Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՒԱՔ Ի ՊԱՏԻՒ ՍԴՀԿ «ՊԱՆԴՈՒԽՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

April 6, 2024
in Գաղութային
0
ՀԱՒԱՔ Ի ՊԱՏԻՒ ՍԴՀԿ «ՊԱՆԴՈՒԽՏ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

 

ՍԴՀԿ «Պանդուխտ» մասնաճիւղը նոր վարչութիւն ունի՝ կազմուած երիտասարդ անդամներէ: Այս առիթով եւ որպէս շնորհաւորանքի ու գնահատանքի արտայայտութիւն, Երկուշաբթի, 1 Ապրիլ 2024-ին, հաւաք մը կազմակերպուած էր Ռաուտայի ՀՄՄ ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի եւ Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ անդամներու: Հաւաքին ներկայ էին նաեւ մասնաճիւղի նախկին ընկերներ եւ Տիկնանց միութեան անդամներ:

Ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեան խօսք առնելով նախ շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց հին վարչութեան անդամներուն, յայտնելով որ անոնք օրինակ պիտի դառնան եւ իրենց խրատներով օգտակար դառնան նորընտիրներուն, որպէսզի անոնց գործը ճիշդ ու հեզասահ ընթանայ: Ընկ. Տագէսեան նոր ու հին սերունդին միջեւ միասնականութեան ու համագործակցութեան կոչ ուղղեց:

Հաւաքին ընթացքին «Պանդուխտ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը պարգեւատրեց վեթերան ընկերներ՝ Ալեք Սալպաշեանը, Սագօ Գասպարեանը, Վարդան Թութուշեանը, Արամ Պէքարեանը, Կարպիս Գասպարեանը, Վարդան Նորշահեանը եւ Յարութ Նազիկեանը:

Ընդունելութիւն եւ յարգանքի երեկոյ ի պատիւ ռաուտայի մատուռի հոգեւոր հովիւին

Չորեքշբաթի, 3 Ապրիլի երեկոյեան, ՍԴՀԿ «Պանդուխտ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն՝ ի պատիւ Ռաուտայի մատուռի հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Աւ. Քհնյ. Սաղիրին՝ շնորհաւորելով զայն աւագութեան տիտղոսին արժանանալուն առթիւ։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ մատրան Թաղական խորհուրդն ու Տիկնանց յանձնախումբը: Այս ուրախ առիթով տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում: Վարչութիւնը ի սրտէ առողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Տէր Հօր, մաղթելով որ ամենաբարի Աստուծոյ օգնականութեամբ Տէր Հայրը շարունակէ իր ժողովրդանուէր գործունէութիւնը՝ ի փառս հայ եկեղեցւոյ եւ ի պանծացումն իր ծուխի հօտին։

Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Աւ. Քհնյ. Սաղիրը իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի վարչութեան եւ իր սրտի խօսքին մէջ նշեց, որ քահանային տրուած տիտղոսը եթէ իր անձին մնայ՝ անարժէք կ’ըլլայ, բայց այդ նաեւ կը տրուի շրջանի ժողովուրդին, հետեւաբար միասին գործակցելով աշխատանքը աւելի յաջողութիւն կ’արձանագրէ: Ան ըսաւ, որ ինք պիտի ծառայէ ազգին, ժողովուրդին եւ միութիւններուն, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ «Պանդուխտ» մասնաճիւղը, անոր մաղթելով լաւ ապագայ:

Ներկաները մեծապէս գնահատեցին ՍԴՀԿ «Պանդուխտ» մասնաճիւղինորընտիր վարչութեան այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը, մաղթելով յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ, ՔԱՆՔԱՐԱՎԱՌ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԸ

Next Post

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Next Post
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.