Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԲՌՆԱՊԵՏ ԱԼԻԵՒԻ ԵՒ «ՏԱԷՇ»-Ի ՈՃՐԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԽԱՅՏԱՌԱԿ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

April 10, 2024
in Յօդուածներ
0
ԲՌՆԱՊԵՏ ԱԼԻԵՒԻ ԵՒ «ՏԱԷՇ»-Ի ՈՃՐԱՊԵՏ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԽԱՅՏԱՌԱԿ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Ինչպէս որ կը կանխատեսուէր եւ անդրադարձած էին մեր հարցախոյզ նախկին յօդուածին մէջ, Թուրքիոյ նախագահ, միջազգային ոճրագործ եւ ոճրապետ Ալիեւի, «Տաէշ»-ի կնքահայր Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի «ԱՔ» կուսակցութիւնը խայտառակ պարտութիւն կրեց Մարտ 31-ին Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին կայացած քաղաքապետական ընտրութիւններուն:

Անցեալ տարի Թուրքիոյ նախագահ վերստին ընտրուած Էրտողան, որ Սեւ ծովու Ռիզա քաղաքէն կրօնափոխ վրացիի եւ լազի զաւակ է եւ շուրջ 20 տարիէ որպէս բռնապետ եւ մեծ տէրութիւններու «սեւ» գործերը կարգաւորող հլու կամակատար, այս անգամ կորսնցուց երկրէն գլխաւոր քաղաքներուն եւ արեւելեան նահանգներուն մէջ ժողովուրդներու վստահութեան քուէներուն մեծամասնութիւնը:

Առաջին շառաչուն ապտակը Իսթամպուլ-Պոլիսէն էր, երբ ընդդիմադիր քեմալիստ կուսակցութեան քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու մրցավազքը շահեցաւ աւելի քան մէկ միլիոն ձայներու տարբերութեամբ: Իմամօղլու Պոնտոսի կրօնափոխներէն է եւ գլխաւոր թեկնածուն է այսօր, Էրտողանի դէմ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն:

Մինչ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, «HP»-ի քաղաքապետ Մանսուր Եավաշ դարձեալ ընտրուեցաւ իր պաշտօնին: Ընդդիմութիւնը աւելի քան 19 քաղաքապետական տարածքներու մէջ յաղթանակ տօնեց, 35 տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մէկ տոկոսով յառաջ անցնելով իշխանութեան տիրացած  AKP թեկնածուներէն: Իսկ հարաւարեւելեան նահանգներուն մէջ, որուն քաղաքապետերէն շատեր, որպէս HDP-ի քրտամէտ, իբր թէ «ահաբեկիչ» շրջանակներու անդամ, այս անգամ նորաստեղծ DEM կուսակցութեան դրօշին ներքոյ՝ 10 քաղաքապետական շրջաններու մէջ յաղթանակ տարին, օգտուելով տնտեսական քայքայման, ներքին եւ արտաքին երեւակայածին «թշնամիներ»-ու դէմ էրտողանեան վարչակարգին սանձազերկած ձերբակալութիւններու, սպանութեանց, սարսափի եւ վախի մթնոլորտ ստեղծելու, Իրաքի եւ Սուրիոյ քրտական շրջանները ռմբակոծելու, տարածքներ զաւթելու, թուրքիան իսլամական պետութեան արիւնախումներու կեդրոն դարձնելու, մինչեւ միջամտելու հայ-ատրպէյճանական եւ արցախեան պատերազմի հարցերու մէջ:

Վերոյիշեալ բոլոր ոճրապետերը, շատ լաւ կը հասկնան, որ Թուրքիոյ ժողովուրդները, նոյնիսկ լուսաւորեալ եւ զարգացած թուրք, քիւրտ, ասորի, հայ, կրօնափոխ պոնտոսցի, համշէնահայ, չերքէզ, չեչեն եւ այլ շրջանակներ, արդէն յոգնած են Էրտողանէն եւ անոր անվերջանալի արկածախնդրութիւններէն, որոնք հսկայական հարստութիւն, թալան ու միլիառներու կաշառք նուիրաբերեցին «սուլթան» Էրտողանին եւ իր շրջապատին, որոնց գլխաւոր ժամանցներէն մէկն ալ Յովհաննէս Այվազովսքիի հրաշալի ստեղծագործութիւնները թալանելն ու սեփականացնելն է:

Մեզի կը մնայ քիչ մըն ալ համբերել, որպէսզի տեսնենք լրիւ «որբացած», Իլհամ Ալիեւին նոյնանման ճակատագրին արժանանալը:

 

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԶԻՆԱՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄԸ ՄԻՏՈՒԱԾ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ»

Next Post

ՈՃԻՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ Է ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿԸ ՓԱՍՏՈՒԻ

Next Post
ՈՃԻՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ Է ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿԸ ՓԱՍՏՈՒԻ

ՈՃԻՐԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ Է ՄԻՆՉԵՒ ՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿԸ ՓԱՍՏՈՒԻ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.