Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ

April 5, 2024
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅԱՆՈՒՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ

 

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայյատ նշեց, որ ուժանիւթային հարցերով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Ամուս Հոքշթայն հետաքրքրուած է հարաւային ճակատի հանդարտութեամբ եւ կը նշէ, որ Եգիպտոսէն կազի փոխադրութիւնը եւ ծովային պաշարներու որոնումները կախեալ են սահմանային կայունութենէն, ուստի որեւէ աշխատանք կարելի չէ կատարել զինեալ բախումներու լոյսին տակ: Նախարարի պաշտօնակատարը Լիբանանի յանձնառութիւնը յայտնեց նաեւ Իրաքի հետ ուժանիւթային համաձայնութեան գործադրութեան եւ կոչ ուղղեց երկարաձգելու անոր գործադրութեան ժամկէտը:

«Ուժեղ Հանրապետութիւնը» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ, երեսփոխան Ղասսան Հասպանի դրուատեց քանի մը օր առաջ Աշրաֆիէի մէջ տեղի ունեցած անարգ ոճիրին առնչութեամբ կասկածելիներու ձերբակալութիւնը եւ ծալքերու բացայայտումը լիբանանեան բանակի հետախուզական ծառայութիւններու արագ արձագանգին շնորհիւ: Հասպանի դատական մարմիններէն պահանջեց խստիւ պատժել յանցագործները, իսկ ապահովական կառոյցներուն կոչ ուղղեց յաւելեալ ջանք թափելու՝ կանխելու համար նման միջադէպերու կրկնութիւնը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՈՒՆԻՖԻԼԻ ԳՈՐԾԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Next Post

ԿԱԶԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՕՐ

Next Post
ԿԱԶԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՕՐ

ԿԱԶԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԶՈՒԳԱՀԵՌ՝ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՕՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.