Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ԸԼԼԱԼ՝ ԱՌԱՆՑ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐՈՒ»

April 17, 2024
in Հայաստան
0
«ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ԸԼԼԱԼ՝ ԱՌԱՆՑ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐՈՒ»

 

Կ՛ԸՍԷ ԱՐԹՈՒՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Հայաստանը չի կրնար Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացի երթալ՝ առանց իրաւական հիմքերու:

Խորհրդարանական ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին վստահեցուց Հայաստանի Ազգային ժողովի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը ՝ անդրադառնալով ընդդիմութենէն հնչող մտահոգութեան, թէ Հայաստանի իշխանութիւնը կրնայ առանց իրաւական հիմքերը յստակացնելու Տաւուշի հատուածին մէջ Ատրպէյճանի հետ սահմանի սահմանազատման գործընթաց սկսիլ, նոյնիսկ զիջումներու երթալ:

«Չի կրնար ըլլալ գործընթաց առանց իրաւական հիմքերու: Մենք ասոր մասին բազմիցս խօսած ենք»,- ըսաւ Արթուր Յովհաննիսեանը:

Ան վստահեցուց՝ ամէն ինչ կ՛ընեն ելլելով իրաւական հիմքերէ, անոր համար գործընթացները դանդաղ կ՛ընթանան: «Որեւէ քարտէզ, որեւէ միլիմեթր պէտք է ունենայ իրաւական հիմք: Առանց ասոր մենք յառաջ չենք շարժիր»,- նշեց պատգամաւորը:

Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան յաւելեց, որ բազմաթիւ իրաւական հիմքերու մասին խօսուած է. «Խորհրդային միութեան փլուզումէն յետոյ ի՞նչ սահմաններով անջատուեցան միութենական պետութիւնները, վարչական սահմանները ո՞ւր էին: Իրաւական արձանագրում կար: Բայց յետոյ պարզուեցաւ, որ այդ իրաւական արձանագրումները դեռ ճշդումներու խնդիր ունին»,-ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովները անոր համար ստեղծուած են, այդ խնդիրները պէտք է լուծուին:

Քոչարեան շեշտեց, որ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին նպատակը Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հասնիլն է:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՐՏԱԴՐՈՒԱԾ ՔԱՆԻ ՄԸ ԶԻՆԱՏԵՍԱԿՆԵՐ ՆԵՐՔԻՆ ՓՈՐՁԱՐԿՈՒՄՆԵՐ ԱՆՑԱԾ ԵՆ. ԱՆՈՆՔ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԿԻՐԱՌՈՒԻՆ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Next Post

ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ՈՒ ՔԱՍԻՄ-ԺՈՄԱՐԹ ԹՈՔԱԵՒԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

Next Post
ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ՈՒ ՔԱՍԻՄ-ԺՈՄԱՐԹ ԹՈՔԱԵՒԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ՈՒ ՔԱՍԻՄ-ԺՈՄԱՐԹ ԹՈՔԱԵՒԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.