Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁ

April 17, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԵՐԹԱՓԱՆՑՈՒՄԻ ՁԱԽՈՂ ՓՈՐՁ

Իրանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ կատարուած հրթիռարձակումին հետեւանքով տարածաշրջանային սրած լարուածութեան զուգահեռ, երէկ ապահովական նոր զարգացումներ եղան Լիբանանի հարաւի սահմանային գօտիին վրայ: Հըզպալլա յայտարարեց, թէ ականուած ծրարով մը թիրախաւորած է իսրայէլեան յատուկ ուժերու խումբ մը, որ ներթափանցած էր Լիբանանի սահմանը: «Ուշադրութեամբ հետեւելով իսրայէլեան ուժերուն շարժումները, դիմադրութեան մարտիկները ականուած ծրարներ տեղադրեցին սահմանամերձ Թել Իսմայէլ շրջանին մէջ, իսկ երբ իսրայէլեան յատուկ ուժերու Կոլանի զօրախումբէն զինուորներ հասան նշեալ շրջանը, ականները պայթեցան՝ իսրայէլացիներուն պատճառելով մարդկային եւ նիւթական կորուստ», նշուեցաւ Հըզպալլայի յայտարարութեան մէջ: Իսրայէլեան բանակը իր կարգին յայտարարեց, թէ սահմանային գօտիին վրայ պատահած պայթումին պատճառով վիրաւորուած է չորս զինուոր: Իսկ իսրայէլեան լրատուամիջոցները հաստատեցին, որ պայթումը տեղի ունեցած է լիբանանեան հողի վրայ, ուր ներթափանցած էին իսրայէլացի զինուորները:

Share61Tweet38
Previous Post

ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՎԵԴԻ

Next Post

ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.