Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

April 17, 2024
in Միջազգային
0
ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ

Իսրայէլեան եւ ամերիկեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Իսրայէլի պատերազմական սեղմ կառավարութիւնը տակաւին կը մտադրէ հակադարձել Իրանի հրթիռային յարձակումներուն՝ թիրախաւորելով ենթակառոյցներ, առանց պատճառելու մարդկային վնասներ: Իսրայէլեան կառավարութիւնը նաեւ կը քննարկէ հակադարձութեան դիւանագիտական միջոցները՝ խստացնելու Իրանի մեկուսացումը եւ անոր նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործերու նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտալլահեան իր բրիտանացի պաշտօնակից Տէյվիտ Գամերոնին տեղեկացուց, որ իրենք չեն ուզեր սրել լարուածութիւնը, սակայն իսկոյն եւ աւելի ուժգին պիտի հակադարձեն, եթէ Իսրայէլ դիմէ ոտնձգութիւններու: Իսկ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը Իսրայէլը զգուշացուց թշնամական գործողութիւններու դիմելու վտանգաւոր հետեւանքներէն: «Յեղափոխական պահակագունդին լայնածաւալ հրթիռարձակումը հակադարձութիւն էր կարմիր գիծերը հատած Իսրայէլին ու կը հիմնուէր ՄԱԿ-ի ուխտին երկրորդ յօդուածին վրայ», նշուեցաւ Իրանի յայտարարութեան մէջ: Դիտել տալով, որ տեղի ունեցածը պատժիչ թեթեւագոյն գործողութիւնն էր, Թեհրան նշեց, որ թիրախաւորած է բացառաբար զինուորական կեդրոններ, խուսափելով տնտեսական կարեւոր կէտեր եւ ենթակառոյցներ հարուածելէ: «Այժմ զինուորական նոր գործողութիւն չկայ մեր ծրագրին վրայ», նշեց Իրան, սակայն զգուշացուց Իսրայէլը, որ յաջորդ ոտնձգութեան պարագային, հակադարձութիւնը տասնապատիկ աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ:

Իսրայէլեան բանակի բանբերը Տանիէլ Հաղարի յայտնեց, որ վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, որոշուած է փոխել ներքին ապահովութեան քաղաքականութիւնը եւ վերաբանալ վարժարանները, որոնք երկու օր փակուած էին Իրանի յարձակումին սպառնալիքով:

Ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ Կիրակի առաւօտեան եւրոպական մարտանաւերուն աջակցութեամբ յաջողած է կործանել Իսրայէլի ուղղութեամբ Իրանէն ու Եմէնէն արձակուած անօդաչու 80 սարք եւ առնուազն վեց հեռահար հրթիռ: Ըստ յայտարարութեան, այս կը ներառէ 7 սարքեր, որոնք գետնի վրայ կործանուած են Եմէնի մէջ, ինչպէս նաեւ տակաւին չարձակուած հեռահար հրթիռ մը:

Իսկ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքոն Իրանը համարեց իսկական վտանգ մը եւ խոստացաւ Իսրայէլը համոզել, որ զերծ մնայ հակադարձութենէն, որ կրնայ աւելի սրել շրջանի լարուածութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ 19 ՄԱՅԻՍԻՆ

Next Post

ԳԱՆԱՏԱՑԻ ԴԷՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post
ԳԱՆԱՏԱՑԻ ԴԷՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

ԳԱՆԱՏԱՑԻ ԴԷՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.