Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԻՇԽԱՆԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԲԱՐԵՐԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԸ

April 17, 2024
in Գաղութային
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԻՇԽԱՆԻ ԿԱՐԳ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԲԱՐԵՐԱՐ ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆԸ

 

 

Ընդառաջելով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի խնդրանքին եւ ի գնահատութիւն երկար տարիներու ազգանուէր ու եկեղեցանուէր գործունէութեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Իշխանի կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց բարերար Երջօ Սամուէլեանը։

Այս առիթով հրապարակուած Հայրապետական սրբատառ կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ կերպով բնութագրած է եկեղեցական ու ազգային բնագաւառին մէջ բարերար Սամուէլեանի գործունէութիւնը. «Լիբանանի հայութիւնը Ձեզ ճանչցաւ որպէս լուսարձակներէ հեռու, սակայն իր ազգային, եկեղեցական, կրթական ու ընկերային կեանքէն ներս բազում բարերարութիւններով կարեւոր ներդրում ունեցող սրտակից ազգային ու առատաձեռն բարերար։ Լիբանանեան պատերազմի թէժ օրերուն, Լիբանանի Ազգ. Առաջնորդարանը ստիպողաբար հեռացաւ իր կայքէն եւ գործեց շատ ծանր ու դժուար պայմաններու մէջ։ Պուրճ Համուտի մէջ նոր Առաջնորդարան մը կառուցելու անյետաձգելի ծրագիրը իրականացաւ շնորհիւ Ձեր իշխանական նուիրատուութեան։ Նորակառոյց Ազգ. Առաջնորդարանի համալիրէն ներս Երջօ Սամուէլեան անունով մկրտուած սրահը Մենք կը նկատենք շօշափելի վկայութիւն մը՝ Լիբանանի հայութեան բարձր գնահատանքին ու խոր երախտագիտութեան։ Քաջ գիտենք, որ Աստուծոյ կողմէ Ձեզի շնորհուած բարիքները անաղմուկ ու առատաձեռն կերպով բաժնած էք մեր ժողովուրդին, յատկապէս կարիքաւոր դասին հետ՝ թէ՛ Ազգ. Առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին ճամբով եւ թէ առանձնապէս՝ Զուարթնոց կեդրոնէն սկսեալ մինչեւ Թռչնոց բոյն, եւ հոգալով համեստ ընտանիքներու զաւակներուն կրթաթոշակը ու չքաւոր հիւանդներու բժշկական խնամքին ծախսերը»։

Սրբատառ կոնդակի աւարտին, Հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուցած է առ Աստուած, որ բարերար Երջօ Սամուէլեանին ու անոր հարազատներուն պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ Իր օրհնութեամբ վարձահատոյց ըլլայ անոնց։

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱՐԲԱՆԵԱԿՆԵՐ

Next Post

ԱՐՏԱԳԱՂԹ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷՆ, ԻՆՉՊԷ՞Ս…

Next Post
ԱՐՏԱԳԱՂԹ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷՆ, ԻՆՉՊԷ՞Ս…

ԱՐՏԱԳԱՂԹ ՍՓԻՒՌՔԻ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷՆ, ԻՆՉՊԷ՞Ս...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.