Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՈՅԻ ՄԷՋ

April 29, 2024
in Գաղութային
0
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՈՅԻ ՄԷՋ

Ապրիլ 24-ին Մոնթեվիտէոյի «Արմէնիա» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառում: Ուրուկուահայ Բազմամիութենական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կայացած միջոցառման շրջանակներուն մէջ ելոյթներով հանդէս եկան ՀՀ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մարիամ Գէորգեանը եւ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Փոլ Սեյթրեն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Ուրուկուէյի կառավարութեան ու ժողովուրդին՝ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ առաջամարտիկ ըլլալու եւ ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած հայերը ընդունելու համար, Մ. Գէորգեան ընդգծեց, որ Ուրուկուէյը բոլոր դժուարին պահերուն մշտապէս եղած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին:

Ֆրանսայի դեսպանը իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Ֆրանսան Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնած առաջին երկիրներէն է եւ օրէնքով ճանչցած է զայն: Բարձր գնահատելով հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ դեսպանը վստահեցուց, որ այն պիտի շարունակէ ամրապնդուիլ եւ Ֆրանսան այսուհետ եւս անվերապահօրէն պիտի աջակցի Հայաստանին: Ֆրանսայի դեսպանը նաեւ մէջբերեց Հայաստանի մասին աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի խօսքերէն: Դեսպանը իր ելոյթին մէջ նաեւ անդրադարձաւ Միսակ եւ Մելինէ Մանուշեաններուն եւ անոնց կեանքի կարեւոր դրուագներուն։

Բազմամիութենական կազմակերպութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ՍԴՀԿ Ուրուկուէյի Վարիչ մարմինի փոխատենապետուհի ընկերուհի՝ Լաուրա Ասլանեանը։ Վերջինս իր խօսքին մէջ նշեց, որ ցեղասպան քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ կը շարունակուի մինչ այսօր, որուն վառ ապացոյցն է արցախահայութեան դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած ցեղային զտումն ու բռնի տեղահանումը, որ միջազգային հանրութիւնը չկանխեց։ Ընկերուհի Ասլանեան հայութեան կոչ ըրաւ ինքննադատաբար մօտենալու հարցին՝ հասկնալու համար, թէ որո՞նք են մեր սխալներն ու բացթողումները այս հարցին մէջ։ Նաեւ պէտք է շեշտել Սփիւռքի դերակատարումը այս հարցին մէջ. արդեօ՞ք տեղին է եւ օրինական, որ արտասահմանէն փորձեն սասանել Հայոց պետականութեան կայունութիւնը եւ քաղաքական շահեր հետապնդել, երբ պետութեան ապագան վտանգի մէջ է։ Մեր մօտեցումը այն է, որ աւելի քան երբեւէ Սփիւռքը պէտք է կանգնի Հայոց պետութեան կողքին, որուն գլխաւոր պահանջը պիտի ըլլայ պետութեան հզօրացումն ու  ժողովրդավարական հիմնարկները յարգելը։

Միջոցառման շրջանակներուն մէջ Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետարանին որոշմամբ բացուեցապ յուշատախտակ՝ ի պատիւ Անթոնիօ Ռուբէնեանի, որ հանդիսացած է «Հայաստան» հրապարակի բացման հիմնական նախաձեռնողը եւ ռատիօ «Արմէնիա»-ի հիմնադիր տնօրէնը շուրջ 58 տարի:

Միջոցառման ներկայ էին Ուրուկուէյի արտաքին յարաբերութիւններու նախարարի տեղակալ Նիքոլաս Ալպերթոնին, զբօսաշրջութեան նախարար Էտուարտօ Սանկինեթթին, Մոնթեվիտէոյի քաղաքապետ Մաուրիսիօ Սունինօն, առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Խօսէ Լուիս Սաջեանը, շարք մը խորհրդարանականներ եւ քաղաքական-հասարակական գործիչներ, օտարերկրեայ դեսպաններ, դպրոցականներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Հանդիսութեան աւարտին առաջնորդ սրբազան՝ Յակոբ արքեպիսկոպոս Գլընճեանի գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչները աղօթեցին նահատակներու յիշատակին համար:

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԳԱՏԻՐ ԱԳԸՆԻ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.