31 Մարտին` մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Հայրապետական Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Մայր Աթոռի բարերարներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ եւ ուխտաւոր հայորդիներ:
Մայր եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ ամպհովանիին ներքոյ ամփոփուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներուն առջեւ երկրպագութիւն կատարելէ յետոյ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, իր օրհնութիւնը բաշխելով ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին, եկեղեցականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի Սուրբ Խորան:
Վեհափառ Հայրապետին որպէս առընթերականեր կը սպասաւորէին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը եւ Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը:
Սուրբ Պատարագի ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը համայն հայութեան յղեց հայրապետական իր պատգամը` փոխանցելով «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» հրեշտակաբարբառ աւետիսը: