, թէ իմ հոգիս թրծուած Է, պատրաստուած է, դաստիարակուած եմ այս մեծ կրթական հաստատութեան մէջ#։ Արմաշ Սրբազան վերահաստատեց Սփիւռքի մէջ Կիլիկեան Ճեմարանի դերը, թեւ եւ թիկունք ըլլալով իր սիրելի Կիլիկեանին։ Ան իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Մերձաւոր Արեւելքի գրասենեակին եւ Հոլանտայի Միացիալ Եկեղեցիներու կազմակերպութեան, որոնց աջակցութեամբ կարելի եղաւ իրականացնել այս աշխատանքը։
Իր խօսքը եզրափակելով, Արմաշ Սրբազան ըսաւ. $Այս մեր պարտքն է, մեր պարտականութեան ամենափոքրիկ կաթիլն է, որ կը բերենք մեր Կիլիկեանին, որուն տեսլականը փայլուն Է, եւ ուրկէ շրջանաւարտ աշակերտները պիտի տեսնենք բժիշկներ, ճարտարապետներ, երաժիշտներ, գրողներ, բարի եւ պատասխանատու հայրեր, նուիրեալ մայրեր եւ մանաւանդ հայրենիք կերտող, հայրենիք հիմնող եւ ապագայ կերտող նոր սերունդ, որովհետեւ այսօրուան մեր սուրիական հայրենիքին մէջ մեր իւրայատուկ ներկայութեամբ մեր ներդրումը ունինք մեր այն նուիրեալ երիտասարդներով, որոնք կը ծառայեն սուրիական բանակին, կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը թշնամիին բոլոր վտանգներէն, եւ որոնց վրայ ամենամեծ ծառայողը եւ ամենամեծ նուիրեալը մեր սուրիական հայրենիքի կերտման ղեկավարը՝ մեր սիրելի վսեմաշուք՝ Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ Ասատն է#։
$Պահպանիչ# աղօթքով վերջ գտաւ օրուան պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց յիշատակելի խմբային նկարներ: Ապա Կիլիկեան Ճեմարանի հոգաբարձութիւնը Արմաշ Սրբազանին հետ շրջեցաւ դպրոցի զանազան բաժինները եւ տուաւ եղած շինարարական աշխատանքներուն բացատրութիւնները։
Վարձքը կատար բոլորին, որոնք յաջողցուցին այս եզակի ծրագիրը:
ԳԷՈՐԳ ՎԱՀԱՆ ՏԱՂԼԵԱՆ