Իսրայէլի ռատիոկայանը հաղորդեց, թէ Արեւմուտքի ղեկավարներու կողմէ մեծ ճնշում կը բանեցուի Իսրայէլի ղեկավարութեան վրայ՝ հակադարձելու համար Իրանին կամ հակադարձութեան պարագային բաւականանալու սահմանափակ հակադարձութեամբ մը: Վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չի պատասխաներ հեռաձայնային հաղորդակցութեան, զիջում չկատարելու համար: