Հայաստանը շուտով Թուրքիոյ պիտի փոխանցէ Անիի կամուրջի վերականգնման շուրջ իր մօտեցումները: Այս մասին յայտնած է Աարտաքին գործերու նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Թուրքիան Հայաստանին փոխանցած է Անիի կամուրջի վերանորոգման վերաբերեալ արձանագրութիւն, որ ներկայիս լրամշակման փուլի մէջ է եւ յառաջիկային պիտի փոխանցուի թրքական կողմին։
Ինչ կը վերաբերի Մարգարա-Ալիջան սահմանային անցակէտին, ապա գերատեսչութիւնը կը վստահեցնէ, որ անցակէտի վերանորոգման աշխատանքները աւարտած են, այն պատրաստ է շահագործման: