Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման պատմական քայլով այս շաբաթը կը նշանաւորուի երկու պետութիւններուն միջեւ ընդլայնուած տնտեսական, ընկերային եւ ռազմավարական համագործակցութեան հնարաւորութիւններու նոր դարաշրջանի մեկնարկով: Այս իրադարձութեան կարեւորութիւնն ու դրական ազդեցութիւնը կրնայ հսկայական ըլլալ Հայաստանի համար։ Սէուտական Արաբիան տարածաշրջանային ազդեցիկ տէրութիւն է, որ զգալի ազդեցութիւն ունի արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ: Աւելի յստակ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութիւնը կրնան արգասաբեր գործընկերներ դառնալ՝ կառուցելու այնպիսի ապագայ, ուր կը կարեւորուի մարդկային ներուժը եւ նոր թափ կը հաղորդուի պետութեան զարգացման:
Հայաստանի համար այդ յարաբերութիւններու զարգացումը անոր արտաքին քաղաքականութեան բազմազանեցման ցուցիչ է, եւ միաժամանակ աջակցութիւն այդ գործընթացին։ Հայաստանը անցում կը կատարէ մէկ գործընկերոջմէ չափազանց կախուածութեան դարաշրջանէն դէպի այլ երկիրներու հետ աշխոյժ յարաբերութիւններու հաստատման: Յանձին Սէուտական Արաբիոյ, Հայաստանը պիտի յարաբերի երկրի մը հետ, որ աչքի կ՛իյնայ գործընկերային ռազմավարութիւններու բարձր արհեստավարժութեամբ, արտասահմանի մէջ ներդրումներ կատարելու համար զգալի ֆինանսական ներուժով եւ այնպիսի համագործակցութիւններու հաստատմամբ, որ կ՛օգնէ անոր զարգացնել նորարարութիւնները երկրին մէջ: Սա բարենպաստ պահ է ընդհանուր արժէքներու եւ հետաքրքրութիւններու ուրուագծման համար, որոնք այնուհետեւ պիտի օգնեն իրագործելի, փոխշահաւէտ նպատակներու սահմանման: Հայաստանի համար կարեւոր պիտի ըլլայ հաւասարակշռութեան եւ փոխադարձութեան արձանագրումը՝ քարտէզագրելով Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուող առաջարկները։ Միեւնոյն ժամանակ, Հայաստանը պէտք է ռազմավարական առաջարկներ ներկայացնէ Սէուտական Արաբիոյ՝ ի աջակցութիւն իր զարգացման:
Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, ընդհանուր առմամբ, նշանակալի դրական իրադարձութիւն է նաեւ Հարաւային Կովկասի համար: Հաշուի առնելով Սէուտական Արաբիոյ հսկայական միջոցները եւ անոր յաւակնութիւնները՝ որպէս աճող տէրութիւն, Թագաւորութիւնը կրնայ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ տարածաշրջանի կայունացման եւ կայուն զարգացման գործին մէջ: Սէուտական Արաբիան կրնայ միջնորդական դեր խաղալ՝ օգնելով կանխելու ապագայ հակամարտութիւններու յառաջացումը։ Սակայն նոյնիսկ աւելի անուղղակի մօտեցման պարագային Սէուտական Արաբիան կրնայ նպաստել կայունութեան հաստատման իր դիւանագիտական լծակներու եւ բոլոր կողմերու հետ փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման առանցքային ոլորտներուն մէջ երկարաժամկէտ ներդրումներ կատարելու միջոցով:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կ՛առանձնանայ իւրօրինակութիւններով։ Այն իրեն կը ներկայացնէ որպէս իրաւարար տնտեսական բարգաւաճման եւ կայուն խաղաղութեան հարցերու մէջ: Այն նաեւ իրեն կը դիրքաւորէ որպէս չէզոք երկիր, որ կրնար յարաբերութիւններ պահպանել Միացեալ Նահանգներու հետ եւ միեւնոյն ժամանակ ամուր յարաբերութիւններ ունենալ Ռուսաստանի հետ: Այն նոյնիսկ աշխատանքային դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է նախկին տարածաշրջանային մրցակիցներու հետ, ինչպիսիք են՝ Թուրքիան եւ Իրանը։ Չինաստանի միջնորդութեամբ Սէուտական Արաբիան եւ Իրանը պայմանաւորուած են վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները Իսրայէլի եւ Համաս-ի միջեւ պատերազմէն անմիջապէս առաջ: Սա Սէուտական Արաբիոյ հնարաւորութիւն կու տայ իրաւահաւասար հիմունքներով համագործակցիլ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրներուն հետ՝ չենթարկուելով հակամարտող կողմերու բեւեռացման։
Բազմակողմանիութիւնը ներկայիս Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղուածութիւնն է: Բազմազանեցման օրակարգի շրջանակներուն մէջ Սէուտական Արաբիոյ հետ համագործակցութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ լրացուցիչ գործընկերներու հետ յարաբերութիւնները, ինչպիսիք են Ֆրանսան, Եգիպտոսը, Յունաստանը եւ Կիպրոսը, կրնան ամրապնդել Հայաստանի ընդգրկուածութիւնը եւ համատեղ նախագիծերու յաջողութիւնը: Բացի անկէ, հաշուի առնելով անոր առաջատար դերը արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ անդամակցութիւնը Պրիքս-ին, ՇՀԿ-ին, ԻՀԿ-ին եւ այլ բազմակողմ ձեւաչափերուն, Սէուտական Արաբիոյ հետ Հայաստանի աճող յարաբերութիւնները դրական ազդակ պիտի փոխանցեն այլ պետութիւններուն՝ քաջալերելով զանոնք կառուցողական համագործակցութիւն ունենալու Հայաստանի հետ:
Սէուտական Արաբիոյ համար Հարաւային Կովկասը լայն Մերձաւոր Արեւելքի բաղկացուցիչ մասն է։ Քանի որ Սէուտական Արաբիան կ՛ամրապնդէ իր դիրքերը որպէս տարածաշրջանային կառուցողական դիրքորոշում ունեցող տէրութիւն, անոր համար կարեւոր պիտի ըլլայ պահպանել իր ներկայութիւնը ու դիւանագիտական ժառանգութիւն կառուցել Հարաւային Կովկասի երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ:
Աւելին, իր հասարակութեան ներուժի լիարժէք իրացման ուղղուած ներքին զարգացման գործընթացին մէջ Սէուտական Արաբիան կրնայ բարեկամ գտնել ի դէմս Հայաստանի: Երկու ժողովուրդներուն միջեւ կայ մշակութային խոր կապուածութեան դարաւոր ժառանգութիւն: Հայ ներգաղթեալները, յատկապէս Սուրիայէն եւ Լիբանանէն, Սէուտական Արաբիոյ մէջ շատ լաւ համբաւ ունին որպէս մարդիկ, որոնք մասնակցած են ժամանակակից թագաւորութեան կառուցման: Մշակութային փոխանակումները, խառն ամուսնութիւնները եւ ընդհանուր պատմութեան բազմաթիւ ակնառու պահերը ստեղծած են դրական կապեր, որոնք կրնան շարք մը նախաձեռնութիւններու հիմք հանդիսանալ:
Ինչպէս երկրին ներսը, այնպէս ալ արտերկրի մէջ, Սէուտական Արաբիան մեծ ներդրումներ կը կատարէ հիմնարար նորարարութիւններու ոլորտին մէջ, որոնք կրնան խթանել տնտեսական աճը: Երկրին ներսը այս նպատակը իրագործելու համար Սէուտական Արաբիան կը փափաքի ներգրաւել տաղանդներ եւ մտաւոր դրամագլուխ, ինչ որ պիտի նպաստէ արագ աճին: Հայաստանը, չնայած իր առջեւ ծառացած դժուարութիւններուն, գտած եւ մշակած է լուծումներ, որոնք կրնան խթանել Սէուտական Արաբիոյ աճը առանցքային ոլորտներու մէջ՝ արհեստագիտութիւններէն մինչեւ մշակոյթ:
Գործընկեր երկիրներու հետ Սէուտական Արաբիոյ փոխգործակցութեան առանցքային ուղղութիւնը տնտեսութեան ռազմավարական կարեւոր ոլորտներու մէջ երկարաժամկէտ ներդրումներն են: Հայաստանը պէտք է լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարէ համատեղ ներդրումներու նպատակային ողջամիտ հնարաւորութիւններ ընտրելու համար: Սա յատկապէս կը վերաբերի գիւղատնտեսութեան, արհեստական բանականութեան, վերականգնուող ուժանիւթի եւ բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտներուն, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն Սէուտական Արաբիոյ համար: Հաշուի առնելով Սէուտական Արաբիոյ՝ լայնածաւալ, երկարաժամկէտ ընդհանուր ներդրումներ տրամադրելու կարողութիւնը, երկկողմ նախագիծերը կրնան ներառել ներդրումներ ենթակառուցուածքներուն եւ տնտեսական զարգացման մէջ, որոնք փոխակերպիչ ազդեցութիւն պիտի ունենան Հայաստանի վրայ:
Կառավարութեան ղեկավարութեամբ ընթացող քննարկումներէն բացի, քաղաքացիական հասարակութեան նախաձեռնութիւնները կրնան մեծապէս նպաստել հանրային դիւանագիտութեան զարգացման եւ Հայաստանի ու Սէուտական Արաբիոյ առաջատար կազմակերպութիւններուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան հաստատման: Հայաստանը կարեւոր հնարաւորութիւն ունի ներգրաւելու մասնաւոր հատուածի, ընկերային ձեռնարկատիրութեան, արհեստագիտութիւններու եւ ներդրումներու զարգացման, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու լաւագոյն ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ արդիւնաւէտ եւ փոխշահաւէտ նախաձեռնութիւններու ուսումնասիրման համար։ Համագործակցութեան այս ոլորտը կրնայ ներառել նաեւ Հայաստանի մէջ ակադեմական հիմնարկներ, գիտական հարթակներ եւ գիտարուեստական հետազօտողներ, որոնք կրնան մասնակցիլ ներկայիս Սէուտական Արաբիոյ մէջ իրականացուող տարբեր գիտական նախաձեռնութիւններուն, որոնք կեդրոնացած են թագաւորութեան նորաստեղծ կեդրոններուն եւ համալսարաններուն մէջ: Զբօսաշրջութիւնը եւ առեւտրային յարաբերութիւնները ունին զարգացման հնարաւորութիւն, եւ Սէուտական Արաբիան կրնայ դառնալ գիւղատնտեսական ապրանքներու արտահանման հաւանական շուկայ:
Հայաստանի համար սա նաեւ հնարաւորութիւն է աշխուժացնելու իր սփիւռքը։ Չնայած փոքրաթիւ ըլլալուն, հայկական սփիւռքը, յատկապէս արհեստագիտական ոլորտին մէջ, շատ աւելի մեծ կշիռ ունի իր ընդհանուր կապերու եւ ներկայացուածութեան շնորհիւ: Հայկական սփիւռքին մէջ առանցքային կապերը կրնան ներգրաւել գործարար եւ նորարարական ներուժ, որ Սէուտական Արաբիան կը փնտռէ սեփական աճի պատմութիւնը կերտելու համար:
Մշակոյթի ոլորտին մէջ Սէուտական Արաբիան խոշոր ներդրող է՝ զարգացնելով երաժշտական արուեստը եւ ստեղծելով ենթակառուցուածքներ համերգներու եւ երաժշտական երկխօսութեան համար։ Հաշուի առնելով Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայ համայնքին կողմէ մշակութային արժէքներու ստեղծման պատմութիւնը՝ Սէուտական Արաբիոյ համար այդ ժառանգութեան բնական շարունակութիւնն է հայ արուեստագէտներու, կրթական հաստատութիւններու եւ ստեղծագործողներու ներգրաւումը մշակութային արժէքներու ստեղծման գործին մէջ: Այդ թոյլ պիտի տայ երկու պետութիւններուն հասնելու մշակութային դիւանագիտութեան կարեւոր նպատակներուն եւ պիտի ծառայէ մարդոց միջեւ կապերու ամրապնդման։
Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը կրնայ դրական ուղղութեամբ փոխել Հարաւային Կովկասի զարգացման հետագիծը։ Այս հնարաւորութիւնը այն պահն է, երբ Հայաստանն ու Սէուտական Արաբիան կրնան սորվիլ իրարմէ եւ աւելին իմանալ իրարու մասին: Երկու երկիրներն ալ պէտք է օգուտ քաղեն այս պահէն եւ անկեղծօրէն ու առատաձեռնօրէն կիսուին իրարու հետ՝ համագործակցութեան եւ փոխադարձութեան վրայ հիմնուած գործընկերութիւն կառուցելու նպատակով: