Հայաստանի բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեան յայտնեց, որ Երեւան կը մտադրէ տիեզերքի մէջ իր արբանեակներուն թիւը բարձրացնել երեքի: Ըստ նախարարին, տիեզերական գործունէութիւնը Հայաստանի համար առաջնահերթ ուղի է, իսկ արբանեակներուն շնորհիւ պիտի հարստանայ հայ մասնագէտներուն գիտելիքները: Հայրապետեան նշեց նաեւ, որ վերջին շրջանին աւելի կ’աճի Սփիւռքի մասնակցութիւնը Հայաստանի արդիւնաբերական զարգացումին: