Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսական Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ռայիսի յայտարարած է, թէ Իրան չի փափաքիր մագլցում Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ ու Իրանի քայլերը սահմանափակ էին: Իր կողմէ, նախագահ Փութին բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց զսպուածութիւն ցուցաբերելու: Երկու նախագահները կոչ ուղղեցին Կազայի մէջ զինադադար յայտարարելու եւ դիւանագիտական լուծում գտնելու պաղեստինեան տագնապին: