Հեռաձայնային հարցախոյզներ քիւրտ, թուրք, Պոնտոսի յոյն, հայ ականաւոր դէմքերու հետ
Կէվարա Շէյխ- Նուր – Քրտական հեղինակաւոր «Անհա» գործակալութեան քաղաքական եւ ռազմական լրագրող, խմբագիր (Գամիշլի-Հիւսիս- Արեւելեան Սուրիոյ ինքնավար մարզ):
Այս անգամ քաղաքապետական ընտրութիւններուն Թուրքիոյ մէջ, քիւրտերը վճռած են մասնակցիլ անկախ «Դէմ»(DEM) կուսակցութեան դրօշին ներքոյ` որ վերափոխուած HDD-ն է Նախագահական ընտրութիւններուն մեր մասնակցութիւնը ընդդիմադիր-քեմալական (HD-ի հետ, ընտրելու Քիլիճտարօղլուն` ծագումով Տերսիմէն… մեզի վնաս հասցուց եւ քննադատութիւններու ալիքի թիրախ դարձանք: Այնպէս որ Մարտ 31-ի ընտրութիւններուն, հակառակ սպասուած կեղծիքներու եւ ճնշումներու, կը կարծենք որ Թուրքիոյ արեւելեան համայնքներուն եւ քաղաքաներուն մէջ կարեւոր յաջողութիւններ պիտի ունենանք:
Գալով քաղաքապետական ընտրապայքարին, Թուրքիոյ մեծ ոստաններուն մէջ, ինչպէս Իսթանպուլ (Պոլիս), Անգարա, Ատանա, Սամսոն եւն, ընդդիմադիրի CHD-է որ աթոռներուն մեծ մասին պիտի տիրանայ: Թուրքիոյ տնտեսական, քաղաքական, դիւանագիտական ահաւոր ճգնաժամի մէջ է եւ Էրտողան եւ իր խմբակիցները շուարած են ու կը փորձեն հաւասարակշռել իրենց արտաքին քաղաքականութեան ընթացքը, Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի, Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն միջեւ: Էրտողան կը փորձէ յարաբերութիւնները բարելաւել Սուրիոյ, Եգիպտոսի, նոյնիսկ Հայաստանի հետ, իր վարած վտանգաւոր քաղաքականութեան պատճառով միայն թշնամացնելով մօտիկ եւ հեռու դրացիները: Իր փորձերը՝ լեզու գտնել քիւրտերուն, քրտազգի ժողովուրդներու, նոյնիսկ PKK-ին հետ, առայժմ յաջողութեան չհասան եւ ընդհանրապէս անվստահելի կը համարուի մեր կողմէ: Այնպիսի, հարկ է սպասել մինչեւ 31 Մարտ, տեսնելու այս պատամական ընտրութիւններու արդիւնքները:
Սալիմ Մուսլիմ .- Քրտական հզօր «Դեմոկրատական Միութիւն» Կուսակցութեան համանախագահ: Ուսանած ըլլալով Պոլսոյ մէջ, մասնակցած է բազմաթիւ բանակցութիւններու էրտողանեան վարչակարգին հետ զինադադար կնքելու, PKK-ի ղեկավար Աբօ-Օճալանը ազատ արձակելու եւ այլ գործարքներու մէջ: Այժմ կը գտնուի Գամիշլիի մէջ: Մենք որոշեցինք բոլորովին անկախ ընտրացանկերով մասնակցիլ Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն DEM նախկին HDP կուսակցութեան ղեկավարութեամբ: Կը պայքարինք որ մեծամասնութեամբ յաղթանակ տանինք Թուրքիոյ Քիւրտիստանի տարածքներուն քաղաքապետական աթոռները նուաճելով: Նոյնիսկ, այս օրերուն, իշխող AK էրտողանեան կուսակցութիւնը արդէն իսկ ընտրակեղծիքներու լայնածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկած են: Բազմահազար բանակայիններ եւ անվտանգութեան աշխատակիցներ, կեղծ փաստաթուղթերով արձանագրուած են մեր ընտրատարածքներուն մէջ: Այնպէս որ ամէն կարգի բռնութեան, ձերբակալութիւններու, վախի մթնոլորտ ստեղծելու ծրագիրներ գործի դրուած են մինչեւ 31 Մարտ 2024-ին քաղաքապետական ընտրութիւններու այս կարճ ժամանակաշրջանին եւ անկէ ետք:
Սաիդ Ջեթինօղլու.- թուրք արմատներով Պոնտոսի յոյն քաղաքական ընդդիմադիր գործիչ, ցեղասպանագէտ, «Amnesty International»-ի Թուրքիոյ մէջ առաջին ներկայացուցիչներէն, նախկին քաղաքական բանտարկեալ, մեծ հայասէր:
Ըստ վերջին վիճակագրութիւններուն, ընդդիմադիր քեմալիստ (HP-ն) պիտի տիրանայ քաղաքապետութիւններու աթոռներուն մեծամասնութեան: Իսթամպուլի (Պոլսոյ) քաղաքապետ Իմամօղլուի (Սեւ ծովի Պոնտոսի իսլամացուած յոյներէն) կողմնակիցները կը մնան հզօր եւ նաեւ Անգարայի, Ատանայի եւ այլ գլխաւոր աւաններուն եւ քաղաքներուն մէջ, HP-ն կը մնայ գլխաւոր թեկնածուն յաղթանակի: Քիւրտերը, Թուրքիոյ Քիւրտիստան- Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, այս անգամ հանդէս պիտի գան անկախ ընտրացանկով, DEM-ի ղեկավարութեամբ, բայց ընտրաձայներու համաձայնական փոխանակումը կրնայ տեղի ունենալ նաեւ: Անշուշտ Էրտողան, որ պիտի մնայ նախագահ, պիտի փորձէ զանգուածային կեղծիքներով ձախողեցնել ընդդիմադիր ուժերու ծրագրերը, սակայն տնտեսական դժուարին կացութիւնը, ահաւոր սղաճը, քաղաքական ճնշումները յոգնեցուցած են Թուրքիոյ բնակչութեան բոլոր հատուածները, որոնք հիմնական փոփոխութիւններ կ՛ուզեն տեսնել:
Ռագըպ Զարաքօլու.- Թուրք հայասէր եւ մարդասէր նշանաւոր գործիչ, գրող, խմբագիր, այռմ որպէս վտարանդի կ’ապրի Շուէտի մէջ:
Ես կասկած չ’ունիմ թէ CHP-ն եւ քիւրտերը պիտի տիրանան քաղաքապետական ընտրութիւններու առաջարկուած աթոռներուն մեծ մասին, սակայն նաեւ վստահ եմ Էրտողան զանազան կեղծիքներով եւ դաւերով կրնայ այս ընտրութիւնները չեղեալ համարել կամ արգիլել..: Օրինակները անցեալէն շատ են, մինչ Սալահետտին Տեմիրթաշ իր նախկին HDP-ի Ազգային ժողովի պատգամաւորներով մինչեւ այսօր բանտարկուած է…: Այս բռնատիրական վարչակարգը մինչեւ այսօր իսկ կը փորձէ ընդդիմադիրներն ու ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան մարտիկները ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլեւ անոնց արտայանձնումը կը պահանջէ զիրենք քաղաքական ապաստան տուած երկիրներէն:
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ