Կազմակերպութեամբ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանի Վարիչ Մարմինին, Շաբաթ, 20 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նիկոսիոյ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ տպաւորիչ հանդիսութիւն մը` նուիրուած Ֆրանսայի ազգային հերոս, բանաստեղծ, նահատակ Միսաք Մանուշեանի:
Հանդիսութիւնը կը հովանաւորէր Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան. կը նախագահէր կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ` պրն. Վարդգէս Մահտեսեան: Հանդիսութիւնը իր ներկայութեամբ պատուեց Կիպրոսի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան առաջին խորհրդական տիկ. Վերժինի Քորթեվալ. ներկայ էին Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս` պրն. Մարտիրոս Մինասեան, Ազգային Երեսփոխանական եւ Վարչական ժողովներու ատենապետները, կուսակցութեանց, գաղութահայ միութեանց եւ կազմակերպութեանց պատկառելի ներկայացուցիչներ, հանդիսականներ, ընկերներ եւ ընկերուհիներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Յանուն Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ Մարմինին, բացման խօսքը կատարեց ընկ.հի Վերգինէ Պէքարեան, որ, ողջունելով ներկաները, անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին. նաեւ շնորհակալութիւններ յայտնեց ձեռնարկին սիրայօժար մասնակիցներուն: Այնուհետեւ Մ. Մանուշեանի կեանքն ու գործը, նահատակութիւնն ու գաղափարականը ներկայացուց ընկ. Աւետիս Փոշօղլեան: Ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն Մ. Մանուշեանի կեանքն ու նահատակութիւնը ներկայացնող (ֆրանսերէն): Այնուհետեւ, տիկ. Վիքի Գույումճեանի խմբավարութեամբ, երեք երգերով հանդէս եկան Նիկոսիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ պարմանուհիներու եւ պատանիներու երգչախումբերը, որոնք ներկայացուցին ազգային հայրենասիրական երգեր` խորապէս տպաւորելով ներկաները: Ապա` Մ. Մանուշեանի` իր կնոջ Մելինէին յղած վերջին նամակը ընթերցեց ընկ.հի Նարկիզ Կտիկեան-Պէքարեան: Որմէ ետք, ֆրանսացի բանաստեղծ, քաղաքական գործիչ Լուի Արակոնի բանաստեղծութիւնը Մանուշեանի խումբին նուիրուած ֆրանսերէն ասմունքեց Ստեփան Տօնիկեան` ոգեւորելով ներկաները: Ապա` հանդէս եկաւ կիպրահայ անուանի սոփրանօ տիկ. Սոնա Գարգալոյեան` որ ներկայացուց յուզաթաթաւ երեք երգեր Կոմիտասէն եւ օտար երգահանէ: Ան մեծապէս տպաւորեց հանդիսականները իր մելանոյշ ձայնով. իրեն դաշնամուրով կþընկերանար տիկ. Լիլիա Խաչատրեան:
Ապա, յանուն Ֆրանսայի դեսպանութեան խօսք փոխանցեց տիկ. Վ. Քորթեվալ, որ բարձր գնահատեց եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Մանուշեանին ու իր խումբին, շեշտելով որ անոնք ինկան Ֆրանսայի ազատութեան եւ ֆրանսական արժէքներուն համար: Ան Ֆրանսայի կառավարութեան նախաձեռնութիւնը` Մանուշեանի վերայուղարկաւորման առնչութեամբ, համարեց բացառիկ քայլ բացառիկ անձնաւորութեան մը համար: Հուսկ, սրտի խօսք փոխանցելով, Խորէն արքեպիսկոպոս գնահատեց ձեռնարկը, կոչ ուղղեց համախմբուած աշխատանքի եւ ընդգծեց նահատակութեան գաղափարը վեհօրէն հասկնալու կարեւորութիւնը: Ան շեշտեց առողջ սերունդներու կերտման կարեւորութիւնը, ազգային արժէքներու տէր կենալու հրամայականը: Ա՛յս կը պատգամեն նահատակները` անցեալէն այսօր եւ մանաւանդ յանուն Արցախի ինկած հերոսական փաղանգները: Ան ընդգծեց հողին տէր կենալու միտքը, որ կþըլլայ անգին զոհողութեամբ եւ նուիրումով: Ապա ՙՊահպանիչ՚ով վերջ գտաւ սոյն պատկառելի հանդիսութիւնը:
ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ
Այսօր, հաւաքուած ենք այստեղ, մեծարելու համար բացառիկ անհատականութիւն մը, որ իր ինքնամոռաց գործունէութեամբ եւ ապա նահատակութեամբ, դուրս գալով նեղ-հայկական պարունակէն, դարձաւ Ֆրանսայի ազգային հերոս: Գրեթէ անծանօթ անուն մը պիտի մնար ան` եթէ ֆրանսական կառավարութիւնը, պարտն ու պատշաճը յարգելով` չպանծացնէր իր երկրին անձնուրաց մարտիկն ու նահատակը. չխոնարհէր անոր յիշատակին ընդառաջ:
Ո՞վ էր այս անհատականութիւնը, որ նուաճեց սէրն ու յարգանքը օտարներու եւ հայոց` հաւասարապէս: Միսաք Մանուշեան ծնունդն է Ատըեաման քաղաքին, 1906 Սեպտեմբեր մէկին: Բազմազաւակ ընտանիքի որդի` իր մանկութեան առաջին տարիները կþանցընէ Եփրատ գետի ափին: Սակայն, թրքական եաթաղանը, սրածելով այդ քաղաքին հայութիւնը եւս` անոր հայրը զոհ կþերթայ ցեղասպանութեան. հայրը կþիյնար զէն ի ձեռին` դիմադրական պայքարի ընթացքին: Անկէ ետք` փոքրիկն Միսաք, իր ընտանիքին միւս անդամներով, կը կիսէ ահազարհուր ճակատագիրը հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն հետ: Եւ ինք, մոլորած խլեակ մը որպէս, կը հասնի սուրիական անապատներ: Փրկուելով անապատի տօթ ու տապէն, զատուելով ընտանիքին միւս անդամներէն, իր երէց եղբօր` Կարապետին հետ կը փոխադրուի Լիբանանի Ճիւնի քաղաքին որբանոցը, ուր կը մէկտեղուէին որբացած փոքրիկ բեկորները տարագրուած հայութեան: Այս մասին ան պիտի գրէր`
Ետին եմ թողած բնութեան մէջ սնած մանկութիւնս արեւ
Եւ թշուառութեամբ, զրկանքով հիւսուած որբութիւնն իմ սեւ.
Դեռ պատանի մþեմ թուղթի եւ գրքի երազէն գինով
Կþերթամ հասուննալ գիտակցութեան ու կեանքի վաստակով:
Որբանոցային կեանքը դառն յիշատակներ կը թողու բնականաբար: Իր ուսուցիչներէն Գրիգոր Պօղարեան Կարապետին եւ Միսաքին մասին կը վերյիշէ` ՙԵրկուքն ալ լռին ու խոհական: Իրենց կարգերուն առաջիններէն չէին, բայց լաւ կը սերտէին եւ լաւ կþիւրացնէին: Միսաք մոլի ընթերցող մըն էր, նուազ խաղասէր, մենամոլ ըլլալու աստիճան: Քիչ մը` պինդ-գլուխ, հաստատակամ: Քիչ ատեն զինք կրնայիր տեսնել ժպտուն, ընդհակառակը, Կարապետ ժպտուն էր եւ կատակասէր՚: Որբանոցին մէջ լոյս կþընծայուէր ՙԱյգ՚ անունով երկշաբաթաթերթ մը, որուն գողտրիկ բանաստեղծութիւններով կþաշխատակցին Կարապետ եւ Միսաք եղբայրները: Ուրեմն` ժառանգականօրէն, անոնք ունէին բանաստեղծական հակումներ:
Արդէն երիտասարդութեան սեմին` որբանոցի բազմաթիւ սաներուն հետ, Մանուշեաններ կը տեղափոխուին Ֆրանսա` նախ Մարսէյլ եւ ապա Փարիզ` 1925 թուականի վերջին: Հոն կը դառնայ բանուոր զանազան գործարաններու մէջ: Ականատես կþըլլայ վաշխառուներու կողմէ բանուորներու դաժան շահագործման: Վաղահասօրէն կը կորսնցնէ եղբայրը` Կարապետը, որ հոգեպէս ծանր կþազդէ իր վրան: Քիչ ետք, կը դառնայ գործազուրկ եւ ինքզինք կը նուիրէ ինքնաշխատութեան, ընթերցանութեան եւ ապա ազգային-հասարակական կեանքի: Կը յաճախէ գրադարաններ եւ հոն կը ծանօթանայ ֆրանսահայ երիտասարդ բանաստեղծ Ա. Սեմայի հետ, որուն իսկական անունը Գեղամ Աթմաճեան էր, որ 1940 թուականի Մայիսին, Մանուշեանէն առաջ, պիտի նահատակուէր նացիստական Գերմանիոյ դէմ պատերազմի ընթացքին, երբ կը ծառայէր ֆրանսական բանակի տասնապետ որպէս: Մանուշեան եւ Սեմա կը նախաձեռնեն եւ կը հիմնադրեն Ֆրանսահայ Նորագոյն Գրողներու Միութիւնը եւ կը հրատարակեն ՙՋանք՚ թերթը: Այդ թերթին էջերէն լոյս կը տեսնեն Մանուշեանի շարք մը բանաստեղծութիւնները:
1933-ի ձմրան օր մը բախտորոշ կþըլլայ Միսաքի համար: Ան կը գտնուէր պարահանդէսի մը, կազմակերպութեամբ Հայ Օգնութեան Կոմիտէի (ՀՕԿ): Այս կազմակերպութիւնը Խորհրդային Հայաստանի նեցուկ կանգնող համասփիւռքեան ընդարձակ շարժում մըն էր: Պարահանդէսին, ՙվալս՚ պարելու կը հրաւիրէ Մելինէն: Երկուքն ալ ՀՕԿ-ի երիտասարդ անդամներ էին: Եւ ահա կը սկսի սիրոյ օրինակելի պատմութիւն մը, որ պիտի տեւէր ցկեանս` մինչեւ իրենց մեծաշուք ու հանդիսաւոր վերայուղարկաւորումը, ասկէ ճիշդ երկու ամիս առաջ` 21 Փետրուար 2024-ին` Փարիզ: Մելինէ եւս որբուհի մըն էր, Յունաստանի որբանոցէն Փարիզ հաստատուած: Երկու բախտակից, գաղափարակից, կուսակից, մարտակից սիրտեր անքակտելիօրէն պիտի միանային եւ միասնաբար պիտի պայքարէին գերմանական զաւթիչ ուժերուն դէմ` սրտառուչ դրուագներ պարգեւելով յետնորդ սերունդներուն:
Մանուշեաններ, ուսընդուս, հետզհետէ, կը ներգրաւուին հասարակական պայքարի մէջ: Միսաք, 1935-ին կը հիմնէ եւ կը խմբագրէ ՙԶանգու՚ շաբաթաթերթը, ուր կը հրապարակէ յանդուգն յօդուածներ ի նպաստ բանուորական պայքարին, հաւասարութեան, կը քննադատէ ֆաշիզմն ու դրամատիրութեան անողոք կարգերը: Թերթը լոյս կը տեսնէ մինչեւ 1938 թուական: Ան կը դառնայ ՀՕԿ-ի քարտուղար, կը մասնակցի համագումարներու, աչքի կը զարնէ իր յախուռն ելոյթներով, կը շահի համակրական լայն շրջանակ:
1939-ին, արդէն նախանշանները կային Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին: Բնականաբար, նացիստական Գերմանիան լայնածիր յարձակում պիտի կատարէր Ֆրանսայի դէմ: Եւ ահա գերմանամէտ ֆրանսական կառավարութիւնը կը սկսի ձերբակալել կասկածելի յեղափոխականներ, որոնց շարքին` Միսաք Մանուշեանը: Ան կը բանտարկուի Սանտի բանտը: Մի քանի ամիս ետք, զօրակոչուելու պատրուակով ազատ կþարձակուի եւ կը մեկնի ռազմաճակատ: Գերմաններ կը գրաւեն Փարիզը եւ կþուղղուին դէպի հարաւ: Մանուշեան կը զօրացրուի եւ կը վերադառնայ Փարիզ: Դարձեալ կասկածի ենթարկուելով, կը ձերբակալուի եւ կը նետուի Կոմպիէնի տխրահռչակ ճամպարը: Հոնկէ, խումբ մը ընկերներով կը յաջողի փախչիլ: Կը վերադառնայ Փարիզ, ուր չհանդուրժելով նացիներու լպիրշ ու սանձարձակ ներկայութիւնը, կը սկսի ծաւալել ընդյատակեայ գործունէութիւն` թիրախաւորելով գերմանացի զաւթիչ զինուորներ, բարձրաստիճան զինուորականներ, ռազմական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ: 1942-ին, ան կը դառնայ Ֆրանսայի դիմադրական շարժման հայկական ջոկատին ղեկավարը, աւելի ուշ` ներգաղթողներէ բաղկացած ընդյատակեայ խումբին հրամանատարը: Իրենք ազատ հրձիգներ էին, որ անակնկալ գրոհներով, անսպասելի պահերու, կը յարձակէին թշնամի ուժերու վրայ` հնձելով անհաշուելի զոհեր: Երկար է ցանկը Մանուշեանի խումբին հերոսական ու մարտական գործողութիւններուն: Գլխաւոր նշաւակները եղան գերման զօրավարներ Ռիթեր եւ Շաումպերկ: Փաստօրէն, այս խումբը, ուրուականի նման, ահ ու սարսափ կþազդէր բռնագրաւիչներուն: Այդ պատճառով, անոնք ամէն միջոցի ձեռնարկեցին բացայայտելու խումբին ղեկավարն ու անձնդիր անդամները: Այս խումբը կը կոչուէր Ստալինկրատ: Նշենք, որ այս խումբը ունէր նաեւ իգական սեռին պատկանող օժանդակ օրիորդներ եւ տիկիններ, որուն կարկառուն դէմքերէն էր Մելինէ Մանուշեան: Ան ուղղակի կապի մէջ էր Շարլ Ազնաւուրի մօր հետ, որ նոյնպէս իր գործօն դերակատարութիւնը ունէր ֆրանսական դիմադրական շարժման: Մելինէ եւ իր գաղափարակիցները զէնք կը հայթայթէին, միջոցներ կþապահովէին դիմադրութեան մարտիկներուն:
Ֆաշիստ գերմաններու երկարատեւ մղձաւանջը վերջ գտաւ 16 Նոյեմբեր 1943-ին, երբ մատնութեան մը հետեւանքով, ֆաշիստական Կէսթափոն ձեռք ձգեց իր ամենաբաղձացուած որսը` Մանուշեանն ու իր խմբակը` քսաներկու անդամներէ բաղկացած: Անոնք կը նետուին Ֆրէն բանտին նկուղները` կրելով ամենածանր տառապանքները` ծեծ, ծաղր ու ծանակ, հայհոյանք. երեք ամսուան ընթացքին կը հիւծին քսաներեք անվեհեր մարտիկները: Մինչ` գերմանամէտ տարրեր ու թերթեր կը ցնծան իրենց զոհերուն ի տես, անդին` հակաֆաշիստ խումբեր կþոգեւորուին պայքարի նոր ոգիով: Հերոսացած էին Մանուշեանն ու իր խումբին քաջերը: Անոնք տարբեր ազգի կը պատկանէին` ֆրանսացի, իտալացի, հրեայ, հունգարացի, լեհ, նաեւ ուրիշ հայ մը` Արփեն Դաւիթեան: 21 Փետրուար 1944-ին, Փարիզի ռազմական դատարանը կþարձակէ անխուսափելի վճիռը` գնդակահարութիւն քսաներեք մարտիկներուն, որուն ցանկը կը գլխաւորէր Միսաք Մանուշեան: Այսպիսով, իր լրումին կը հասնէր ոդիսականը այս որբացած հայուն, վրիժառուին, բանաստեղծին, գաղափարի զինուորին, հաւատաւոր հայրենասէրին: Ան կþիյնար յանուն Ֆրանսայի ազատութեան:
Միսաք Մնուշեանի վերջին կտակը պէտք է համարել բանտախուցէն իր յղած նամակը իր տիկնոջ` Մելինէին: Այդ գրուած է իր նահատակութենէն քիչ առաջ: Սա կարելի է սեպել նմուշ մը սիրոյ բուռն արտայայտութեան, միջազգային չափանիշի գեղարուեստական կտոր մը. ան կը գրէ` ՙԻմ ամենասիրելի որբուկս: Մի քանի ժամէն յետոյ այլեւս պիտի չըլլամ այս աշխարհի վրայ՚, ապա` ՙՔիչ յետոյ, իմ քսաներկու ընկերներուս հետ, ես կը մեռնիմ քաջութեամբ եւ հոգեկան անդորրութեամբ մարդու մը, որու խիղճը շատ հանգիստ է, որովհետեւ ես անձամբ ոչ ոքի վնաս չեմ հասցուցած: Այսօր արեւոտ օր է. արեւին եւ իմ այնքան սիրած գեղեցիկ բնութեանը նայելով է, որ մնաք բարով կþըսեմ կեանքին եւ ձեզ բոլորիդ՚ եւ կþեզրակացնէ` ՙշատ ուժով կը համբուրեմ քեզ, կրծքիս վրայ կը սեղմեմ բոլորիդ: Մնաք բարով: Քո բարեկամ, քո ընկեր, քո ամուսին՚: Ան Մելինէին կը յանձնարարէ` վերամուսնանալ, զաւակ ունենալ իր պատուին եւ երթալ ու հաստատուիլ Խ. Հայաստան: Ի հարկէ, Մելինէն չամուսնացաւ: Բայց գնաց Հայաստան, ապրեցաւ հոն եւ աւելի ուշ վերադարձաւ Ֆրանսա: Հետաքրքրական է յիշել, որ երբ Փարիզի մէջ տեղի կþունենար 24 Սեպտեմբեր 1981-ին, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին (ԱՍԱԼԱ) կազմակերպած Վան գործողութեան մարտախումբին դատավարութիւնը, Մելինէ Մանուշեան դատարան կը ներկայանար որպէս ականատես մը Հայոց Ցեղասպանութեան, վերապրող մը թրքական եաթաղանէն:
1955-ին, ֆրանսացի ականաւոր բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ Լուի Արակոն, բանաստեղծութիւն մը կը նուիրէր Մանուշեանի խումբին նուիրուած, որ լայն տարածում գտաւ ժողովուրդին մէջ: Հոն կը կարդանք`
Մահուան վերջին շնչում ո՛չ փառք պահանջեցիք,
Ո՛չ արցունք ու աղօթք, ո՛չ երգեհոն` երգով:
Տասնմէկ տարի անցաւ, արագ ու վաղանցիկ,
Երբ դուք կռւում էք ձեր հասարակ զէնքով,
Հեռացնելով աչքից մահուան խաւարն անծիր:
Ձեր պատկերներն էին փակցրել պատերին մեր,
Մօրուքներով սեւցա՛ծ, ազդո՛ւ, սպառնական,
Արեան բծեր էին պլակատները ձեր,
Ծանր էր անուններդ արտասանելն անգամ,
Եւ ամէն ոք ձեզնից պիտի ահաբեկուէր:
Քսաներեք էին` հրացանների դիմաց,
Քսաներեք հոգի` անժամանակ մարող,
Քսաներեք օտար` մեզ հետ եղբայրացած,
Եւ նրանք էլ, կեանքը մեռնելու չափ սիրող,
ՙԿեցցէ՛ Ֆրանսա՚ էին գոչում` ընկնելով ցած:
Ֆրանսական կառավարութիւնը յետմահու Մանուշեանին կը պարգեւատրէ Պատուոյ Լեգէոն շքանշանով. զինք կը կոչէ ազգային հերոս. Փարիզի մէջ փողոց կայ Մանուշեանի խումբին անունով, պուրակ մը Մարսէյլի մէջ, կիսանդրիները` մի քանի տեղ: Երեւանի մէջ` դպրոց մը կը կոչուի Միսաք Մանուշեան, պուրակ մը իր անուամբ: Իր մասին գրուած են բազմաթիւ գիրքեր:
Այժմ` երկու հարց.- արդեօ՞ք Մանուշեան մարտնչեցաւ միայն Ֆրանսայի ազատութեան համար: Այն Ֆրանսային` որուն քաղաքականութեան հետեւանքով Կիլիկիան դրուեցաւ զոհասեղանին` 1920-ին, Կիլիկիան կորսնցուցինք ֆրանսական խոստումներէն ետք` 1922-ին, որուն զոհերուն զաւակներն ենք մենք բոլորս: Այն Ֆրանսային, որ 1938-ին Իսկէնտէրունի նահանգը, Սուրիայէն պոկելով, յանձնեց Թուրքիոյ, որուն պատճառով դատարկուեցան եւ հայաթափուեցան Մուսա Լերան հայաբնակ գիւղերը, Իսկէնտէրունի, Անտիոքի, Քըրքխանի, Պէյլանի հայաշատ վայրերը: Ո՛չ, Մանուշեան մարտնչեցաւ ֆաշիզմին դէմ, քանզի եթէ ֆաշիզմը յաջողէր նուաճել Կովկասը` լրջօրէն պիտի սպառնար Խ. Հայաստանն գոյութեան: Մանուշեան կռուեցաւ յանուն հեռաւոր հայրենիքին անվտանգութեան: Նաեւ` ֆաշիզմին դէմ պայքարող ֆրանսահայ, ամերիկահայ կամ Խորհրդային Միութեան հայ զինուորները խորքին մէջ կը կռուէին վրիժառութեան ոգիով առլցուն, քանզի քաջ գիտէին թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ետին կար Գերմանիան: Իթթիհատ կուսակցութիւնը ունէր նեցուկն ու օրհնութիւնը գերմանական զօրքին` երբ կը կոտորէր հայութիւնը սանձարձակօրէն: Աւելին` գերմանացի զինուորներ աշխուժօրէն մասնակցեցան տարբեր վայրերու հայաջնջման` ինչպէս Ուրֆա, Վան եւ այլուր:
Երկրորդ` Մանուշեան քէն չպահեց երկդիմի եւ խոստումնադրուժ Ֆրանսայի հանդէպ: Ան երախտագէտ էր այդ երկրին` որովհետեւ բնակիչն էր անոր, գտած էր ապաստան ու երդիք: Արդարեւ, հայը ուր ալ գտնուի, որպէս շնորհակալութեան դրսեւորում, պարտաւոր է ապրիլ տուեալ երկրին ցաւերով ու պայքարով: Այս առթիւ, յանուն Հնչակեան Կուսակցութեան Կիպրոսի միաւորին, մեր երախտագիտութեան խօսքը պարտինք ուղղել կիպրական բարեխնամ, հայրախնամ եւ հայասէր կառավարութեան ու ժողովուրդին: Մենք, Կիպրոսի հանդէպ ունինք ամենաջերմ զգացումները, քանզի այս ասպնջական հողին վրայ, շնորհիւ Կիպրոսի լայնսիրտ ու հոգատար պետութեան, կրնանք պահել ու պահպանել դպրոց, լեզու, մշակոյթ, եկեղեցի եւ կենսունակ համայնք: Հետեւաբար` բի՜ւր ողջոյններ Կիպրոսի եղբայրական ժողովուրդին: Թող միշտ պինդ ու անքակտելի մնայ հայ-կիպրական եղբայրութիւնն ու անդաւաճան բարեկամութիւնը:
Յարգանք` Միսաք Մանուշեանի անթառամ յիշատակին:
Փա՛ռք ազատութեան համար զոհուած հայ, կիպրացի, ֆրանսացի բոլոր նահատակներուն: