Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

April 15, 2024
in Գաղութային
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Աւստրալիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Կիրինկը (նստավայրը՝ Մոսկուա)։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգային մարտահրաւէրներուն՝ շնորհակալութեամբ ընդգծելով, որ Աւստրալիան մշտապէս զօրավիգ եղած է հայ ժողովուրդին, նաեւ դժուարին այս շրջանին իր կարեւոր աջակցութիւնը բերած է հայրենազրկուած արցախահայութեան։

Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն հայ համայնքին հանդէպ դրսեւորուող հոգատար վերաբերմունքին առնչութեամբ, ինչին ականատեսը եղած է հովուապետական այցերու ընթացքին:

Դեսպան Ճոն Կիրինկը հաւաստիացուց Նորին Սրբութեան, որ իր պաշտօնավարման ընթացքին հնարաւոր բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ երկկողմ կապերու ամրապնդման եւ խորացման համար: Դեսպանը շեշտեց նաեւ Աւստրալիոյ մէջ յաջողութիւններ արձանագրած հայ համայնքի կեանքին մէջ Հայոց Եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութիւնը:

Զրոյցի ընթացքին խօսուեցաւ բռնի տեղահանուած արցախցիներու եւ պատանդառուած ռազմագերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան առնչուած խնդիրներու, ինչպէս եւ Եկեղեցւոյ կողմէ իրականացուող ընկերային աջակցութեան ծրագրերու մասին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ «ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post
ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ «ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ «ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔ»-Ի ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՏԱԿԱԳԻԾԻՆ ԵՒ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՆ ԵՆԹԱԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.