Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԳԱՏԻՐ ԱԳԸՆԻ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ

April 29, 2024
in Գաղութային
0
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԳԱՏԻՐ ԱԳԸՆԻ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ

Կազմակերպութեամբ ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմինին, Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ի երեկոյեան, շքեղ ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ ՀԿԲՄ-ի կեդրոնին մէջ, ի պատիւ RED ֆիլմի բեմադրիչ եւ արտադրիչ, ինչպէս նաեւ գիրքերու հեղինակ Գատիր Ագընի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլանի:

Ողջերթի սոյն նախաձեռնութեան ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան, ինչպէս նաեւ կուսակցական մասնաճիւղերու, ՀՄՄ-ի, Նոր Սերունդ մշակութային միութեան, Հայ ամերիկեան խորհուրդի, ՀԿԲՄ-ի եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց հանդիսավար Հերի Իւնել: Ապա ելոյթ ունեցաւ Հայ ամերիկեան խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան` ներկայացնելով «Մասիս» հրատարակչականի աշխատանքները` Հնչակեան կուսակցութեան արխիւները մէկտեղելու նպատակով:

Այս առթիւ ողջոյնի ջերմ խօսքերով ելոյթներ ունեցան շրջանիս Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Վազգէն Խոտանեան եւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան: Անոնք դրուատելէ ետք զոյգ հիւրերու՝ Գատիր Ագընի եւ Կարօ Փայլանի օգտաշատ ներդրումներն ու հայանպաստ ծառայութիւնները, նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին իրենց հետագայ ծրագրերուն:

Շնորհակալական ելոյթով հանդէս եկաւ Գատիր Ագըն եւ գովեստով արտայայտուեցաւ հայաշատ վայրերու մէջ իր անձին հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ ու յարգալիր ընդունելութեանց համար:

Կարօ Փայլան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ հաւատացող մըն է մեր գաղափարախօսութեան: Իսկ  անդրադառնալով ժամանակակից իրավիճակին, ըսաւ.  «Պատմութենէն հարկ է դասեր առնել եւ հարցերը այս ձեւով պէտք չէ շարունակուին: Շատ բան փոխուեցաւ երկրաշարժին առթիւ…: Ազգայնականներն ալ փոխուեցան….: Մենք պէտք է կամուրջներ շինենք…: Դժուար է նախապաշարումները փոխել: Եկէք, միասնաբար սիրով աշխատինք», յարեց Կ. Փայլան, վերապահ լաւատեսութիւն մը արտայայտելով իր եզրափակիչ խօսքին մէջ:

Աւարտին, ներկաները իրենց հետ տարին Գատիր Ագընի հրատարակած պատմա-վաւերագրական հատորներէն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԵՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԱՒԱՆԴԸ

Next Post

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՈՅԻ ՄԷՋ

Next Post
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՈՅԻ ՄԷՋ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՈՅԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.