Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱԶԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՕՐ

April 5, 2024
in Միջազգային
0
ԿԱԶԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՕՐ

Մինչ Կազայի պատերազմը կը բոլորէ իր 6-րդ ամիսը, Համաս-Իսրայէլ բանակցութիւններուն վերաբերեալ նորութիւն չկայ: Գլխաւոր միջնորդներէն համարուող Քաթարի վարչապետ Մոհամմատ պըն Ապտ ալ Ռահման ալ Սանի նշեց, որ զինադադարի բանակցութիւններուն մէջ տարակարծութեան գլխաւոր թեման կը վերաբերի տեղահանուած պաղեստինցիներու տունդարձին, որ կտրականապէս կը մերժէ Իսրայէլ:

«Փոլոթիքօ» կայքը հաղորդեց, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պատասխանատու մը դիտումնաւոր համարած է Կազայի մէջ մարդասիրական աշխատանք տանող կազմակերպութեան ինքնաշարժի ռմբակոծումը, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ «Համաշխարհային կեդրոնական խոհանոց» մարդասիրական կազմակերպութեան 7 ծառայող: Դիտել տալով, որ ինքնաշարժը թիրախաւորուած էր երեք ռումբով, ուստի վստահաբար դիտումնաւոր հարուած էր: Ամերիկացի պատասխանատուն զգուշացուց, թէ կարելի պիտի չըլլայ իրականութիւնը պարզել իսրայէլեան հետաքննութեամբ, այլ անհրաժեշտ է կատարել թափանցիկ եւ ամբողջական քննութիւն: Իսկ ամերիկացի նախագահ Ճօ Պայտըն բողոքեց, որ «Իսրայէլ բաւարար աշխատանք չէ կատարած՝ պաշտպանելու կազմակերպութեան աշխատակիցները»: Միւս կողմէ, Իսրայէլի նախագահը ներողութիւն խնդրեց տեղի ունեցած «սխալին» համար եւ ցաւակցեցաւ զոհերու հարազատներուն: Իսկ Լեհաստանի իշխանութիւնները Արտաքին գործերու նախարարութիւն կանչեցին Վարշաւայի մէջ Իսրայէլի դեսպանը եւ բողոքեցին մարդասիրական ինքնաշարժի թիրախաւորումէն, որուն հետեւանքով զոհուածներու շարքին է լեհ մը:

Ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ, երէկ նշուեցաւ Երուսաղէմի օրը: Այդ առթիւ Կազայի պատերազմին եւ տարածաշրջանային հակամարտութեան մասին երէկ անդրադարձան Իրանի եւ անոր դաշնակից «Դիմադրութեան ճակատ»-ի ղեկավարները՝ «Երուսաղէմի ամպիոն»-ի աշխատանքներու ծիրին մէջ:

Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայէլ Հանիա նշեց, որ «Կազա այսօր կը ներկայացնէ դիմադրութեան փառաւոր էջերէն մէկը, ուր նահատակները աւելի կ՛ամրապնդեն մեր կամքն ու յամառութիւնը»: Երուսաղէմի օրը կազմակերպուած «Երուսաղէմի ամպիոն»ի աշխատանքներուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Հանիա պնդեց, որ Կազայի մարտերուն ընթացքին կը ջախջախուի իսրայէլեան բոլոր երեւակայութիւնները: «Առանց ամերիկեան շարունակական աջակցութեան, Իսրայէլ պիտի չյանդգնէր դիմել թշնամական գործողութիւններու եւ համատարած կոտորածի», ըսաւ Համասի պատասխանատուն: Ան զինադադար կնքելու համար կառչած մնաց նախապէս յայտարարուած պայմաններուն՝ մնայուն զինադադար, Կազայէն իսրայէլեան ամբողջական նահանջ եւ տեղահանուած պաղեստինցիներու տունդարձ:

Պաղեստինեան Ժիհատ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նախալէ իր կարգին յայտնեց, որ Կազայի ճակատամարտը տակաւին կէս ճամբան հատած է միայն, նշելով որ «Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի դիմադրութիւնը կանգնած են Կազայի կողքին»:

«Դիմադրութեան ճակատ»-ի տարածաշրջանային ղեկավարներու շարքին խօսք առաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սայիտ Հասան Նասրալլա, որ կոչ ուղղեց անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրելու Կազային, որպէսզի յաջողութեան հասնի անոր դիմադրութիւնը Իսրայէլի դէմ: «Յարգանք դիմադրութեան դրօշը պարզած պաղեստինիներոն, որոնք կը կերտեն պանծալի էջեր», ըսաւ Նասրալլա: Ան հաստատեց, որ Իրանէն, Իրաքէն, Լիբանանէն, Եմէնէն եւ Սուրիայէն պաղեստինցիներուն տրամադրուած օգնութիւնը պիտի անխափան շարունակուի, մինչեւ որ պարտութեան մատնուին Իսրայէլն ու անոր ետին կանգնողները:

Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի շեշտեց, որ Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսարանի թիրախաւորումը պիտի չմնայ անպատիժ: «Այդ հարուածը ցոյց կու տայ Իսրայէլի ձախողութիւնը», ըսաւ Ռայիսի:

Եմէնի մէջ իշխող հուսիներու Անսրալլա կազմակերպութեան ղեկավար Ապտ ալ Մալիք Հուսի վերահասատատեց, որ Եմէն իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը կանգնի պաղեստինցիներուն կողքին: «Եմէնի այս գործունեայ եւ ազդեցիկ կեցուածքը կ’ամբողջացնէ ժիհատի եւ դիմադրութեան ճակատները՝ Կազայէն Լիբանան ու Իրաք», ըսաւ Հուսի՝ յիշեցնելով, որ ժիհատի ընտրանքը իր արդիւնաւէտութիւնը ցուցադրած է Լիբանանի եւ Կազայի մէջ, ուր Իսրայէլ չէ կրցած հասնիլ իր նպատակներուն:

Իրաքի «Նուժապա» շարժումի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Ահմատ Քաապի յայտնեց, որ Իրաքի, Եմէնի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի դիմադրութեան շարժումները մինչեւ վերջ պիտի մնան պաղեստինեան դիմադրութեան կողքին:

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ

Next Post

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ 31 ՄԱՐՏ 2024-Ի ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ 20 ՄԻԼԻՈՆ ՔԻՒՐՏ ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՕՆԸ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ 

Next Post
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ 31 ՄԱՐՏ 2024-Ի ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ 20 ՄԻԼԻՈՆ ՔԻՒՐՏ ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՕՆԸ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ 

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ 31 ՄԱՐՏ 2024-Ի ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ 20 ՄԻԼԻՈՆ ՔԻՒՐՏ ԸՆՏՐՈՂՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾՕՆԸ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.