Հայ-ատրպէյճանական սահմանային գօտիին վրայ դիտարկում կատարող Եւրոմիութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը համալրուած է գանատացի մասնագէտով: «Ուրախ ենք ողջունել գանատացի առաջին դէտ Ալեքսանտըր Կրուշեւսքին: Գանատան կ’աջակցի Հայաստանի մէջ եւրոպական առաքելութեան», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ: Նշենք, որ առաքելութեան դէտերը շարունակաբար կը վերահսկեն հայ-ատրպէյճանական սահամանային գօտիի որոշ հատուածներ՝ արձանագրելու զինադադարի խախտումները: