4 Ապրիլ 2024: Մահուան 79-ամեակը արեւմտահայ քերթողութեան գագաթներէն` Վահան Թէքէեանի:
Մեր մտածումները պահ մը 79 տարի ետ կը դառնան հոն` Գահիրէ, ուր 67 տարեկանին իր մահկանացուն կնքած Հայ Բանաստեղծութեան Իշխանը, տեղի Հայոց գերեզմանատան մէջ կ’ամփոփուէր անոր մարմինը, մօտիկը իր գրչի ու Գաղափարի եղերաբախտ ընկերներուն, մտերիմներուն` Արփիար Արփիարեանի, Երուանդ Օտեանի, Միհրան Տամատեանի, Ալեքսանտր Սարուխանի եւ ուրիշներու:
Բ. Աշխարհամարտի հռնդիւններու հանգումէն քանի մը շաբաթ առաջ, բազմատառապ բանաստեղծը իր «մէկ հատիկ»ն ալ կը փակէր այս աշխարհի մէջ, իր կեանքի վերջին օրերուն մերժելով հոգածութիւնը իր Գաղափարի իսկ ընկերներուն, մտերիմներուն, տառապելով թոքատապէ` գրեթէ մինակութեան մէջ: Այն Գաղափարի, որուն հոգեւին փարելուն համար, իր գրիչով ու կեանքը զոհաբերելու իսկ գնով յանուն այդ Գաղափարի պաշտպանութեան նուիրուելուն ու պայքարելուն համար, 1916-ի 7 Սեպտեմբերին կորսնցուցած էր լոյսը իր աջ աչքին` լրագրական բանավէճերու պատճառով իր Գաղափարի հակառակորդներուն կողմէ իր վրայ կատարուած յարձակման պահուն: Եւ, սակայն, յետմահու ան կ’արժանանար ընդարձակ փառքի` իր Գաղափարի նոր սերունդի ընկերներուն` Փրոֆ. Բարունակ Թովմասեանի, Մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի, Գերսամ Ահարոնեանի, Հայկաշէն Ուզունեանի, Յակոբ Դաւիթեանի ճիգերով, որոնք Պէյրութի մէջ 1947-ին հիմը դրին Թէքէեան Մշակութային Միութեան, որ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ տակաւ առ տակաւ ունեցաւ իր մասնաճիւղերը, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն տանիլ գրական-մշակութային երախտաշատ գործունէութիւններ:
Վաւերական, իրապաշտ, գերիրապաշտ, գեղագէտ այն բանաստեղծներէն է Վահան Թէքէեան (Դանիէլ Վարուժանի եւ Միսաք Մեծարենցի հետ կազմելով երրորդութիւն), որուն իմաստասիրական, խոհափիլիսոփայական քերթողութիւնը, Երկիրն ու Երկինքը, Երկրի մարդն ու Երկինքի Աստուածը մերձեցուց իրարու` արուեստի վերթեւող արարումներու ընդմէջէն տիեզերական զրոյցներու հասնող, բանաստեղծութեան հզօր հուրը հասցնելով լայնահուն ընդգրկումներով գեղարուեստական խորիմաստ, մտածական-զգայական այնպիսի սարսռագին վայելքներու, որ կեանքի պայքարին ու մահուան անդոհանքին դիմաց շուարուն կանգնած մարդուն կը շնորհէին այն սփոփիչ սպեղանին, որ հնչեակի մը եւ այլ քերթուածներու մէջ ան ստեղծագործեց հրաշալիօրէն, իր քանքարավառ բանաստեղծի հուրհրան տաղանդով, այդ բոլորը յանձնելով իբրեւ հաշուեյարդար, մեկնելով այս աշխարհէն` իր վիթխարի գործին հանդէպ ոմանց ուրացումի ու անտեսումի սուինը սիրտին սակայն, այլեւ դժբախտ ու յետին ծայր ժուժկալ ապրելու գոհունակութեան գողգոթան երկար տարիներ իր մէջ կրելէն…:
Ազնուական, խոնարհ, մարդկայնական հոգիէ մը պայթած բանաստեղծութիւններու, ճշմարիտ ու անմեռ բանաստեղծութիւններու փաստը Թէքէեան փորագրեց սիրտին մէջ իրատես մարդուն` դարերու ամբուռքներու դէմ անմարելի վկայարան մ’իբրեւ: Յիրաւի, բանաստեղծութիւններ` արուեստի աստուածութիւնը պատգամող, երգող, իրենց հիննալը հեգնող ու արհամարհող, ամէ՛նուրեք ներկայ, որոնք երբեք չեն վախնար ժամանակի հարթիչ-սրբիչէն, քսու ու քոսոտ շողոմներէ, բանսարկութիւններէ, յայրատ բանդագուշանքներէ: Բանաստեղծութիւններ, որ անդուլ պիտի վառին ու վառեն միտքն ու հոգին, համամարդկային զօրութեամբ մ’աննուաճ` մարդկային սիրտին անուրջները գողտր, ուր երբեք պիտի չսպառին Հայրենիքին Երազն ու Յոյսը, արցունքն ու յոյզերը, Սէրն ու արուեստի քուրան գեղեցկութեան, այնքան ատեն որ կա՛ յ Աստուծոյ ստեղծած արդարադատ ՄԱՐԴԸ, կա՛ն արեան ձայները մարդկայնական, որոնք անհունաստեղծ բարիքներն են գլխագիր ու աստուածառաք այն ՄԱՐԴՈՒՆ, որ նո՛յնինքն Վահան Թէքէեան հանճարեղ բանաստեղծն է:
Իրա՛ւ բանաստեղծութիւնը` որ ոսկեցոլուն կը ճառագի ընդհանրապէս Արուեստագէտ սերունդի գրողներու գործերուն եւ Վահան Թէքէեան Հայ Բանաստեղծութեան Իշխան մեծ բանաստեղծին մէջ մասնաւորապպէս, քովէ-քով բերուած ածականներու, արուեստակեալ յոյզերու, անյարիր բառակապակցութիններու հանդիսանք մը չէ հարկաւ` ելլելու շալակը մարդոց ու բարձրակարկառ գոռալու զանգուածներուն` ծափահարութիւններ խլելու նպատակով, այլ` Արարատի ու Մասիսի կատարները բարձրացած եւ հայրենանուէր հայ քաղաքացի մարդուն համար ուղեցոյց-աւետարան, իր բանաստեղծի սիրտին քնարովը քանքարուած ովկիան, հոսելու անդաստանները իր տառապեալ ժողովուրդի յոյզերուն, վիշտերուն, հուսկ հանգչելու գագաթին Հայուն կենսական Հպարտութեան, որուն ակէն ան յորդեցուց «Հրաշալի Յարութիւն»ը, «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս»ը, «Սէր»ը, «Հայերգութիւն»ը եւ միւս բոլոր երկերը` կայլակներով քանքարավառ` որ Վահան Թէքէեան մեծ բանաստեղծինն եղան ապաքէն:
Անխառն իրականութիւնն այն է, որ Վահան Թէքէեան ա՛յնքան խոր ու անապական սէրով է ճարտարապետած իր բոլոր երկերը, Սփիւռքի տառապանքն ու արեւմտահայութեան դատը ա՛յնքան անպարագիծ տարածականութեան մը վրայ է երգած` իր «Հոգեր»էն մինչեւ «Տաղարան», զանակ-զանակ, կերոն առ կերոն բաշխած ապագայ սերունդներուն, որ իր մահէն ետք հետագայ քերթողներուն, սփիւռքահայ գրողներուն ան կտակեց իր տաղանդին անմերձենալի մեծութիւնը, անկրկնելի իմացականութիւնը, թող ներուի ըսել կտակեց` Վահան Թէքէեան կրկնել կամ բուրել փորձողներուն սնապարծութիւնը: Արդարեւ, Վարուժաններու, Սիամանթօներու, Զօհրապներու, Ռուբէն Սեւակներու եւ միւսներուն մարտիրոսացումէն ետք, Հայոց ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած Վահան Թէքէեան` վերջին սակաւ մոհիկաններէն մին արեւմտահայ անճիտուած սերունդին, իր վերոյիշեալ երկերով ըսաւ ու գրեց ամէ՛ն ինչ եւ հասաւ Սփիւռքի բազմատառապ թելերով թեզանուած այսօրուան գոյութեան, ի՛ր իսկ մարգարէական կանխատեսումով` արեւմտահայերէնի տակաւ անշքացման` ի դէմ ցաքուցրիւ հայ գաղթաշխարհի սաստիկ հողմերուն…:
Փիլիսոփայ բանաստեղծ Վահան Թէքէեան ունի քիչերուն ծանօթ բանաստեղծութիւն մը` «Գիւտեր» խորագիրով, գրուած 1926-ին եւ տպուած «Հայաստանի Կոչնակ»ին մէջ 1937-ին: Սոյն բանաստեղծութիւնը դուրս է մնացած բանաստեղծին մեզի ծանօթ հատորներէն: Վեց տուննոց այս քերթուածին մէջ բանաստեղծը կը գրէ մարդկային միտքին եւ հոգիին միջեւ մեծ տարբերութեան մասին. կու տամ երկու տուն միայն.-
Այս քառասուն տարուան մէջ քանի՜ Գիւտեր եմ տեսած…
Հըրաշալի, դիւթական` ժայթքած մարդու ուղեղէն…
Դեռ ղեկ չունէր Օդանաւն` Օդապարիկ այն ատեն.
Հիմա ունի, կը թըռի… սակայն «պարիկ»ն ո՞ւր մնաց:
………………………………………………………………………………..
Բայց թէ մարդիկ միմեանց դէմ, ազգեր հանդէպ իրարու,
Աւելի գէշ են գայլէն, հեղձուցիչ կազ են ու թոյն`
Պատճառը այն է հարկաւ` որ այս Գիւտերն իր հոգւոյն
Ծընունդը չեն, այլ` միայն իր ուղեղի՜ն ահարկու…
Որքա՛ն իրաւացի. գիտնակա՛ն մարդ է Թէքէեան: 98 տարի առաջ ան գրած, հիմա աշխարհը թունաւորող, քանդող, մեզ քորոնաներու դար մտցուցած այսօրուան ռազմատենչ ախոյեաններո՛ւն համար գրած ըլլար ան կարծես, որոնց «Գիւտեր»ը ծնունդն են իրենց հրէշային, գայլի մտածողութեան: Ուրեմն, մարդկայնական հոգին չի՛ կրնար գէշի ծնունդ ըլլալ: Մարդկայնական հոգին` ծնունդ երկնային Աստուծոյ ու երկրային մօր, պէ՛տք է ունենայ մարդկութիւնը սիրող եւ համամարդկայնօրէն բաբախող սիրտ, որ ունէ՛ր Վահան Թէքէեան եւ իր այդ սիրտով ան նուիրաբերեց իր կեանքը հայ գրականութեան բագինին, ի սէր ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան եւ ի խնդիր Արդարութեան երազին` որուն ան չհասա՜ւ, անոր… «իղձո՜վը մեռաւ…»:
Հայերգակ, քնարերգակ, մարդերգակ Մեծն Թէքէեանի «Աղօթք` վաղուան սեմին առջեւ» ութ տուննոց բանաստեղծութիւնը կը մնայ համամարդկային չափանիշով իր բազմաթիւ ստեղծագործութիւններուն մէջ առանձին գագաթ մը. ան այսպէս կը դիմէ Ամենակարողին.-
Կեանքին համար բովանդակ` կաթեցուր սէր սրտին մէջ
Զօրաւորին այսօրուան, զօրաւորի՛ն ալ վաղուան…
Սրտերն անոնց չըխըցուի՜ն` այլ պարպըւի՜ն ու լենա՜ն
Իրարո՛ւ մէջ, իրարմո՛վ` հաղորդութեամբ մը անվերջ…:
Գըթա՛ գոնէ տըղայոց եւ ծերերուն. մի՛ թողուր
Տըղաքն առանց գորովի, ծերերն առանց նեցուկի…
Թո՛ղ ընդհարումն ըլլայ կարճ եւ թո՛ղ շուտով հաստատուի
Խաղաղութիւնը արդար` կռուողներուն մէջ տըխուր…
Թո՛ղ սասանին ու փշրին բարձըր բերդերն անառիկ
Եւ իյնան վար պատնէշներն զըրահապատ եսութեանց.
Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնըւի ամէն գանձ.
Թո՛ղ պարտէզները բացուին եւ թող խուժե՜ն հոն մարդիկ,
Բայց չըկոտրե՜ն ոչ մէկ ծառ, չըճզմե՜ն ո՛չ մէկ ծաղիկ…:
Վահան Թէքէեանի մասին այս միտքերը պիտի չուզուին աւարտիլ այսքանով: Իր ողջախոհ ու անմահ ստեղծագործութիւնները ամէնօրեայ ուղեկիցն են Հայ մարդուն, օտարի՛ն ալ, ի՛նչ գոյնի կամ ցեղի ալ պատկանի ան:
Իր մահուան տարելիցին, իր անմեռ յիշատակն ու գործերը, անցած կեանքին չարչարագին ուղին, կրկին կը յուզեն մեր հոգիները… լալու չափ…
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր բազմատառապ հոգիին:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Աղթամար»
———————————————
ՆԿԱՐ 1.- Վահան Թէքէեան
ՆԿԱՐ 2.- Վահան Թէքէեանի արձանը Երեւանի մէջ