Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆօն տեր Լեյենի եւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթընի Պլինքընի` 5 Ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած համատեղ հանդիպման ընդառաջ, «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը նամակով դիմած է Եւրոպական միութեան ղեկավարութեան` բարձրացնելով Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերու բնակարանով ապահովութեան հարցը: Այս մասին կը յայտնէ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» նախաձեռնութիւնը:
Նամակին մէջ մասնաւորապէս ասւում կ՛ըսուի. «Որպէս ԵՄ քաղաքացիներ` մենք կը դիմենք ԵՄ ղեկավարութեան` ֆինանսական միջոցներ յատկացնել Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ բնակարանային արժանապատիւ պայմաններով ապահովման համար` մինչեւ պաշտպանութեան միջազգային մեխանիզմներու երաշխաւորումը, որոնցով հնարաւոր պիտի ըլլայ ապահովել անոնց հաւաքական վերադարձը Արցախ: Զուգահեռներ տանելով 1988-ին Հայաստանին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին յաջորդած միջազգային բնակարանաշինական նախագիծերու հետ, հարթակը նաեւ կը յուշէ, որ նմանատիպ նախաձեռնութիւնները կրնան միջնաժամկէտ լուծում տալ` կանխելով հազարամեայ մշակոյթի ոչնչացումը:
«Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը կ՛ընդգծէ Եւրոպական միութեան դերը որպէս ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու հիմնական միջնորդ, երբ 2021-ին բանակցային գործընթացնը կ՛առաջնորդէր Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը: Նամակին մէջ կ՛ըսուի, որ թէեւ ԵՄ-ն շարունակաբար կ՛ընդունէր Արցախի հայութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, այնուամենայնիւ ԵՄ ղեկավարութիւնը յաճախ կը շեշտէր արցախահայութեան «համարկման» կարեւորութիւնը Ատրպէյճանի մէջ եւ հանդէս կու գայ անոր օգտին, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճանը շրջափակման եւ սովամահութեան կ՛ենթարկէր զանոնք եւ կ՛իրականացնէր ռազմական յարձակում: Հարթակը յղում կ՛ընէ Եւրոպական խորհրդարանի 5 Հոկտեմբեր 2023-ի բանաձեւին, որ կ՛արտայայտէ «խոր դժգոհութիւն այն փաստին առնչութեամբ, որ Եւրոխորհրդարանի ահազանգերը Արցախի իրավիճակի եւ աղէտալի հետեւանքներու վտանգներու վերաբերեալ անտեսուած են Եւրոյանձնաժողովի եւ Եւրոպական խորհուրդի կողմէ: Նամակին հեղինակները կը շեշտեն, որ անպատժելիութիւնը միայն քաջալերեց Ատրպէյճանի հետագայ կործանարար քաղաքականութիւնը»:
Նամակին մէջ նաեւ կը շեշտուի. «Եթէ ռուս խաղաղապահներուն անգործութիւնը թոյլ տուաւ Ատրպէյճանին իրականացնել իր զազրելի յանցագործութիւնը, այնուամենայնիւ ԵՄ-ն նոյնպէս կը կրէ պատասխանատուութեան իր բաժինը վերը նշուած պատճառներով: Խօսքը չի վերաբերիր Եւրոպական խորհրդարանին, որ պատուով կատարեց դերը որպէս ժողովրդավարութեան պալատ եւ շարունակաբար անաչառ դիրքորոշում կը ցուցաբերէր իրավիճակին վերաբերեալ»:
Կը նշուի, որ ցեղային զտումներուն հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր բռնի տեղահանուած հայեր ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ: «Թէեւ Հայաստանի կառավարութիւնը ջանքեր գործադրած է անոնց կարճաժամկէտ կարիքները հոգալու ուղղութեամբ, բայց եւ այնպէս անոնք բաւարար չեն արժանապատիւ կեանք ապահովելու համար: «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը երախտագիտութեամբ կ՛ընդունի ԵՄ կողմէ մարդասիրական օգնութեան յատկացումը Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայերուն աջակցելու համար: Այնուամենայնիւ, այդ մարդասիրական օգնութիւնը կը լուծէ միայն կարճաժամկէտ կարիքները: Փաստացի, արդէն քանի մը հազար արցախահայեր արդէն լքած են Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ չեն վերադարձած: Սա իրական աղէտ է: Եթէ իրավիճակը շարունակուի, ժամանակի ընթացքին արցախահայութեան ուրոյն մշակոյթը եւ բարբառները պիտի վերանան», ըսուած է նամակին մէջ:
Յիշեալ նամակը ուղղուած է Եւրոպական միութեան ղեկավարութեան` մասնաւորապէս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆօն տեր Լեյենին, ԵՄ հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիւիէ Վարհելիին, ԵՄ արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորելին, Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամերու հարցով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլային: Նամակը պիտի հասցէագրուի նաեւ ԵՄ անդամ-պետութիւններու կառավարութիւններուն, մասնաւորապէս այն երկիրներու կառավարութիւններուն, ուր «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակը ներկայացուցչական մարմին ունի: