Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՎԵԴԻ

April 15, 2024
in Յօդուածներ
0
ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՎԵԴԻ

«Արարատ» օրաթերթը կը ներկայացնէ «Մետիամաքս»ի «Ծանօթ-անծանօթ քաղաքներ» շարքը: Յաճախ միմեանց կ՛ըսեն, որ «մենք մեր երկիրը չենք ճանչնար», հիմնականին մէջ նկատի ունենալով գեղատեսիլ վայրերը, բնական եւ ճարտարապետական յուշարձանները: Սակայն կրնանք պնդել, որ քիչ բան գիտենք նաեւ այն քաղաքներուն մասին, որոնք շատ մօտ են Երեւանին: Ուստի այս շարքով պիտի փորձենք որոշ չափով փակել այդ բացը եւ ներկայացնել 10 քաղաքներ, որոնք զբօսաշրջական չեն համարուիր (բացառութեամբ Էջմիածնի), սակայն ունին իրենց հմայքը:

 

 

 

 

Քաղաք-կիրճի մասին

Երեւանէն 35 քմ հեռաւորութեան վրայ՝ Միջինարաքսեան գոգաւորութեան մէջ, Վեդի գետի ձախափնեայ սարաւանդին մէջ կը գտնուի Վեդի քաղաքը, որ աւելի յայտնի է իր գինիով եւ այլ խմիչքներով, ստորգետնեայ հանքային ջուրերու պաշարներով ու անուշահամ պտուղներով:

Քաղաքի մասին առաջին յիշատակութիւնները կու գան ուրարտական ժամանակներէն: Անուան մասին կան շարք մը վարկածներ, որոնցմէ մէկուն համաձայն՝ այն յառաջացած է պարսկերէնէն եւ կը նշակէ կիրճ:

Ի դէպ, տարբեր ժամանակներու մէջ քաղաքը տարբեր կերպ կոչուած է՝ Բէյուկ Վեդի, Բէյուք Վեդի, Բոյուք Վեդի, Վեդի Մեծ, Վեդի Վերին, Վետէ, Վետի եւ միայն 1946-ին վերանուանուած է Վեդի, իսկ 1995-ին՝ ստացած է քաղաքի կարգավիճակ:

Վեդիի մէջ բնիկները բաւական քիչ են: Հիմնականին մէջ այստեղ կ՛ապրին Արեւմտեան Հայաստանի Վան, Շատախ եւ Մուշ նահանգներէն գաղթածներու ժառանգները: Սումգայիթի ջարդերէն յետոյ եւս մեծ թիւով գաղթականներն եկած են այստեղ: Շատ են նաեւ Մարտունիէն, Սիսիանէն ու Եղէգնաձորէն եկածները: Իւրաքանչիւր ընտանիք այստեղ բերած է իր գերդաստանին ու ծննդավայրին բնորոշ սովորոյթները, խոհանոցն ու բարբառը: Չնայած «հաւաքածու քաղաքի» հանգամանքին՝ բնակիչները այստեղ բաւական հաշտ ու խաղաղ կ՛ապրին:

 

Վեդիի յուշարձանները

Քաղաքին մէջ շատ են յուշարձանները, որոնք հիմնականին մէջ տեղակայուած են կեդրոնական հատուածին մէջ գտնուող բլուրի վրայ:

Այստեղ կը գտնուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը, որ կառուցուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի նմանութեամբ:

Սակայն անմար կրակը այստեղ կը վառի միայն Ապրիլ 24-ին: Յուշահամալիրին այցելուները այստեղ կրնան տեսնել նաեւ Երկրորդ աշխարհամարտի, ինչպէս նաեւ Արցախեան ազատամարտի զոհերուն նուիրուած յուշարձանները:

Վեդիի յուշարձաններէն է նաեւ 2001-ին օծուած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Կ՛ըսեն՝  Վետիի մէջ հին, կիսաքանդ մատուռ եղած է, որուն հիման վրայ քաղաքի բնակիչ Էտկար Շապոյեանը, իր ընտանիքի անդամներուն օգնութեամբ, կառուցած է եկեղեցին: Ի դէպ, կարմիր տուֆով կառուցուած եկեղեցւոյ պատկերը Էտկար Շապոյեանը տեսած է երազին մէջ եւ շինարարութեան ընթացքին նոյնութեամբ կրկնած է աայն:

 

Ո՞ւր երթալ Վեդիի մէջ

Քաղաքի կեդրոնական այգիին մէջ տեղակայուած են նախորդ դարէն պահպանուած սրճարանները, արագ սնունդի կէտերը, սեղանի թենիսի ու պիլիարտի սրահները:

Ժամանցի կեդրոնները այստեղ շատ չեն՝ երիտասարդները կ՛ըսեն, որ ազատ ժամանակը հիմնականին մէջ կը նախընտրէին անցընել Երեւանի մէջ, ոմանք ալ կը գոհանան քաղաքային այգիին մէջ ամէն շաբաթ կազմակերպուող համերգներով:

Այս առումով՝ Վեդիի մէջ սպասուած օրեր կըն համարուէին ամառնային հինգշաբթիները, երբ բացօթեայ բեմի վրայ կը կազմակերպուէին տեղի ակումբի սաներուն պարի եւ երգի համերգները: Երբեմն կ՛ըլլային նաեւ հրաւիրուած արուեստագէտներ:

Նորաբաց մշակութային տան մէջ երբեմն կը բեմադրուին թատերական ներկայացումներ:

 

Հողակտորի համի մասին

Վեդիի բնակիչներուն հիմնական զբաղմունքը հողագործութիւնն ու անասնապահութիւնն է: Յատկապէս զարգացած է խաղողագործութիւնն ու գինեգործութիւնը: Վեդիի մէջ շատ են նաեւ հանքային ջուրերու պաշարները:

Այստեղ զարգացած է յատկապէս գիւղատնտեսութիւնը: Կ՛ըսեն՝ ամէն մէկ պտուղ ու բանջարեղէն հարուստ է արարատեան դաշտավայրի արեւի ոսկիով:

Ունենալով զարգացած խաղողագործութիւն՝ քաղաքը չէր կրնար չառանձնանալ նաեւ զարգացած գինեգործութեամբ: Բնակիչներէն շատերը ընտանիքով կը զբաղին այս գործով՝ նախ խաղողի այգիները կը մշակեն, ապա՝ գինի կ՛արտադրեն:

Վեդիցիները համեստօրէն կ՛ըսեն, որ տարածաշրջանի ամենահամեղ գինին Արենիի մէջ է, բայց կը նկատեն, որ ամէն հողակտորը իրեն բնորոշ համն ունի:

«Գինիի որակը մեծապէս կախուած է խաղողի տեսակէն ու գինեգործի կիրառած արհեստագիտութենէն: Մեր տարածաշրջանին մէջ եւս բաւական համեղ գինի կը ստացուի»,-ըսաւ է մէկը, որ իր կեանքի 50-էն աւելի տարիները նուիրած է խաղողագործութեան ու գինեգործութեան: Անոր նախնիները Արեւմտեան Հայաստանէն եկած են, հաստատուած են Ուջանի մէջ, իսկ 1956-էն տեղափոխուած են Վեդի:

Ձեւաւորուած աւանդոյթին համաձայն, խաղողի հաւաքը այստեղ ուղեկցուած է յատուկ երգ ու պարով, որուն յաջորդած է մեծ մայրիկի պատրաստած աւանդական ճաշատեսակներու համտեսը: Պատմողը ժպիտով կը թերթէ յիշողութիւններու էջերը ու կը յիշէ Նիգար մեծ մայրիկի պատրաստած չորթանը, ռագաթանն ու մսով եխլին, որոնց համէն «ոչ մենք կը կշտանայինք, ոչ ալ հիւրերը»: Կ՛ըսէ՝ «հիմա ալ ճահելները կը պատրաստեն, բայց առաջուայ համն ու հոտը չկայ»:

Քաղաքի հիւրերուն խորհուրդ կու տանք անպայման համտեսել անուշահամ չիրերը, չամիչն ու սուճուխը:

 

Հանգիստ բնութեան գիրկը

Քաղաքի բնակիչները իրենց հիւրերուն ամռան տապէն կտրուելու, գարնան ու աշնան բնութեան հրաշքը վայելելու համար կ՛առաջարկեն խնճոյք կազմակերպել քաղաքի միջով հոսող Վեդի գետի ափին:

 

Վեդիի առեղծուածային գրաւչութիւնը

Վեդին կ՛առանձնացնեն իր խաղողի ոսկէ-կանաչ այգիներով ու անուշահամ միրգերով: Քաղաքի հիւրերուն կ՛առաջարկեն երթալ Վեդիէն Դաշլու գիւղ տանող ճանապարհին գտնուող Կոթուլ-բուլախ վայրը, ուր կարելի է հանքային ջուր խմել ու բուժիչ ցեխի լոգանք ընդունիլ:

Շատեր կը վստահեցնե-ն, որ այստեղ կը բնակին խաղաղ, հիւրասէր ու խելացի մարդիկ:

«Նոյնիսկ քանի մը ժամով այստեղ եկածը պիտի նկատէ մարդոց բարութիւնն ու ազնուութիւնը»,- կ՛ըսեն Վեդիի բնակիչները:

 

 

 

«Mediamax»

(2015)

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ «ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.