Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

April 15, 2024
in Գաղութային
0
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴՐԱԾ ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՄԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար՝ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» ընդհանուր խորագիրին ներքոյ։

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիռքեան տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած են 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։

Համագումարի թուական նկատի առնուած է Ապրիլը՝ շեշտելու համար Ցեղասպանութեան անպատժելիութեան իբրեւ հետեւանք շարունակուող ցեղասպանութիւններու համամարդկային սպառնալիքը եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ատրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանական գործողութիւնները Արցախի մէջ։

Կարեւորութեամբ նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս պիտի ժամանէ Քրէական միջազգային քդատարանի հիմնադիր դատախազ, համաշխարհային համբաւի տիրացած դոկտոր Լուի Մօրէնօ Օքամփօ։ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման յատկացուած քննարկումներուն մասնակցելու համար Անթիլիաս հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, որ հայկական կողմէն երկար ատեն վարած է արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւնները եւ այժմ կը գլխաւորէ Արցախի հարցի հետապնդման համար կազմուած յանձնախումբի մը աշխատանքները։ Նիստերուն ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ նոյն յանձնախումբի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ պիտի ուղեկցի Լուի Մօրէնօ Օքամփոյին։

Լուի Մօրէնօ Օքամփոն Լիբանանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու լսարանին պիտի դասախօսէ Ցեղասպանութեան ուխտի կիրառելիութեան դժուարութիւններուն եւ այդ հրամայականին առջեւ ցցուող խոչընդոտներու պատճառներուն մասին։ Ան նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ համագումարի աշխատանքներուն։

Երեք օրերու վրայ երկարող համագումարէն պիտի բխի յայտարարութիւն՝ ուղենշելու համար Արցախի մէջ գործադրուած ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման հնարաւոր ուղիները։

Համագումարի փակումին պիտի յաջորդէ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի առկայ երկրորդ նիստը, նախագահութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Նիստը յատկացուած պիտի ըլլայ քննելու համագումարին ընդգծած հարցերը եւ ծրագրելու համար այս հրամայականներու գործնականացման միջոցները։

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄՆ ՈՒՐԱԽ Է ՈՐԵՒԷ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ԴԵՐ ԽԱՂԱԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՍՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ. ՄԻԼԼԸՐ

Next Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Next Post
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.