Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ՈՒ ՔԱՍԻՄ-ԺՈՄԱՐԹ ԹՈՔԱԵՒԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

April 17, 2024
in Հայաստան
0
ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ՈՒ ՔԱՍԻՄ-ԺՈՄԱՐԹ ԹՈՔԱԵՒԸ ԱՅՑԵԼԱԾ ԵՆ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ընդունած է Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Քասիմ-ժոմարթ Թոքաեւը:

Ողջունելով Ղազախստանի նախագահը Ազգային ժողովին մէջ, համերաշխութիւն յայտնած է բարեկամ ղազախ ժողովուրդին ջրհեղեղի արհաւիրքի դէմ պայքարին մէջ:

«Պարո՛ն նախագահ, Ձեր պաշտօնական այցը Հայաստան կարեւոր քայլ է մեր երկու երկիրներուն միջեւ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման համար: Պիտի ուզէի նշել Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ հաստատուած փոխգործակցութեան բարձր մակարդակը երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով՝ յատկապէս ընդգծելով համագործակցութիւնը միջխորհրդարանական հարթակներու մէջ»,- ըսած է ԱԺ նախագահը:

Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Ղազախստանի միջեւ 25-ամեայ բարեկամութեան ու համագործակցութեան պայմանագրի վրայ հիմնուած յարաբերութիւնները՝ ընդգծելով տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային ոլորտները: Ղազախստանի նախագահը կարեւորած է խորհրդարաններուն միջեւ աշխոյժ փոխգործակցութիւնը՝ ընդգծելով խորհրդարանի դերը հայ-ղազախական համաձայնագրերու վաւերացման գործընթացին մէջ:

Ալէն Սիմոնեանը Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւին ներկայացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը՝ կարեւորելով Ղազախստանի աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը ծրագրի իրականացման հարցում:

««Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը առանցքային դերակատարում ունի Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու համար առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հարցով»,- ընդգծած է խորհրդարանի ղեկավարը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, հայ-ղազախական երկկողմ եւ բազմակողմ առեւտրատնտեսական, մշակութային ու քաղաքական փոխգործակցութեան սերտացման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման աւարտին Ալէն Սիմոնեանը եւ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը այցելած են Մատենադարան, ուր Ղազախստանի նախագահին ներկայացուած են թանգարանին մէջ պահուող հայերէն եւ օտարալեզու, այդ շարքին՝ հայատառ ղփչաղերէն ձեռագրերը:

«Մատենադարանին մէջ պահուող եզակի ձեռագրերը միջմշակութային համագործակցութեան խորհրդանիշեր են եւ կը յիշեցնեն մեզ երկարամեայ կապերուն մասին, որոնք գոյութիւն ունեցած են տարածաշրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս»,- նշած է ԱԺ նախագահը:

Share61Tweet38
Previous Post

«ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ ԸԼԼԱԼ՝ ԱՌԱՆՑ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐՈՒ»

Next Post

ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏ.

Next Post
ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏ.

ՀՀ ՎԱՐՉԱՊԵՏ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.