Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու ֆետերասիոնը Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առնչութեամբ ոգեկոչման միջոցառում պիտի ունենայ։ Միջոցառումը պիտի կրէ «Արդարութիւն հաստատել` այն ժամանակ եւ այժմ» խորագիրը:
Միջոցառման ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիքթոր Պիյակովը, Հոլանտայի խորհրդարանի պատգամաւորներ Իսայ Քահրամանը, Տոն Սետերը, նախկին պատգամաւոր Հարի Վան Մոմելը, «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն»-ի ներկայացուցիչ Կասիա Աբգարեանը։
Ոգեկոչման միջոցառումը կազմակերպուած է Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հովանիին ներքոյ։