Իրանի առաջնորդ սեյիտ Ալի Խամինէիի գրասենեակը յայտարարեց, թէ ան ստացած է նամակ Միացեալ Նահանգներէն՝ վստահեցնելու համար թէ հանդարտեցումն է ուզուածը: Սակայն, Խամինէի նկատի չէ առած այդ նամակը եւ պահանջած է Իրանի բարձրաստիճան ղեկավարութենէն միշտ պատրաստ ըլլալ, անակնկալի առջեւ չգտնուելու համար: