Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ «ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

April 15, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ «ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են «Ակադեմական քաղաք»-ին գլխաւոր յատակագիծին եւ փոխադրամիջոցներու ենթակառուցուածքներուն վերաբերող հարցեր:

Խորհրդակցութեան մասնակցած են «Ակադեմական քաղաք» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, Ակադեմական քաղաքի գլխաւոր յատակագիծը նախագծող gmp International GmbH Architects and Engineers ընկերութեան փոխտնօրէն Թոպիաս Քէյլը, պատասխանատու գերատեսչութիւններու ղեկավարներ:

Թոպիաս Քէյլը ներկայացնելով գլխաւոր յատակագիծը, նշած է, որ հիմնական քաղաքներէն հեշտութեամբ՝ 2 ժամուան մէջ, կարելի է հասնիլ Ակադեմական քաղաք, քանի որ վայրի առումով տեղանքը բաւականին լաւ է՝ մօտ է ե՛ւ օդակայանին, ե՛ւ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիին: Մանրամասնութիւններ ներկայացուած են համալսարաններու տեղակայման, կացարաններու, ճանապարհային ցանցի, բնավայրի վերաբերեալ: Անոր խօսքով՝ նախագիծի մշակման ընթացքին հաշուի առնուած է թամանեանական նախագիծը՝ անով փորձելով կապ հաստատել Երեւանի պատմութեան հետ:

«Անցեալ անգամ մենք կը խօսէինք «Հայֆիլմ»-ի հետ համարկման մասին: Մենք ունեցած ենք չորս յաջողակ խումբեր, որոնք շատ հետաքրքրական նախագիծեր ներկայացուցած են, թէ ինչպէս կարելի է «Հայֆիլմ» սթուտիոյի տարածքը վերակենդանացնել: Յոյսով եմ, որ կը կարենանք այս գաղափարները բերել Հայաստան», յաւելած է GMP միջազգային ընկերութեան փոխտնօրէնը:

Թոպիաս Քէյլի ընդգծած է, որ նախագիծի շրջանակին մէջ կ՛ուսումնասիրուի նաեւ կայունութեան թեման, որովհետեւ Ակադեմական քաղաքը ապագային համար է եւ այն պէտք է կեդրոնացած ըլլայ այնպիսի թեմաներու վրայ, որոնք կը վերաբերին ոչ միայն այսօրուան, այլ նաեւ վաղուան:

Վարչապետին խօսքով՝ քաղաքի հասկացողութեան հետ կապուած մեծ հարցեր այլեւս չկան եւ պէտք է անդրադառնալ հայեցակարգային կէտերուն.

«Տեսլականի առումով՝ մենք գործնականին մէջ գործընթացի ամէն քայլը, ամէն շարժը տեսած ենք: Հարցեր ունեցած ենք, վերապահումներ չենք ունեցած: Ի հարկէ, սա այն է, ինչ մենք կ՛ուզենք»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է նաեւ փոխադրութեան եւ ճանապարհային ցանցի, փոխադրութեան այլընտրանքային միջոցներու տեխնիկատնտեսական վերլուծութեան իրականացման ձեւաչափի հարցը, անդրադարձ կատարուած է քաղաքաշինական զարգացման եւ գոյքի կառավարման ձեւի մշակման ընթացակարգերու հետ կապուած թեմային:

Փոխադրական ենթակառուցուածքի զարգացման թեմային հետ կապուած՝ վարչապետը անդրադարձած է «Սասունցի Դաւիթ» կայարանէն երկաթուղիով դէպի Ակադեմական քաղաքի հատուած կատարած շրջայցին:

«Իմ տպաւորութիւնն, անկեղծ ըսեմ, գոնէ առաջին հատուածէն ես չէի սպասեր, որ մենք հիմա կ՛երթանք եւ կէս ժամէն կը հասնինք այնտեղ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան եւ յաւելած, որ փոխադրական ենթակառուցուածքներու ճշգրիտ ձեւաւորման համար անհրաժեշտ է  ձեւաւորել այն միջին վիճակագրական մարդը, որ պիտի մնայ Ակադեմական քաղաքին մէջ եւ ով որ ամէն օր պտիի գայ եւ ետ երթայ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է նաեւ այն աշխատանքներուն շրջանակը, որ արդէն իսկ կարելի է մեկնարկել: Նշուած է, որ Ակադեմական քաղաքի գլխաւոր յատակագիծի հաստատումէն յետոյ, յաջորդիւ պիտի մեկնարկեն երկաթուղիի եւ մշակութային հատուածի նախագծման աշխատանքները:

Քննարկումներու ծիրին մէջվարչապետը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է պատասխանատուներուն՝ նախագիծի իրականացման առնչուող տարբեր հարցերու վերաբերեալ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Next Post

ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՎԵԴԻ

Next Post
ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՎԵԴԻ

ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՎԵԴԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.