Հայաստանի Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը հանդիպած է ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող բոլոր ընկերութիւններուն հետ, քննարկած է առկայ խնդիրները։ Իրականացուած են քանի մը զինատեսակի ներքին փորձարկումներ, որոնք մօտ ապագային պիտի կիրառուին Հայաստանի Զինուած ուժերուն մէջ:
Այս մասին նշեց ՀՀ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան՝ իր պաշտօնավարման 100 օրուան նուիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ։
Նախարարը նշած է, որ պաշտօնավարման առաջին օրէն ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը եղած է իր ուշադրութեան կեդրոնին: «Այս ուղղութիւնը բարձր արհեստագիտութիւններու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու հետ մէկտեղ, մեծ ուշադրութեան արժանացած է իմ կողմէս, որովհետեւ այդ ուղղութիւնները ե՛ւ նախարարութեան, ե՛ւ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն են»,- նշեց ան:
Նախարարը նաեւ տեղեկացուց, որ քանի մը զինատեսակի եւ կառավարման քանի մը համակարգի գծով իրականացուած են ներքին փորձարկումներ, որոնք մօտ ապագային Հայաստանի Զինուած ուժերուն մէջ կիրառուելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան: Ան յաւելեց, որ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ գործունէութիւն ծաւալող բոլոր ընկերութիւններուն հետ հանդիպած են, վեր հանած են բոլոր խնդիրները, կ՛ակնկալեն, որ շարք մը խնդիրներ յառաջիկային պիտի կարգաւորուին։
«Ռազմարդիւնաբերական համալիրի ամփոփ ցուցակին մէջ արձանագրուած են ռազմարդիւնաբերական համալիրի գործունէութեամբ զբաղուող քանի մը նոր ընկերութիւններ։ Մշակուած է ռազմարդիւնաբերական համալիրի տարրերու արտադրական հզօրութիւններու զարգացման հիմնադրամի հայեցակարգը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ մեծ արդիւնաւէտութեամբ զարգացնելու ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը, դարձնելու տնտեսութեան զգալի մաս՝ գրաւիչ ներդրողներու եւ արտադրողներու համար: Նախարարութեան նախաձեռնած օրէնսդրական հիմնական փոփոխութիւններէն է ռազմարդիւնաբերութեան կոմիտէի գործառոյթներու շրջանակներու ընդլայնումը, որով հնարաւոր պիտի դառնայ իրականացել փորձանմուշներու ստեղծման ֆինանսաւորման, բաղադրիչներու եւ անոր մասերու ձեռքբերման, պահուստաւորման եւ արտադրութեան, ինչպէս նաեւ արտահանման խթանման նպատակով ներքին պահանջարկ ունեցող արտադրատեսակներու գիտարուեստական բնութագրի համապատասխանութեան հաւաստման գործառոյթներ»,- ներկայացուց նախարարը:
Հայրապետեանի խօսքով՝ նախաձեռնուած է նախարարութեան եւ ռազմարդիւնաբերական կոմիտէի նոր կառուցուածքի նախագիծը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ կոմիտէին գործառոյթները իրականացնել աւելի արդիւնաւէտ եւ ռազմարդիւնաբերութեան համալիրի զարգացման տեսլականին, օրէնսդրութեան ու կանոնադրութեան համահունչ դարձնել։
Նախարարը նշեց նաեւ, որ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ 25 կազմակերպութիւն պատուէր ունի Պաշտպանութեան նախարարութենէն։ Կ՛ակնկալուի, որ տարուայ կտրուածքով այս թիւը կ՛աւելնայ՝ հասնելով 29-ի։
«Այս պահին գործող 46 եռամեայ պայմանագիր ունինք, եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս պահին արդէն 122 միլիառ դրամի պատուէր տուած է հայաստանեան ընկերութիւններուն։ Տարուայ կտրուածքով կ՛ակնկալենք, որ պատուէրներու ընդհանուր գումարը կը կազմէ 191 միլիառ դրամ»,- նշեց Հայրապետեան։
Նախարարը ներկայացուց, որ կոմիտէի հիմնական առաքելութիւնն է ստեղծել այնպիսի միջավայր, որ այն գրաւիչ ըլլայ ոլորտային խաղացողներու համար՝ թէ՛ գիտահետազօտական, թէ՛ առեւտրային տեսանկիւնէն։
Անոր խօսքով՝ Ռազմարդիւնաբերական կոմիտէն մշտապէս կը փնտռէ նոր հնարաւորութիւններ Հայաստանի Հանրապետութիւն նոր արհեստագիտական կարողութիւններ եւ գիտելիքներ ներմուծելու համար։