Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԵՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԱՒԱՆԴԸ

April 29, 2024
in Գաղութային
0
«ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ԵՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ԱՒԱՆԴԸ

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի ատենապետուհի՝ տիկին Անահիտ Տանձիկեան իր վարչական, սիրելի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ այցելութիւն մը կատարեցին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայրավանք, Ուրբաթ, 26 Ապրիլ 2024, առաւօտեան ժամը 9։45-ին:

Այցելութիւնը սկսաւ նախ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայրավանքին մէջ աղօթքով։ Մեր Ապրիլեան նահատակներուն հոգիներուն համար աղօթք բարձրացուցինք առ Աստուած։

Ապա, մեկնեցանք «Կիլիկիա» մատենադարանի շէնքը։

Մեզ սիրալիր ընդունեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչը։ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանը հիմնուած է երջանկայիշատակ Տ. Բաբգէն Ա. աթոռակից կաթողիկոսին կողմէ 1931-ին:

Ան մատենադարանի մասին խորունկ եւ յստակ տեղեկութիւն փոխանցեց, որ շատ հետաքրքրական էր։ Ապա ուղղուեցանք չորսյարկանի «Կիլիկիա» թանգարանը, որ Լիբանանի թանգարաններու ցանկին մէջ մեծ կարեւորութիւն ունի։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրով զարգացաւ «Կիլիկիա» թանգարանը։

Մեզ ընդունեց տիկին Նարէն, որ մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցեց, թէ ինչպէս Սիսի կաթողիկոսութեան թանկարժէք գոյքերը, Միւրոնի կաթսան, Սուրբ մասունքները, ձեռագիրքերը, ծիսական զգեստները եւ այլ հոգեւոր հարստութիւնները կարողացան գաղթի ճամբուն վրայ Սիսէն դէպի Հալէպ, ապա Անթիլիաս փոխադրել կառքերու վրայ, դիմագրաւելով բազմաթիւ դժուարութիւններ։

«Կիլիկիա» թանգարանի բացումը կատարուած է 1998-ին: Յատկանշական էին հետեւեալ նիւթերը։ Մասունքներ եւ մասնատուփեր  – ոսկերչութիւն / ասեղնագործութիւն եւ ծիսական զգեստներ – ձեռագիրներ / Տպագիր գիրքեր – խաչքարեր – դրամանիշեր / Հնագիտական ցուցանմուշներ – գորգեր եւ վիժակներ – կերպարուեստ:

Այժմ, «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչն է Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանը։

Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի կազմակերպած այցելութիւնը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համալիրէն ներս մեծ գոհունակութիւն պատճառեց այցելուներուն։ Ներկաները ունկնդիր եւ ականատես ըլլալով տրուած տեղեկութիւններուն, անոնք զգացին իրենց հոգիներուն մէջ զուտ հայապահպանութիւն եւ զօրաւոր հաւատք մեր ոգեղէն արժէքներուն եւ տոհմիկ աւանդութիւններուն նկատմամբ։

Արժեւորենք մեր հոգեւոր հարստութիւնը եւ ծանօթացնենք բոլորին։

 

 

ԱՆԱՀԻՏ ՊՈՒԼՏՈՒՔԵԱՆ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑԷ ԱՆԻԻ ԿԱՄՈՒՐՋԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ ԻՐ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ. ՄԱՐԳԱՐԱ-ԱԼԻՋԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱՅԻՆ ԱՆՑԱԿԷՏԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՇԱՀԱԳՈՐԾՄԱՆ

Next Post

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԳԱՏԻՐ ԱԳԸՆԻ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ

Next Post
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԳԱՏԻՐ ԱԳԸՆԻ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ Ի ՊԱՏԻՒ ԳԱՏԻՐ ԱԳԸՆԻ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.