Կիրակի, 31 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ՄԵՐ Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափաշ Ս. Յարութեան տօնին առիթով, մատուցուեցաւ Հայրապետական Ս. Եւ Անմահ Պատարագ, որուն ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը:
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:
Հաւատացեալներու կողքին Ս. Պատարագին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը եւ պետական, կուսակցական, միութենական ու համայնքային ներկայացուցիչներ:
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին որպէս բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի այն խօսքը, որ կþըսէ` «ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33): «Այո՛, Քրիստոս յաղթեց աշխարհին ո՛չ թէ սուրով, այլ` սիրով, ո՛չ թէ երկրաւոր իշխանութեամբ, այլ` երկնային ծառայութեամբ, ո՛չ թէ ուրիշներուն իրաւունքը գրաւելով, այլ` ուրիշներուն իրաւունքը պաշտպանելով: Քրիստոս յաղթեց աշխարհին խաչ բարձրանալով եւ խաչով յարութիւն կերտելով: Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի: Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի յաղթական յարութեան` դարերէն եկող ու դարերուն գացող»: Ապա Վեհափառ Հայրապետը խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին ըսաւ` «Քրիստոս իր խորհրդական մարմնին` եկեղեցւոյ ճամբով կը յիշեցնէ մեզի, թէ ինք իր յարութեամբ յաղթած էր չարին, մեղքին ու մահուան եւ` յարութիւն կերտած: Արդ, Քրիստոսի հետեւիլ կը նշանակէ Քրիստոսի յարութեամբ զօրացած պայքարիլ աշխարհի չարերուն ու մեղքերուն: Ա՛յս է յարութեան ճամբան` մահուան դիմաց կեանքի յաղթանակի ճամբան»:
Խօսելով մեր ժողովուրդի դիմագրաւած ներկայ տագնապներուն մասին` Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Նայեցէք մեր պատմութեան. մեր ողջ պատմութեան ընթացքին շրջապատուած եղած են ահաւոր տագնապներով, պատերազմներով, հալածանքներով, ցեղասպանութեամբ, արտագաղթով. սակայն կրցած ենք յարութեան հաւատքով զօրացած` դիմակալել այս ահաւոր տագնապները եւ վերականգնիլ, վերաշինել մեր հայրենիքը ու վերահաստատել մեր ազգին միասնականութիւնը: Հետեւաբար, ներկայ ժամանակներուն, մեզի պարտադրուած տագնապներուն դիմաց պէտք չէ ընկճուիլ, յուսահատիլ, այլ` յարութեամբ զինուած` պէտք է շարունակել մեր հաւատքի պայքարը` ի խնդիր մեր հաւաքական արժէքներու ու իտէալներու պաշտպանութեան»:
Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը յիշեցուց, որ «նման ճակատագրական պահերուն հայ եկեղեցին իր ժողովուրդին հետ եղած է` ինքզինք նոյնացնելով մեր ժողովուրդի տագնապներուն ու պայքարին հետ, իր հաւատքի առաքելութեան անբաժան մասը նկատելով հայրենիքի ու մեր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ մեր եկեղեցին միշտ պիտի մնայ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին կողքին»:
Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադառնալով Միջին Արեւելքի կացութեան` ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը միշտ եղած է պաղեստինցի ժողովուրդի արդար դատի կողքին` շեշտելով Կազայի պատերազմին շուտափոյթ դադրեցումը եւ պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն վերահաստատումը: Իսկ խօսելով Լիբանանի ներքին կացութեան` ան դարձեալ յիշեցուց, որ նախագահի ընտրութիւնը անյետաձգելի պահանջք է, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդի ընկերատնտեսական տագնապի լուծումը:
Յաւարտ Ս. Պատարագին, Հայրապետական թափօրը մեծաշուք հանդիսութեամբ ուղղուեցաւ Վեհարան, ուր բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթերգը: Ապա, Հայրապետը օրհնեց ներկայ հաւատացեալները` անգամ մը եւս աւետելով.- ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ. ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ:
Հուսկ, Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ Զատկական շնորհաւորութիւնները ընդունեց հոգեւոր պետերու, քաղաքական ու ազգային ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու կողմէ, ինչպէս նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովրդեան: