Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆԱՍՐԱԼԼԱ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺՈՒԻ»

April 9, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՆԱՍՐԱԼԼԱ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՊԱՏԺՈՒԻ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սայիտ Հասան Նասրալլա յայտնեց, որ Իրան իրաւունք ունի հակադարձելու իր զինուորական ղեկավարներէն Մոհամմատ Ռիտա Զահիտիի սպանութեան, որ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի ուղղութեամբ ենթադրաբար իսրայէլեան յարձակումի հետեւանքով: Զահիտիի եւ ընկերակիցներուն ահաբեկումի յիշատակին նուիրուած հաւաքի մը ընթացքին, Նասրալլա Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանին թիրախաւորումը համարեց երկար տարիներէ ի վեր Սուրիոյ մէջ մեծագոյն գործողութիւնը եւ բնական համարեց, որ Թեհրան ուժգին հակադարձէ: Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ապա ներկայացուց Լիբանանի մէջ Իրանի յեղափոխական պահակագունդի ներկայութեան պատմականը եւ դիտել տուաւ, որ նպատակն էր աշխուժացնել ժողովրդային դիմադրութիւնը, իսկ Զահիտի Դամասկոսի եւ Լիբանանի մէջ կը գործէր ահաբեկուած հրամանատար Քասէմ Սուլէյմանիի որոշումով: «Այս հարուածը նոր զարգացում կը համարուի երկու առումով. նախ պարզապէս իրանցի ղեկավարներու ահաբեկում չէր, այլ հարուածը ուղղակի Իրանի դէմ էր, նկատի առնելով որ հիւպատոսարանը կը համարուի Իրանի հող, իսկ երկրորդ՝ ահաբեկումի մակարդակը բարձր էր, որովհետեւ թիրախաւորուեցաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ իրանցի զինուորական խորհրդականներուն ղեկավարը», ըսաւ Նասրալլա՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ, Միացեալ Նահանգներ ու համայն աշխարհը համոզուած են, որ Իրան անպայման պիտի հակադարձէ:

Խօսելով Կազայի զարգացումներուն մասին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ պատերազմի սկիզբէն վեց ամիս ետք, Իսրայէլ ոչ միայն որեւէ իրագործումի չէ հասած, այլ կը դիմագրաւէ յաւելեալ խնդիրներ եւ իսրայէլացիներուն մեծամասնութիւնն իսկ գոհ չէ զարգացումներով:

Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան Ժըպէյլ գաւառի համակարգող Փասքալ Սլէյմանի առեւանգումին եւ բուռն քննադատեց նշեալ կուսակցութեան եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան յայտարարութիւնները: «Անոնք իրաւատէր չեն, այլ՝ քաղաքացիական պատերազմ որոնողներ: Աստուած Լիբանանը պահպանեց ներքին խռովութիւններու վտանգէն, որ յառաջացած էր ոխի եւ դաւադրական ծրագրերու պատճառով», ըսաւ Նասրալլա՝ խօսելով Սլէյմանի առեւանգումէն ետք իր կուսակցութեան ուղղուած ամբաստանութիւններուն, Ժըպէյլ գաւառին մէջ ճամբաներու փակումին եւ շրջանի բնակիչներու ուղղուած սպառնալիքներուն մասին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆ ՈՒ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԻԳՐԱՆ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆԻ ՈՐԴԻՆ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ՀԱՐՑԵՐ

Next Post

ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ ՀԵՏ ՄԻՋԱԴԷՊ

Next Post
ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ ՀԵՏ ՄԻՋԱԴԷՊ

ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ ՀԵՏ ՄԻՋԱԴԷՊ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.