Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ

April 9, 2024
in Հայաստան
0
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԱԾ Է 2024 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻ

 

Լեռնային Ղարաբաղի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը իր բարեգործական եւ մարդասիրական գործունէութեան համար ներկայացուած է 2024 թուականի Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի:

Հեղինակաւոր անձերու կողմէ Ռուբէն Վարդանեանը ներկայացուած է այդ բարձր մրցանակին՝ շուրջ հինգ տասնեակի հասնող նոր եւ աննախադէպ կրթական, բարեգործական, գիտական եւ մարդասիրական կառոյցներու ստեղծման ու օժանդակման համար ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ շարք մը երկիրներու մէջ:

«Առաջադրողները տպաւորիչ եւ միջազգային գնահատականի արժանի համարած են Ռուբէն Վարդանեանի՝ մարդասէրի եւ բարերարի կերպարը եւ անոր հետեւողական ջանքերը՝ ուղղուած նոյնիսկ պատերազմներու եւ անոնց սպառնալիքի, ֆինանսական եւ քաղաքական ճգնաժամերու ընթացքին մարդասիրական, բարեգործական  ու ընկերային ծրագրերու միջոցով երկարատեւ կայունութեան ու զարգացման գործիքներու ներդրման:

Այդ ծիրին մէջ մասնաւորապէս յիշատակուած է անոր գործունէութիւնը շրջափակուած Արցախի մէջ, ուր Ռուբէն Վարդանեանը մեծ ջանքեր ներդրած է՝ փորձելով ոչ միայն մեղմել մարդասիրական ծանր կարիքները, այլեւ դժուարին վիճակի մէջ յայտնուած մարդոց ու երեխաներու կենսական պայմաններու բարելաւման հնարաւորութիւններ ստեղծել:

Գնահատելի համարուած է այն, որ Ռուբէն Վարդանեանի բարեգործութիւնը կ՛ընդգրկէ ոչ միայն ազգային, այլեւ միջազգային մակարդակները եւ համաշխարհային ազդեցութիւն ու նշանակութիւն ունի: Անոր հեղինակային մեծ նախագիծերէն մէկը՝ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը ուղղուած է աշխարհի բոլոր անկիւններուն, բոլոր ցամաքամասերուն մէջ օգնելու եւ ձեռք մեկնելու բոլոր անոնց, որոնք վտանգելով սեփական կեանքը բարիք կը գործեն: Վարդանեանին առաջադրման ներկայացուած յարգարժան անձերու նամակին մէջ կարեւոր կը համարուի նաեւ այն, որ ան յարգալից եղած է ոչ միայն իր ժողովուրդին, կրօնին, այլեւ այլոց ժառանգութեան նկատմամբ. որպէս անոր վառ օրինակ կը նշուի Ռուբէն Վարդանեանի նախաձեռնութեամբ վերանորոգուած Շուշիի իրանեան մզկիթը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ՝ ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՖԻԼՄԵՐՈՒ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲ

Next Post

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԶԻՆԱՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄԸ ՄԻՏՈՒԱԾ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ»

Next Post
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԶԻՆԱՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄԸ ՄԻՏՈՒԱԾ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ»

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԶԻՆԱՏԵՍԱԿՆԵՐՈՒ ՁԵՌՔԲԵՐՈՒՄԸ ՄԻՏՈՒԱԾ Է ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.