Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

April 5, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԵՐԴՐՈՒՄԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործերի նախարարութեան խօսնակ Անի Պատալեան յայտնած է, որ Հայաստան կը կարեւորէ Ֆրանսայի ներդրումը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին:

Այս մասին ան յայտարարած է` ի պատասխան լրատուամիջոցներէն ստացուած հարցումներուն:

– 2 Ապրիլին Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործերու նախարար Սթեֆան Սեժուրնէն ԱՄՆ արտաքին գործերու նախարար Անթընի Պլինքընի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ապահովման անհրաժեշտութեանն ու զարգացումներուն, սրացումէ խուսափելու Հայաստանի իրական մտադրութեան` նաեւ մտահոգութիւն յայտնելով ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ հնարաւոր սպառնալիքներու առնչութեամբ: Որոշ երկիրներ Ֆրանսայի այս ընկալումը օգտակար չեն համարեր տարածաշրջանային կայունութեան տեսանկիւնէն: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք:

Կը կարծենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարին 2 Ապրիլի անդրադարձը եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին Ֆրանսայի ներգրաւուածութեան նպատակներն ու կարեւոր ներդրումը յայտնի են բոլոր գործընկերներուն: Անոր օրինակները շատ են թէ՛ Հայաստանի հետ երկկողմ, թէ՛ տարածաշրջանային ու բազմակողմ հարթակներու մէջ փոխգործակցութեան առումով:

Քննարկուող ծիրին մէջ կրնանք առանձնայատուկ նշել 2022-ի Հոկտեմբերին Փրակի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի շրջանակներուն մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումը, որուն ժամանակ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը 1991-ի Ալմա-աթայի հռչակագրին. ի դէպ, Փրակի հանդիպման եւ Ալմա-աթայի հռչակագրի մասին կը յիշատակուի նաեւ ԱՄՆ արտաքին գործերու նախարար Անթընի Պլինքընի հետ կայացած հեռախօսազրոյցին վերաբերեալ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

Մենք կը կարեւորենք, ի հարկէ, Ֆրանսայի ներդրումը նաեւ որպէս Եւրոպական միութեան անդամ, որուն առաքելութիւնը 2022-ի Հոկտեմբերէն` նոյն Փրակի հանդիպումէն յետոյ կը մշտադիտարկէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջպետական սահմանը եւ վերջին օրերուն ալ հանդէս եկած է համապատասխան հաղորդագրութիւններով: Կը կարծենք` ԵՄ առաքելութեան մանտաթին համապատասխան գործունէութիւնն ու գնահատականները պէտք է հաշուի առնուեն, այդ շարքին` ԵՄ բոլոր անդամ պետութիւններու դիրքորոշումներուն մէջ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ԵՒՐՈՊԱՑԻՆԵՐԸ ՅԱՆՈՒՆ ԱՐՑԱԽԻ» ՀԱՐԹԱԿԸ ԵՄ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՊՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ

Next Post

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ, ՔԱՆՔԱՐԱՎԱՌ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԸ

Next Post
ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ, ՔԱՆՔԱՐԱՎԱՌ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԸ

ԱՆԿՐԿՆԵԼԻ, ՔԱՆՔԱՐԱՎԱՌ ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.