Ֆրանսայի Վիլիորպան քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Սետրիք Վան Սթիվենտայելը այցելած է Հայաստան՝ նպատակ ունենալով հնարաւորինս նպաստել հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման։
Վիլիորպանի քաղաքապետը ընդգծեց, որ նախորդ քաղաքապետը նոյնպէս գործուն եղած է, նախապէս եղած է պատգամաւոր, որ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ իր ներդրումը ունեցած է։
«Նախ ըսեմ, թէ ինչու ես այստեղ եմ։ Ես Վիլիորպան քաղաքի նորընտիր քաղաքապետն եմ։ Առաջին անգամ ընտրուած եմ։ Եկած եմ Հայաստան՝ վերականգնելու հին ընկերութիւնը…»,- ըսաւ քաղաքապետը՝ ընդգծելով, որ Ֆրանսայի բոլոր քաղաքապետները պէտք է այցելեն Հայաստան։
Սետրիք Վան Սթիվենտայելը, խօսելով Հայաստան կատարած այցի նպատակներուն մասին, նշեց, որ Վիլիորպանը եւ Աբովեանը քոյր քաղաքներ են 1992 թուականէն։
«Եկած ենք հռչակագիր ստորագրելու՝ երկու քաղաքներուն միջեւ կապը աւելի խորացնելու համար։ Աբովեանի համայնքապետարանի անձնակազմին հետ նախօրէին ստորագրած ենք այդ հռչակագիրը»,- ըսաւ ան։
Ան յստակացուց, որ որոշում կայացուցած է այդ հռչակագիրը վերաստորագրել այս օրերուն, քանի որ հետեւած է Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ հասկցած է, որ Հայաստանը ունի օժանդակութեան կարիք, եւ որքան շատ ըլլան օժանդակողները, այնքան հեշտ պիտի ըլլայ լուծել ծագած խնդիրները։
«Ֆրանսայի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմինները շատ զգոյշ են քաղաքականութեան մասին խօսելու եւ որոշումներ կայացնելու, որպէսզի չմիջամտեն այլ հարցերուն եւ օժանդակեն Հայաստանին քաղաքային իշխանութիւններու մակարդակով»,- ըսաւ քաղաքապետը։
Սթիվենտայելը, խօսելով Հայաստան կատարած այցի միւս պատճառներուն մասին, յիշեցուցա «Վիլիորպան քաղաքը նաեւ լաւ կապերու մէջ եղած է Շուշի քաղաքին հետ, որուն հետ եւս ունէինք ստորագրուած հռչակագիր, եւ որ վերահաստատուած է 2020 թուականէն յետոյ՝ մէկ ուրիշ խումբի այցելութեամբ։ Մեր պատուիրակութիւնը 2021 թուականին եկած էր Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած էր Շուշիի քաղաքապետին»,- ըսաւ ան՝ մեծ կարեւորութիւն տալով իր այցի ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած մարդոց հետ ունեցած հանդիպումներուն։
Ան նաեւ նշեց, որ Վիլիորպան քաղաքը միշտ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բարձրացնելու առումով։
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու բռնի տեղահանութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ զանոնք ընդունելու մասին՝ քաղաքապետը, մասնաւորապէս, նշեց. «Մեզ ապշեցուցած է, որ Հայաստանը, ըլլալով փոքր երկիր, 5 օրուան մէջ կրցաւ տեղաւորել ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած հարիւր հազար հայեր։ Մենք հասկցանք, որ Հայաստանի հայերը իրենց քոյրերն ու եղբայրները միայնակ չեն թողած»,- նշեց ան՝ յաւելելով, որ Ֆրանսան եւս մենակ չէ թողած բռնի տեղահանուածները եւ իր աջակցութիւնը տրամադրած է։
«Ֆրանսան օժանդակութեան հարցով 3 անգամ ՄԱԿ-ի մէջ հանդէս եկած է յայտարարութեամբ։ Ֆրանսան ներկայիս եւս կը շարունակէ օգնութիւն տրամադրել ԼՂ-էն բռնի տեղահանուածներին՝ 30 միլիոն տոլար տրամադրելով Հայաստանին»,- յիշեցուց ան։
Ան նաեւ մատնանշեց, որ այս եւ ընդհանրապէս հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու առումներով ճիշդ կը համարէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի վարած քաղաքականութիւնը։
Վիլիորպանի քաղաքապետը կարեւորեց Հայաստանի մէջ գործող ԵՄ դիտորդներուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջերս կնքուած պաշտպանական համաձայնագրերը Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ, որոնք աննախադէպ էին։
Անդրադառնալով իր այցի շրջանակներուն մէջ ԼՂ-էն բռնի տեղահանուածներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն՝ ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի բռնի տեղահանուած հայերը մնան այստեղ եւ չհեռանան Հայաստանէն։
«Շատ արցախցիներ կապուած են իրենց հողին հետ եւ հանդիպումներու ընթացքին մեզմէ կը խնդրեն միջազգային ատեաններուն մէջ բարձրացնել իրենց՝ հայրենիք վերադառնալու իրաւունք ստանալու հարցը»,- ընդգծեց Սթիվենտայելը՝ յաւելելով, որ պէտք է ամէն ինչ ընել, որպէսզի անոնք մնան Հայաստանի մէջ, որպէսզի հետագային հեշտ ըլլայ ցփափաքողները Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձնելը։
Անդրադառնալով անոր, թէ ո՞ր ոլորտներուն մէջ կրնայ զարգանալ Վիլիորպան եւ Աբովեան քաղաքներուն միջեւ համագործակցութիւնը՝ քաղաքապետը նշեց, որ հիմնական ուղղութիւններն են կրթութիւնը, ֆրանսերէնի տարածումը, անձնակազմերու փոխանակման եւ անոնց որակաւորման հարցերը:
«Քիչ առաջ մենք ֆրանսական դպրոցի մը մէջ էինք եւ կը փորձէինք հասկանալ, թէ ինչպէ՞ս կրնանք մեր ծրագրերուն մէջ ներգրաւել նաեւ Աբովեան քաղաքին մէջ ապաստան գտած շուրջ 6000 արցախցիները»,- ընդգծեց ան:
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Սետրիք Վան Սթիվենտայելը կիսուեցաւ Հայաստան կատարած այցի տպաւորութիւններով. «Ես հիմա հասկցայ, թէ ինչու նախկին քաղաքապետները միմեանց հետ կը վիճին, որպէսզի այցելեն Հայաստան: Պէտք է գալ Հայաստան. դուք շատ սիրալիր ու բարեհամբոյր, սրտաբաց ժողովուրդ մըն էք, որուն հետ կ՛ուզես ընկերութիւն ընել: Այս բառերը ես չեմ ըսեր ուղղակի հաճոյանալու համար եւ չեմ ըսեր պարզապէս շողոքորթելու համար, բայց այստեղ մարդիկ շատ սրտաբաց են»: